ԱՐԱՄ ՔԵՐՈՎԲԵԱՆ*
Այսպէս սորվեցուցած էին մեզի։ Բայց կան մարդիկ, որոնց «ետեւէն» ըսելիք շատ բան կայ, եւ պէ՛տք է ըսել։ Երաժշտապետ Նշան Չալկըճեանը այդ տեսակ անձերէն էր։
Պատահաբար Պոլիս կը գտնուէի իր յուղարկաւորութեան օրը։ Պատրիարք Հօր, Արամ արք.ի եւ քահանաներու ներկայութիւնը, Յարութիւն վարդապետի դամբանականը, գրեթէ ազգային յուղարկաւորութեան վերածեցին արարողութիւնը։ Բայց եւ այնպէս, ո՛րքան կ՚ուզէի դագաղին շուրջ տեսնել՝ իր աշակերտներէն եւ բարեկամներէն զատ, գոնէ քանի մը երաժշտապետ ալ, զինք յուղարկաւորելու համար նո՛յն աւանդական երգեցողութեամբ, որ պիտի ըլլար ոչ միայն դպրաց դասերու յարգանքի տուրքը, այլ նաեւ ցոյց պիտի տար թէ պիտի շարունակուի իր աւանդը։ Յարգանքի տուրքը եկաւ բազմաձայն երգչախումբի նրբին երգեցողութենէն։ Իսկ գերեզմանին շուրջ կատարուած մտերմիկ երգեցողութիւնը քիչ մը սփոփեց սիրտս. դեռ կարելի էր դպրաց դաս ապրեցնել, հետեւաբար՝ երաժշտապետ պատրաստել։
Ի պատիւ իրեն, իր վաստակին պատրաստուող գրքոյկին համար ասկէ ճի՛շդ ութ տարի առաջ ըսելիքս ըսած էի արդէն։ Վերադարձայ այդ գրութեան. թէ՛ ժամանակավրէպ էր ան, եւ թէ ունէր յոյսի նշոյլ մը որ չէ շիջանած տակաւին։
Ուզենք չուզենք պէտք է ընդունինք, թէ Նշան աղբարիկը վերջինն էր այն աւանդական երաժշտապետերուն, որոնք չտարուեցած արդի եւ ժամանակակից հոսանքներէն, մնացին ձայնեղանակներու աշխարհին մէջ, ամբողջ կեանք մը ապրեցան անոր հրապոյրը, եւ ջա