Աւարտեցաւ եօթը շաբաթներ տեւող Մեծ Պահքի շրջանը եւ Աւագ Շաբթուայ խորհրդաւոր օրերէ ետք Պոլսոյ բոլոր եկեղեցիներու մէջ տօնական մթնոլորտով յիշատակուեցաւ Յիսուս Քրիստոսի յարութեան խորհուրդը։
Բացի Սրբազան Պատրիարքի նախագահած Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ արարողութիւններէն, Պոլսոյ զանազան թաղերու մէջ կատարուեցաւ Ս. Պատարագ ժողովուրդի խուռներամ բազմութեան մասնակցութեամբ։
Նոյն օրուան կը զուգադիպէր երկրի տարածքին կայացող շրջանային վարչութիւններու ընտրութիւնները։ Սակայն այս մէկը արգելք չեղաւ եկեղեցիներու հոծ բազմութիւններով լեցուելուն։ Գարնան պայծառ եղանակն ալ Ս. Զատկի տօնակատարութիւնը ալ աւելի հրճուալի դարձուաց մանաւանդ արուարձաններու եկեղեցիներ փութացողներուն համար։ Այդ եկեղեցիները սովորաբար նօսրացած բնակչութեամբ ամէն կիրակի չէ որ կ՚ապրին նման ոգեւորութիւն։ Բայց այս անգամ, յատկապէս ալ բազմանդամ թաղերու խուճապէն ձանձրացողներ կը նախընտրեն Վոսփորի ափին գտնուող այս տաճարները աւելի հարազատօրէն ըմբոշխնելու համար Ս. Պատարագը։
Պատրիարքարանն ալ ընտրութիւններու զուգադիպելու պատճառաւ նախընտրեց Պատրիարքարանէ ներս կայացող Ս. Զատկի շնորհաւորութիւնները յետաձգել յաջորդ օրուայ, որպէսզի քաղաքացիներ առիթ ունենան ընտրութիւններու մասնակցելով իրենց քաղաքացիական պարտականութիւնը կատարելու։