Խորհրդարանի աշխատանքային տարեշրջանի արձակուրդի ընդառաջ կառավարութիւնը թափ տուած է նոր օրէնքներու նախագիծերու վաւերացման գործընթացին։
Բաւականին վիճայարոյց այս նոր յօդուածներու մէջ բուռն հակազդեցութեան արժանացողներէն մէկն է անտէր ընտանի անասուններու ողջակիզումը։
Նախագծի համաձայն փողոցի անտէր շուներն ու կատուները հաւաքել եւ սպաննել։ Իշխանութեան շրջանակները այս նախագիծը մատչելի դարձնելու համար կը դիմեն բառային խաբկանքներու։
Նոյնիսկ կը յանդգնին պնդել թէ նախագիծը «էօթէնազի»ի իրաւունք կը շնորհէ անասուններուն։
Նշենք որ Թուրքիոյ մէջ հասարակութեան կարեւոր մէկ մասը գերզգայուն է այս խնդրի դէմ եւ անոնք կը խոստանան ամէն գնով պաշտպանել անասուններու կեանքի յարատեւութեան իրաւունքը։
Խնդիրը ունի բաւականին երկար անցեալ։ Իսկապէս ալ Պոլսոյ քաղաքները լեցուն են անտէր անասուններով։ Կարգ մը թաղերու մէջ անոնք կ՚արժանանան թաղեցիներու խնամքին եւ կը կերակրուին փողոցի վրայ։ Իսկ կարգ մը շրջանակներ մանաւանդ, պահպանողական կեցուածքով յայտնի թաղերէ ներս ալ այդ անասունները կ՚արժանանան մարդկանց հալածանքներուն։ Բացայայտ իրողութիւն է, որ քաղաքապետարանները եւ շրջանային վարչութիւններն ալ կը թերանան այս նիւթի շուրջ իրենց վիճակած պատասխանատուութիւնը գործադրելու։
Արդէն գործող կանոնագրի համաձայն քաղաքապետարաններէն կը պահանջուի անտէր անասունները պատուաստել, ծնելիութիւնը արգիլել եւ իր բնակած թաղին մէջ գոյութիւնը շարունակելու առիթ ընձեռել։
Սակայն բազում կառոյցներ կը խուսափին այդ ծառայութիւններուն պահանջած գումարները յատկացնելէ։
Միւս կողմէ իշխանամէտ մամուլը յաճախ կը գրգռէ նիւթը, լուրեր տարածելով անասուններու կողմէ խոշտանգուած քաղաքացիներու, յատկապէս ալ երախաներու մասին։
Վերջապէս նիւթը բեւեռացուելու հակում ունեցող հասարակութեան մէջ նոր ճակատ մը կը գոյացնէ բարեգութներու եւ անգութներու միջեւ։ Իշխանութիւնը մանաւանդ Նախագահ Էրտողանի խօսքերով վճռակամ է ընտանի անասուններու ողջակիզման համար։ Նոյնքան վճռակամ կ՚երեւին անասուններու իրաւունքները պաշտպանողները։
Հաւանական է նաեւ թէ այս հակազդեցութեան դէմ իշխանութիւնը ետքայլ ընէ եւ նախագծի քննարկումը յետաձգէ յաջորդ նստաշրջանին։