Սուրբ Խաչ Դպրեվանքի Սանուց Միութիւնը խիստ գնահատելի աշխուժութիւնով թափ տուած է միութենական աշխատութիւններու։ Ծանօթ իրողութիւն է, որ սանուց միութիւնները հետզհետէ նահանջած են իրենց ստանձնած առաքելութիւններուն մէջ։
Համայնքի ընկերային կեանքի մէջ գոյացաւ այնպիսի ընկալումներ, որոնք միութենական աշխատութիւնները կարծես ձեւով մը արհամարհեցին, ուրացան անոնց իսկական արժէքը։ Ամէն ինչ միայն ու միայն դրամի ուժով չափող հասկացողութեան մը բնական հետեւանքն էր այս։ Անցեալին միութիւններու վարչութեանց մէջ ունեցած ենք այնպիսի հեղինակաւոր անձեր որոք իրենց կարգին կ՚արհամարհէին թաղական խորհուրդներու աշխատանքը։
Այս հակասական երեւոյթներու մէջ ուրախութիւն է տեսնել թէ Դպրեվանքի սանուց միութիւնը մեծ գիտակցութիւնով լծուած է միութեան առաքելութեան պատշաճող ծրագիրներուն։ Անոնք նախ դպրոցի երդիքին տակ մէկտեղեցին հին եւ նոր շրջանաւարտները, անոնց պարգեւելով այս եզակի կրթօճախի աւանդական ապրումները։ Արդարեւ շրջանաւարտներն ալ մեծ եռանդով ընդառաջեցին իրենց ուղղուած հրաւէրին եւ մասնիկը դարձան մեծ ընտանիքի մը սաները ըլլալու յատուկ տրամադրութեան։
Մանաւանդ գիշերօթիկ վարժարաններու մէջ բազում են դպրոցական յիշատակները, որոնք տարիներու ընթացքին ինքնաբերաբար կը մատնուին որոշ մոռացումի։ Երբեմնի ընկերները, որոնք կը կարծէին թէ կեանքի պայմանները որքան ալ փոխուին, իրենց ընկերական հարազատութիւնը յարատեւ պիտի մնայ, զարմանքով տեսան թէ կեանքը ունի իր դառն պարտադրանքները եւ երբեմնի ընկերները հետզհետէ ստիպուած են նոր մարտահրաւէրներ գրաւելու։
Ահա կեանքի այդ պարտադրանքի հետեւանքով ընկերական միջավայրէն հեռու մնացածներու համար հրաշալի առիթ մըն էին սանուց միութեան կազմակերպած այդ հանդիպումները։
Դպրեվանքի Սանուց Միութիւնը այժմ կը պատրաստուի աւելի ծաւալուն յայտագիրով մը, մէկտեղել իր սաները։ Անոնք վարժարանի վերահիմնադրման ծիրէն ներս ծրագրած են երկու հանգրուանով միջոցառումներ, որ ընդհանուր անուանումով մը կոչուած է՝ «Դպրեվանքի Շաբաթ»։
Այսպէս Մայիսի 16, 17 եւ 18-ին Ֆրանսա, 22, 23, 24 եւ 25 Մայիսին ալ Թուրքիոյ մէջ կայանալիք միջոցառումներ։
Թուրքիոյ միջոցառումներու մեկնակէտը կը հանդիսանայ Դպրեվանքի հիմնաքարը համարուող Արմաշի ուխտագնացութիւնը։ Այս ուխտագնացութեան ընթացքին «Ակօս»ի աշխատակից Զաքարիա Միլտանօղլու պիտի ստանձնէ խումբը առաջնորդելու եւ պատմական տեղեկութիւններ փոխանցելու պաշտօնը։ 23 Մայիսի համար նախատեսուած էր դպրոցի այցելութիւն։ Այդ այցելութեան ընթացքին կը նախատեսուի դասարաններու մէջ շրջանաւարտներու եւ ներկայ ուսանողներու հանդիպումը եւ յիշատակներու փոխանցում։ Շաբաթ օր նոյն ծրագիրը պիտի կրկնուի եւ օրուայ աւարտին նախկին շրջանաւարտներէ ցանկացողներ պիտի գիշերեն դպրոցի ննջարանը։ Յաջորդ օր դպրոցի մէջ նախաճաշելէ վերջ այցելութիւն պիտի տրուի Շիշլիի Գերեզմանատունը, ուր կը հանգչին Դպրեվանքի հիմնադիր Գարեգին Արք. Խաչատուրեան եւ անոր յաջորդող Շնորհք Արք. Գալուստեան Պատրիարքները։
Ապա Սուրբ Խաչ Եկեղեցւոյ մէջ պիտի կայանայ Հոգեհանգստեան Ս. Պատարագ, այս կարեւոր կրթօճախի վախճանեալ հիմնադիրի, ուսուցիչներու եւ աշակերտներու հոգւոյն խաղաղութեան համար։
Միջոցառումները պիտի աւարտին յատուկ խորհրդանշաններու բաշխումով։
Ինչպէս վերեւ ալ նշած ենք, երբեմնի պատանի ընկերներ այս անգամ իրենց ընտանիքներով կրկին պիտի մէկտեղուին պատանեկան տարիներու հիւրընկալ երդիքին տակ, որ առյաւէտ խորհրդանշական հետքեր թողած է անոնց կեանքին մէջ։