Զեկոյց

Պատրիար­քա­կան Աթոռս անհրա­ժեշտ նկա­տած է հան­դէս գալ սոյն յայ­տա­րարու­թեամբ՝ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թեան Մե­ծայարգ Վար­չա­պետ Նի­կոլ Փա­շինեանի Իս­թանպուլ վեր­ջին այ­ցե­լու­թեան զու­գա­հեռ ստեղ­ծո­ւած ար­ձա­գանգնե­րու պայ­մաննե­րուն ներ­քեւ։

Իրա­կանու­թեան մէջ, դժո­ւար է հասկնալ այժմ շրջա­նառու­թեան մէջ մտած շարք մը պնդումներն ու վե­րագ­րումնե­րը։ Ար­դա­րեւ, կարգ մը շրջա­նակ­ներ կը յա­մառին չհասկնալ՝ մեր կող­մէ ազատ կամ­քով դրսե­ւորո­ւած պարզ ու հիմ­նա­կան հա­կազ­դե­ցու­թիւնը, որուն պատ­ճառնե­րը բա­ցայայտ են բո­լոր անոնց հա­մար, որոնք ըն­թա­ցիկ օրա­կար­գին կը հե­տեւին։ Անոնց որ­դեգրած յա­մառ կե­ցուած­քը կը ձգտի ար­հեստա­կան բա­նավէճ մը հրահ­րել՝ մա­նաւանդ ըն­կե­րային ցան­ցե­րու վրայ խնդիր­նե­րու աղա­ւաղեալ մա­տուցմամբ։

Աշ­խարհաս­փիւռ հայ ժո­ղովուրդին մե­ծամաս­նութիւ­նը կը պատ­կա­նի Հա­յաս­տա­նեայց Առա­քելա­կան Սուրբ Եկե­ղեց­ւոյ հօ­տին։ Լու­սա­ւոր­չա­հաս­տատ մեր Մայր Եկե­ղեցին ու­նի պատ­մա­կան եւ մշա­կու­թա­յին խոր ար­մատներ։ Հա­յոց եկե­ղեցին, կրօ­նական հաս­տա­տու­թիւն մը ըլ­լա­լու առըն­թեր, կա­րեւոր դեր ստանձնած է հա­յեցի ինքնու­թեան կազ­մա­ւոր­ման եւ յա­րատե­ւու­թեան հա­մար։

Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թեան Մե­ծայարգ Վար­չա­պետ Նի­կոլ Փա­շինեան վեր­ջին շրջա­նին մեր Սուրբ Եկե­ղեց­ւոյ դէմ կ՚ու­նե­նայ ելոյթներ, որոնց մէջ կը նա­խընտրէ օգ­տա­գոր­ծել հայ­հո­յախառն լե­զու մը եւ գրգրիչ ոճ մը։ Աւե­լի՛ն, ազ­գիս Վե­հափառ Հայ­րա­պետին՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գա­րեգին Բ. Ամե­նայն Հա­յոց Կա­թողի­կոսին հաս­ցէագ­րո­ւած պար­սա­ւանքնե­րը կը թի­րախա­ւորեն թէ՛ Հա­յաս­տա­նեայց Առա­քելա­կան Եկե­ղեցին եւ թէ՛ մեր հա­ւատա­ցեալ ժո­ղովուրդի խիղ­ճը, պատ­մա­կան սրբու­թիւննե­րը, ինչ որ խո­րապէս կը վի­րաւո­րէ մեր եկե­ղեց­ւոյ աշ­խարհաս­փիւռ զա­ւակ­նե­րը, որոնք մկրտո­ւած են նոյն աւա­զանէն, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջ­միած­նէն բաշ­խո­ւած Սրբա­լոյս Միւ­ռո­նով։

Եկե­ղեցին՝ որ­պէս հաս­տա­տու­թիւն կշտամ­բե­լու ուղղեալ ար­շա­ւը անդրան­ցած է քա­ղաքա­կան եւ իրա­ւական բա­նավէ­ճի սահ­մաննե­րը, իսկ ըն­կե­րու­թեան ար­ժէքնե­րու, պատ­մա­կան յի­շողու­թեան եւ կրօ­նական կա­ռոյցնե­րու հետ բա­խումի վի­ճակ յա­ռաջաց­նե­լը անըն­դունե­լի է։ Մեր Սուրբ Եկե­ղեցին խոր ար­մատնե­րով կրօ­նական հաս­տա­տու­թիւն մըն է։ Անոր դէմ սպառ­նա­կան ար­տա­յայ­տութիւննե­րը քա­ղաքա­կան նպա­տակ­նե­րու ծա­ռայեց­նե­լու փոր­ձե­րը կրնայ հան­րա­յին կար­ծի­քի մօտ խոր պա­ռակ­տում մը յա­ռաջաց­նել, նաեւ վնա­սել ըն­կե­րային հա­մերաշ­խութիւ­նը։ Բա­ցայայտ է, որ նման բե­ւեռա­ցումնե­րու յղի ար­տա­յայ­տութիւննե­րը օգուտ չեն բե­րեր առա­ջին հեր­թին Վսե­մաշուք Պա­րոն Վար­չա­պետին՝ մա­նաւանդ, երբ Կով­կա­սի տա­րածաշրջա­նը կ՚եռե­ւեփի։

Այս ծի­րէն ներս Պատ­րիար­քա­կան Աթոռս յար­մար դա­տած է իր ար­դար հա­կազ­դե­ցու­թիւնը ցոյց տալ Մե­ծայարգ Պա­րոն Վար­չա­պետին եւ ցո­լաց­նել, թէ առ­կայ ձգտեալ վի­ճակը ո՛չ միայն Հա­յաս­տա­նի, այ­լեւ սփիւռքի մէջ եւս յա­ռաջա­ցու­ցած է բա­ցասա­կան մթնո­լորտ եւ դժգո­հու­թեան հո­սանք։ Այ­լա­պէս, ինչպէս ան­ցեալ շուրջ 35 տա­րինե­րուն, այ­սօր ալ Պատ­րիար­քա­կան Աթոռս բո­լորա­նուէր ձե­ւով կը խրա­խու­սէ Թուրքaիա-Հա­յաս­տան յա­րաբե­րու­թիւննե­րու բնա­կանո­նաց­ման գոր­ծընթա­ցը ու մշտա­պէս կ՚աղօ­թէ, որ­պէսզի Բարձրեալն Աս­տո­ւած յա­ջողու­թիւն պար­գե­ւէ բա­րիդ­րա­ցիու­թեան ուղղեալ այդ ջան­քե­րուն։ Մնա­ցեալ պնդումնե­րը, որոնք թիւր տպա­ւորու­թիւն ստեղ­ծե­լու հե­տամուտ են, միան­շա­նակ դա­տապար­տե­լի կը հա­մարո­ւին մեր հա­մայնքի դրա­կան սպա­սումնե­րուն, յու­սադրո­ւած տրա­մադ­րութիւննե­րուն, նաեւ պա­տաս­խա­նատո­ւու­թիւննե­րուն ու շա­հերուն տե­սակէ­տէ։

Կը յու­սանք, թէ մե­րազն հա­ւատա­ցեալ ժո­ղովուրդը ճիշդ կ՚ըն­կա­լէ Պատ­րիար­քա­կան Աթո­ռիս սոյն ար­ժա­նապա­տիւ եւ շի­նիչ կե­ցուած­քը՝ ի պաշտպա­նու­թիւն Հա­յաս­տա­նեայց Առա­քելա­կան Սուրբ Եկե­ղեց­ւոյ պատ­մա­կան առա­քելու­թեան եւ մեր նո­ւիրա­կան, բա­րոյա­կան ար­ժէքնե­րուն։ Այդ կե­ցուած­քին պար­փա­կած պատ­գա­մը ու­ղիղ հա­մեմա­տու­թեան մէջ է մեր հո­գեւո­րակա­նաց դա­սու ան­դամնե­րու սքե­մի նկատ­մամբ հա­ւատար­մութեան եւ հնա­զան­դութեան ուխտին հետ։ Չմոռ­նալ, որ մեր հո­գեւո­րակա­նաց դա­սու իւ­րա­քան­չիւր ան­դա­մը օծո­ւած է՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջ­միած­նէն բաշ­խո­ւած Սրբա­լոյս Միւ­ռո­նով։

Մեր աղօթքն ու մաղ­թանքն է, որ այս ձգտեալ կա­ցու­թիւնը ժամ առաջ վերջ գտնէ եւ Ամե­նակալ Տի­րոջ կամ­քով վե­րահաս­տա­տուին խա­ղաղու­թիւնն ու հա­մերաշ­խութիւ­նը։ Այդ պա­րագա­յին ո՛չ միայն Պատ­րիար­քա­կան Աթո­ռոյս, այ­լեւ Հա­յաս­տա­նեայց Առա­քելա­կան Սուրբ Եկե­ղեց­ւոյ աշ­խարհաս­փիւռ զա­ւակ­նե­րու սրտի դռնե­րը յար­գանքով եւ սի­րով կը բա­ցուին Մե­ծայարգ Վար­չա­պետին առ­ջեւ։

ՊԱՏ­ՐԻԱՐ­ՔՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՈՑ

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ