ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ
norayrdaduryan@gmail.com
23 Մարտ 2024, Շաբաթ օր Փասատենա քաղաքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Փեթակ շաբաթօրեայ վարժարանը մեծ ցնծութեամբ տօնեց Յարութեան տօնը։ Այդ օր դպրոցի սաներու, ծնողներու, եւ հիւրերու մեծ բազմութիւնը աղօթքով, երգով, խաղով ու պարով դիմաւորեցին Ս. Զատիկը։
Փեթակ դպրոցի մէջ Ս. Յարութեան տօնը նշելու պատրաստութիւնները սկսան 40 օր առաջ՝ Բարեկենդանի շաբաթը։ Դպրոցի սանիկները նախ սորվեցան, թէ ի՛նչ պիտի տօնեն, եւ ստացան իրենց տարիքի համապատասխան, պարզունակ հոգեւոր դաստիարակութիւն։ Այդ ժամանակաշրջանին աշակերտները սերտեցին նաեւ Ս. Յարութեան պատշաճ հոգեւոր երգեր, ինչպէս՝ «Սուրբ Աստուած»ի Յարութեան տարբերակը։ Աշակերտները նաեւ սորվեցան գարնան եւ Զատկուան նուիրուած մանկական, աշխարհիկ երգեր։ Իսկ դպրոցի երկու օգնական պատանուհիները սերտեցին Զղջումի (խոստովանանք) աշխարհաբար հայերէն լիակատար ընթերցանութիւնը։
Տօնակատարութեան հոգեւոր բաժինը տեղի ունեցաւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ։ Աշակերտները վառեցին մոմեր, բեմի վրայ ոգեւորութեամբ երգեցին իրենց պատրաստած հոգեւոր երգերը, ապա ամբողջ սրահը միաբերան երգեց Տէրունական աղօթքը։ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Սարգիս աւագ քահանայ Փեթոյեանը տուաւ իր աւանդական պատկերաւոր, դիւրըմբռնելի պատգամը։ Ան աշակերտներուն բացատրեց, թէ եթէ մէկը ստացեր է ապրանք կամ ծառայութիւն, պէտք է որ փոխհատուցէ զայն։ Հետեւաբար, պէտք չէ ուրիշին պարտական մնալ։ Նոյնպէս, ըսաւ տէր Փեթոյեանը, մենք կեանք ստացեր ենք հայր Աստուծմէ, ապա հարցուց. ինչպէ՞ս փոխհատուցել այս պարգեւը։ Աշակերտները պատասխանեցին, որ պէտք է ապրիլ Քրիստոսի հետ եւ հաւատարիմ մնալ անոր պատուիրաններուն։ Ապա, դպրոցի կամաւոր օժանդակուհիներ Էլէն Վարդանեանը եւ Տերեւ Տատուրեանը ընթերցեցին Զղջումի աշխարհաբար լիակատար գրուածքը, որմէ յետոյ բոլոր աշակերտները եւ ներկաները ստացան սուրբ Հաղորդութիւնը։ Այդ միջոցին, դպրոցի ուսուցչուհի՝ հոգեւոր երգերու կատարող Ազնիւ Սէրայտարեանը մեներգեց Գովեա՛ Երուսաղէմը եւ այլ շարականներ։
Օրուան աշխարհիկ բաժինը տեղի ունեցաւ եկեղեցապատկան համալիրի Տունայեանց սրահի մէջ։ Մանկապարտէզի սանիկները իրենց ուսուցչուհի Անի Մարսէլեանի առաջնորդութեամբ երգեցին գարնան եւ Զատկուան նուիրուած մանկական զուարթ երգեր եւ արտասանեցին ոտանաւորներ։ Ապա, ոստոստելով եւ պարելով սրահ մտաւ գարնան ջերմ օրերը աւետող «նապաստակ քոյրիկը»՝ բոլորին ծիծաղեցնելով եւ զարմանք պատճառելով։ Այս համակրելի հիւրը աշակերտներուն բաժնեց գոյնզգոյն հաւկիթներ, պարեց անոնց հետ եւ հրաւիրեց որ անոնք իր գիրկը նստած լուսանկարուին։
Յայտագիրը աւարտեցաւ ընտանեկան սիրալիր զրոյցներով, որ տեղի կ’ունենար ծնողներու կողմէ նուիրաբերուած ախորժաբեր սեղանի շուրջ։
Փեթակ դպրոցի աշակերտները այժմ կը պատրաստուին Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման, Համբարձման տօնին եւ տարեվերջի հանդէսին։
Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Փեթակ շաբաթօրեայ դպրոցը 4-14 տարեկան հայորդիներուն կու տայ հայեցի դաստիարակութիւն, թէ՚ կը սորուեցնէ հայոց լեզուն եւ թէ՝ ազգային եւ հոգեւոր ձեռնարկներու միջոցով կը կերտէ հայկական ինքնութիւն։ Դպրոցի արձանագրութիւնը միշտ բաց է։ Պատգամ ձգել՝ 1626 660 9443, գրել՝ stgregorysaturdayschool@gmail.com։