Արգելքներ ուսման ծրագրի միջամտութեամբ

Թուրքիոյ Կրթու­­թեան Նա­­խարար Եու­­սուֆ Թե­­քին ներ­­կայ կա­­ռավա­­րու­­թեան մէջ իր յե­­տադի­­մական ելոյթնե­­րով յա­­ճախա­­կի քննա­­դատո­­ւած անուն մըն է։

Ան կը քա­­ջալե­­րէ աղանդնե­­րու ներ­­թա­­­փան­­ցումը եւ մի­­ջամ­­տութիւ­­նը պե­­տական դպրոց­­նե­­­րուն։ Այսպէ­­սով նա­­խակրթա­­րանի տա­­րիքի տղոց աղան­­դա­­­ւոր­­նե­­­րու առաջ­­նորդու­­թեամբ մզկիթ­­ներ այ­­ցե­­­լելը եւ այնտեղ կրօ­­նական խրատ­­ներ լսե­­լը սո­­վորա­­կան երե­­ւոյթ դար­­ձած է։

Այժմ Եու­­սուֆ Թե­­քին ներ շրջա­­բերա­­կանով մը կ՚ու­­զէ մի­­ջամ­­տել յա­­տուկ վար­­ժա­­­րան­­նե­­­րու ուսման ծրագ­­րին։ Պաշ­­տօ­­­նաթեր­­թի մէջ հրա­­տարա­­կուած կա­­նոնագ­­րով մը նա­­խարա­­րու­­թիւնը կ՚ար­­գի­­­լէ յա­­տուկ դպրոց­­նե­­­րու մէջ Սուրբ Ծննդեան, Սուրբ Զատ­­կի նման հո­­գեւոր եւ «Վհուկնե­­րու տօն»ի նման աւան­­դա­­­կանա­­ցած օրե­­րու նշու­­մը։

ՏԵՄ կու­­սակցու­­թեան պատ­­գա­­­մաւոր Ճորճ Աս­­լան այս որո­­շու­­մին ակ­­նարկե­­լով Խորհրդա­­րանի ամ­­պիոնէն հար­­ցում ուղղեց Կրթու­­թեան եւ Ներ­­քին Գոր­­ծոց նա­­խարա­­րու­­թիւննե­­րուն, այս ար­­գելքնե­­րուն քրիս­­տո­­­նեայ կամ այլ դա­­ւանան­­քի աշա­­կերտնե­­րու հա­­մար գոր­­ծա­­­ծու­­թեան մա­­սին։

Այս առ­­թիւ մենք ալ նման հար­­ցումներ ուղղե­­ցինք հա­­մայնքա­­յին վար­­ժա­­­րան­­նե­­­րու հիմ­­նա­­­դիրի ներ­­կա­­­յացու­­ցիչնե­­րուն եւ տնօ­­րէն­­նե­­­րուն։ Անոնց հա­­ւաս­­տիացու­­մով նիւ­­թը կը վե­­րաբե­­րի թրքա­­կան դպրոց­­նե­­­րուն եւ մեր վար­­ժա­­­րան­­նե­­­րէ ներս խնդրոյ առար­­կայ չէ հայ­­կա­­­կան տօ­­ներու յի­­շատակ­­ման ար­­գի­­­լու­­մը։

Միւս կող­­մէ ու­­սուցիչ­­նե­­­րու «Էյի­­թիմ Սեն» արհմիու­­թեան կրթու­­թեան քար­­տուղար Էվ­­րիմ Կիւ­­լէզ ալ «Ակօս»ի հար­­ցումնե­­րուն պա­­տաս­­խա­­­նելով մտա­­հոգու­­թիւն յայտնեց այս որո­­շու­­մին գոր­­ծադրու­­թեան մա­­սին։

Կիւ­­լէ­­­զի հա­­մաձայն այս որո­­շու­­մին հիմք կը հան­­դի­­­սանայ 1739 հա­­մար կրթու­­թեան օրէն­­քի երկրորդ յօ­­դուա­­ծի մէջ նշո­­ւած «Թուրք ազ­­գա­­­յին կրթու­­թեան ընդհա­­նուր նպա­­տակ­­նե­­­րը» եւ «Թուրք ազ­­գա­­­յին կրթու­­թեան հիմ­­նա­­­կան սկզբունքնե­­րը» խո­­րագ­­րեալ յօ­­դուած­­նե­­­րը։ «Նկա­­տի ու­­նե­­­նալով որ դպրոց­­նե­­­րու մէջ տար­­բեր հա­­ւատքնե­­րու դա­­ւանող աշա­­կերտներ կան, այս կար­­գադրու­­թիւնը կրնայ խտրա­­կանու­­թեան պատ­­ճառ դառ­­նալ» ըսաւ Էվ­­րիմ Կիւլէզ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ