Լռութիւնը

ՀՄԱՅԱԿ (ՀԱՄՕ) ՍԱՐԵԱՆ

Ժողովուրդի ընտրեալ ներկայացուցիչ մը կը ժամանէ՝ իսկ հոգեւոր ղեկավարը կը մնայ լուռ. անտարբերութիւն, թէ խոր ռազմավարութիւն։

2025 թո­ւակա­նի Յու­նի­սի 20-ին, Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թեան վար­չա­պետ Նի­կոլ Փա­շինեան պաշ­տօ­նական այ­ցե­լու­թեամբ կը ժա­մանէ Թուրքիա՝ Նա­խագահ Ռե­ճեփ Թա­յիփ Էր­տո­ղանի հրա­ւէրով։ Այ­ցը դի­ւանա­գիտա­կան եւ քա­ղաքա­կան մեծ քայլ մըն էր՝ եր­կու պե­տու­թիւննե­րու յա­րաբե­րու­թիւննե­րու ձե­ւաւոր­ման առու­մով։

Բայց այ­ցին շուրջ ստեղ­ծո­ւած խորհրդա­ւոր մթնո­լոր­տին մէջ կար մէկ տարր, որ չվրի­պեցաւ ոչ մէկ զգա­յուն աչ­քէն. Պոլ­սոյ Հա­յոց Պատ­րիար­քութիւ­նը՝ իբ­րեւ հա­մայնքի հո­գեւոր եւ պատ­մա­կան առաջ­նորդու­թիւն, ո՛չ ըն­դունեց, ո՛չ ող­ջունեց, ո՛չ ալ պարզ մեկ­նա­բանու­թիւն մը տո­ւաւ այս այ­ցին վե­րաբե­րեալ։

Եւ ահա կը ծա­գի այս հար­ցը՝ ինչպէ՞ս է, որ աշ­խարհաս­փիւռ հայ ժո­ղովուրդի պե­տու­թիւնը ներ­կա­յաց­նող վար­չա­պետ մը Պո­լիս այ­ցե­լէ, առանց հա­մայնքի հո­գեւոր կեդ­րո­նէն նոյ­նիսկ բա­րեւ մը ստա­նալու։

Պոլ­սոյ Հա­յոց Պատ­րիար­քութիւ­նը հիմ­նո­ւած է 1461 թո­ւակա­նին՝ Օս­մա­նեան Սուլթան Մեհ­մէտ Բ Նո­ւաճո­ղին կող­մէ։ Այդ օրո­ւան հրա­մանա­գիրով, հայ ժո­ղովուրդը կը ճանչցո­ւի իբ­րեւ “միլ­լէթ”, իսկ պատ­րիար­քը կը ստա­նայ հո­գեւոր ու քա­ղաքա­ցիական լիազօ­րու­թիւններ։ Գա­ղու­թա­յին այս նոր կար­գը ժա­մանա­կի ըն­թացքին վե­րածո­ւեցաւ ազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պութեան հզօր սիւ­նե­րէն մէ­կուն։

Պատ­րիար­քութիւ­նը դա­րեր շա­րու­նակ եղաւ ոչ միայն եկե­ղեցա­կան, այ­լեւ ազ­գա­յին դի­մագի­ծի մարմնա­ւորում։ Ան եղաւ կա­մուրջ՝ ժո­ղովուրդին եւ պե­տու­թեան մի­ջեւ։ 19-րդ դա­րու մեծ քա­ղաքա­կան փո­թորիկ­նե­րուն, 1915-ի եղեռ­նին, եւ ան­կէ ետք գաղ­թա­կանու­թեան օրե­րուն՝ պատ­րիար­քութիւ­նը հա­մախմբիչ ուժ էր։

Այ­նուհան­դերձ, այ­սօր կը թո­ւի թէ այդ վեհ եւ խի­զախ օրե­րէն դան­դաղ քայ­լե­րով հե­ռացո­ւած է։

Փա­շինեանը Հա­յաս­տա­նի պատ­մութեան մէջ ար­դէն իր ու­րոյն տե­ղը գրա­ւած է։ Բա­նակ­ցութեամբ եւ ժո­ղովրդա­վարու­թեան վե­րականգնմամբ տար­բեր է շա­տերէն։ Ապ­րի­լեան շար­ժումով իշ­խա­նու­թեան եկած, քայ­քա­յուած հա­մակարգ մը փոր­ձած է վե­րակազ­մա­ւորել՝ թա­փան­ցիկ կա­ռավար­ման, բաց հա­ղոր­դակցու­թեան եւ ժո­ղովրդա­վարա­կան սկզբունքնե­րու հի­ման վրայ։

Ան նաեւ այն քիչ ղե­կավար­նե­րէն է, որ յաղ­թա­նակի լե­զուով չէ խօ­սած՝ այլ պար­տութեան ժա­մանակ պա­տաս­խա­նատո­ւու­թիւն ստանձնած է։ Ու­րեմն նման մէկ ղե­կավա­րի այ­ցե­լու­թիւնը Պո­լիս պէտք է սոսկ քա­ղաքա­կան օրա­ցոյ­ցի մաս մը չըլ­լար։ Այդ պէտք է ըլ­լար առիթ մը՝ հո­գեւոր ու ազ­գա­յին մա­կար­դա­կի վե­րամիավոր­ման, գո­նէ բա­րոյա­կան զգայ­նութեան դրսե­ւորու­մի։

Պատ­րիար­քութիւ­նը ո՛չ միայն չըն­դունեց, այլ նոյ­նիսկ չար­ձա­գան­գեց Փա­շինեանի այ­ցե­լու­թեան։ Ո՛չ պատ­րիարք, ո՛չ փո­խանորդ, ո՛չ իսկ մի քա­նի տող յայ­տա­րարու­թիւն։

Այս լռու­թիւնը դի­ւանա­գիտա­կան չէ, այլ խորհրդան­շա­կան։ Այս լռու­թիւնը կ՛ար­տա­ցոլէ կամ քա­ղաքա­կան անու­շադրու­թիւն, կամ խո­րացած վախ՝ պե­տու­թեան կող­մէ որե­ւէ սխալ մեկ­նա­բանու­թե­նէ զգու­շա­նալու։ Եր­կու պա­րագա­յին ալ, վնա­սը նոյնն է՝ հե­ռացում ժո­ղովուրդէն, ան­ջա­տում ազ­գա­յին իրա­կանու­թե­նէն։

Եթէ այ­սօր պատ­րիար­քութիւ­նը չկրցաւ ան­գամ բա­րեւով ող­ջունել իր ազ­գի պե­տու­թեան ղե­կավա­րը, վա­ղը ինչպէ՞ս պի­տի յայ­տա­րարէ՝ թէ ինք կը ներ­կա­յաց­նէ հա­մայնքի հո­գեւոր եւ ազ­գա­յին շա­հերը։

Պոլ­սոյ Հա­յոց Պատ­րիար­քութիւ­նը կրնայ մեկ­նա­բանել իր լռու­թիւնը որ­պէս քա­ղաքա­կան կշռա­դատում, բայց ժո­ղովրդի աչ­քին այդ լռու­թիւնը շատ աւե­լի խոր­քա­յին է։

Ժա­մանակն է, որ մեր հո­գեւոր հաս­տա­տու­թիւննե­րը վե­րագտնեն իրենց ազ­գա­յին ու­ղե­գիծը, որ­պէսզի կա­րենան ար­ժա­նավա­յել ձե­ւով մօ­տենալ մեր ժա­մանա­կակից պատ­մութեան՝ առանց վա­խի, առանց ձեռնպահ մնա­լու։

Պատ­մութիւ­նը կը գրէ եւ կը յի­շէ։ Հայ ժո­ղովուրդը պատ­մութիւ­նով ապ­րող ժո­ղովուրդ է։ Եւ պատ­մութիւ­նը եր­բեմն շատ դա­ժան կեր­պով կը դա­տէ լռու­թիւննե­րը։


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ