Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 19 Մարտ 2024, Երեքշաբթի առաւօտ, Գուրուչէշմէի Երեւման Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Արեւագալի ժամերգութեան։
Ներկայ էին Եկեղեցւոյ քարոզիչ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեան, Արժ. Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան, Բրշ. Արմենակ Սրկ. Գազանճեան, ինչպէս նաեւ Լեւոն Քուզիքօղլուի գլխաւորութեամբ Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի անդամները: Երգեցողութիւնները կատարեցին ուխտաւոր դպիրներ։
Յաւարտ Արեւագալի ժամերգութեան, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը քարոզեց եւ յիշեցուց թէ մեր կեանքը եւ յատկապէս Մեծ Պահոց շրջանի մեր կատարած ամէն ինչը ուղեւորութիւն մըն է դէպի Աստուած։
Ապա Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. մկրտութեան աւազանէն վերաբերեց Սրբալոյս Միւռոնի Աղաւնին եւ մեր Հոգեւոր Պետը օծեց եկեղեցւոյ նորոգուած Տիրամայրն ու Յիսուս մանուկի եւ խաչելութեան սրբանկարները։
Հիւանդներու բժշկութեան համար կատարուեցաւ նաեւ խաչահանգիստ։
Եկեղեցական արարողութեանց աւարտին Կոմիտաս սրահին մէջ պահքի սեղան սարքուեցաւ, նախագահութեամբ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր։
Այստեղ Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդը երկու անակնկալներով հանդէս եկաւ. Առաջին անակնկալը եղաւ տարեդարձի կարկանդակ մը, նկատի ունենալով, որ երկու օր առաջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ծննդեան տարեդարձն էր։
Երկրորդ անակնկալը եղաւ ուրիշ կարկանդակ մը. քանի վերջերս եկեղեցւոյ քարոզիչ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ., Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր օրհնութեամբ եւ Ամենայն Հայոց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառ Կաթողիկոսի հրամանաւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ պաշտպանած էր իր վարդապետական աւարտաճառը եւ Օշականի Ս. Մեսրոպ Մաշտոց Եկեղեցւոյ մէջ ստացած էր մասնաւոր Վարդապետական չորս աստիճանները։ Նորին Ամենապատուութեան Գուրուչէշմէ այցելութեան այս առիթով փափաքած էին շնորհաւորել Հայր Սուրբը։
Նորին Ամենապատուութիւնը նախ շնորհակալութիւն յայտնեց, որ յիշուած է իր ծննդեան տարեդարձը։ Ապա ան գնահատեց բոլոր անոնք որոնք այս եկեղեցւոյ հովանիին տակ իրենց ծառայութիւնը կը բերեն. Թաղային Խորհուրդը, Կոմիտաս Դպրաց Դաս Երգչախումբը, Տիկնանց Կազմը, որ այս գեղեցիկ սեղանը պատրաստեց։
Մեր Հոգեւոր Պետը յիշեցուց նաեւ, որ վարդապետական գաւազանի տուուչութենէն անմիջապէս ետք, Մայր Աթոռի մէջ Ամենայն Հայոց Հայրապետը Հայր Սուրբին նուիրած էր ականակուռ լանջախաչ մը, նոյն առթիւ ինք եւս նուիրեց իր իսկ վարդապետական լանջախաչը եւ Հայր Սուրբին մաղթեց, որ գաւազանը ծաղկած մնայ եւ ինք նոյն կորովով շարունակէ ծառայել մեր Ս. Եկեղեցւոյ:
Գուրուչէշմէի Թաղային Խորհուրդի անդամները եւս գեղեցիկ յուշանուէր մը յանձնեցին Հայր Սուրբին եւ ըսին թէ ինք կարճ ժամանակ առաջ նշանակուեցաւ եւ կը ծառայէ այս գողտրիկ եկեղեցւոյ մէջ թէ՛ արարողութիւններով եւ թէ քարոզխօսութեամբ։ Ատենապետ Լեւոն Քուզիքօղլու իր եւ ընկերներուն ու համայն Գուրուչէշմէի Եկեղեցւոյ ընտանիքի անունով շնորհաւորեց եւ նորանոր նուաճումներ մաղթեց իրեն։
Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. հանդէս եկաւ շնորհակալութեան խօսքով եւ ըսաւ թէ շնորհակալ է բոլորին, անհատներու եւ եկեղեցիներու, որոնք իր ողջ կեանքի ընթացքին իրենց ներդրումը ունեցած են իր կազմաւորման մէջ։ Յիշեց իր հայրն ու մայրը, այն երանաշնորհ պատրիարքները, որոնց շրջանին ծառայած է, շնորհակալութիւն յայտնեց Նորին Ամենապատուութեան եւ բոլորին՝ անխտիր։
Սիրոյ սեղանը իր աւարտին հասաւ Նորին Ամենապատուութեան արտասանած աղօթքով։