Պետական պիւտճէէն անբաւարար յատկացում

Հրանդ Տին­քի խմբագ­րա­պետու­թեան շրջա­նէն այս կողմ շա­րու­նա­կուող ար­դար պա­հանջ մըն է փոք­րա­մաս­նութիւննե­րու պատ­կա­նող թեր­թե­րու պե­տական Մա­մու­լի ծա­նու­ցումի խոր­հուրդէն պե­տական ծա­նու­ցումնե­րու եւ գո­վազդնե­րու հա­մար բա­ժին ստա­նալը։

Եր­կար տա­րիներ յա­մառ ան­տե­սու­մէ ետք պե­տական այս հաս­տա­տու­թիւնը վեր­ջա­պէս լսեց սոյն պա­հան­ջը եւ փո­խանակ ծա­նու­ցում եւ գո­վազդ տա­լու, նա­խընտրեց որոշ ամ­բողջա­կան գու­մար մը յատ­կացնել հա­յոց «Մար­մա­րա», «Ժա­մանակ», «Ակօս» եւ «Փա­րոս», յու­նա­րէն «Ափո­յեւ­մա­թինի» եւ «Իխօ», իսկ հրէից «Շա­լոմ» թեր­թե­րուն։

Նա­խապէս տա­րեկան հեր­թա­կանու­թեամբ փո­խան­ցո­ւող այդ գու­մա­րը զանց առ­նո­ւած էր 2022 եւ 2023 թո­ւական­նե­րուն։

Խոր­հուրդի վեր­ջին ժո­ղովի ըն­թացքին որո­շում կա­յացո­ւեցաւ 2024 տա­րեթի­ւի հա­մար 300 հա­զար ԹԼ տրա­մադ­րել սոյն պար­բե­րական­նե­րուն։

Խոր­հուրդը այս որո­շու­մի հա­մար չա­փանիշ կը հա­մարէ Լո­զանի Դաշ­նագրի մէջ նշո­ւած փոք­րա­մաս­նութիւննե­րու Պոլ­սոյ մէջ հրա­տարա­կած թեր­թե­րը։

Նշենք որ պատ­մա­կան սխալ ըն­կա­լում մըն է երկրի փոք­րա­մաս­նութիւննե­րը միայն հայ, յոյն եւ հրեայ ըլ­լա­լով սահ­մա­նելը, քա­նի որ Լո­զանի Դաշ­նագրի մէջ ազ­գա­յին շեշ­տադրու­թիւն մը չէ նշո­ւած։ Այնտեղ շեշ­տադրու­մը կը կա­յանայ «ոչ մահ­մե­տական» եզ­րի շուրջ։ Այդ ըն­կա­լու­մով ասո­րինե­րու «Սապ­րօ» թեր­թը եւս մաս պէտք է կազ­մէ փոք­րա­մաս­նութիւննե­րու մա­մու­լին, բայց ան­հասկնա­լի կեր­պով այս վեր­ջի­նը զանց կ՚առ­նո­ւի պաշ­տօ­նական գետ­նի վրայ։

Գա­լով տրա­մադ­րո­ւած գու­մա­րին, ի դէմ ահ­ռե­լի սղա­ճի ան նոյ­նը կը մնայ 2021 թո­ւին տրա­մադ­րո­ւած գու­մա­րին հետ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ