Նուաճելու համար աւստրալիահայոց սիրտերը

Մեծ հա­ճոյ­քով կ՚ու­զենք տե­ղեկաց­նել թէ Պոլ­սա­հայ հա­մակ­րե­լի երգչու­հի Սի­պիլը կը պատ­րաստո­ւի Հայ­կա­կան Բա­րեգոր­ծա­կան Ընդհա­նուր Միու­թեան (AGBU) հրա­ւէրով առա­ջին ան­գամ այ­ցե­լել Աւստրա­լիա։

Աւստրա­լիոյ հայ հա­մայնքը լսե­լով այս այ­ցե­լու­թեան մա­սին, յու­զա­կան ան­համբե­րու­թեամբ կը սպա­սէ հա­մեր­գի օրը։

Սի­պիլ Սիտ­նէ­յի եւ Մել­պըռնի մէջ պի­տի ու­նե­նայ եր­կու հա­մերգներ։ Անոնցմէ առա­ջինը պի­տի կա­յանայ 23 Մար­տին Սիտ­նէ­յի մէջ։ Այս հա­մեր­գին շնոր­հա­լի երգչու­հիին պի­տի ըն­կե­րանան «Թամ­զա­րա» պա­րախումբն ու երա­ժիշտներ, իսկ 7 Ապ­րի­լի Մել­պոռնի հա­մեր­գին մաս պի­տի կազ­մեն «Ազատ Ղա­րիպեան» պա­րախումբը, Ակի­նեան Վար­ժա­րանի ման­կանց երգչա­խումբն ու երա­ժիշտներ։

Սի­պիլը մօ­տաւո­րապէս ամիս մը պի­տի մէկ­տե­ղուի աւստրա­լիահայ հա­մայնքին հետ եւ պի­տի ու­նե­նայ զա­նազան շփումներ ու հան­դիպումներ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ