Փաշինեանի հանդիպումը պոլսահայոց հետ

ՎԱՐԴԱՆ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

estukyan@gmail.com

Հայաս­տա­նի վար­չա­պետ Նի­կոլ Փա­շինեան՝ Յու­նիս 20-ին, Էր­տո­ղանի հետ հան­դիպման ըն­դա­ռաջ մէկ­տե­ղուե­ցաւ Թուրքիոյ քա­ղաքա­ցի հա­յոց հետ։

Եր­կու եր­կիրնե­րու ղե­կավար­նե­րը ան­ցեալին ալ զա­նազան առիթ­նե­րով հան­դի­պած են։ Այս վեր­ջի­նը որոշ չա­փով կը տար­բե­րի նա­խորդնե­րէն, նկա­տի ու­նե­նալով Թուրքիոյ նա­խագա­հի հրա­ւէրը եւ Հա­յաս­տա­նի վար­չա­պետի այ­ցե­լու­թիւնը։ Միւս կող­մէ այս հան­դի­պու­մը պոլ­սա­հայոց հետ մէ­կիեղո­ւելու առու­մով ալ բա­ցառիկ էր։

Պաշ­տօ­նական առաջ­նորդու­թիւն

Էր­տո­ղանի հան­դի­պու­մէն առաջ կա­տարո­ւած մէկ­տեղման ու­շագրաւ երե­ւոյթն էր Թուրքիոյ Հա­յոց Պատ­րիար­քա­րանի բա­ցակա­յու­թիւնը։ Պատ­րիար­քը թէեւ ար­տա­սահ­ման կը գտնո­ւէր, բայց զինք ներ­կա­յաց­նող փո­խանորդ մըն ալ չկար այդ հան­դիպման ըն­թացքին։ Դեկ­տեմբեր 2019-ին Սա­հակ Արք. Մա­շալեան ընտրո­ւեցաւ Թուրքիոյ Հա­յոց 85-րդ Պատ­րիար­քը։ Զա­նազան խա­բեբա­յու­թիւննե­րով, կարգ մը թեկ­նա­ծու­նե­րու ա­նիմաստ պատ­րո­ւակ­նե­րով ընտրար­շա­ւէն դուրս մղո­ւելու գնով կա­յացած այս ընտրու­թիւնը վերջ դրած եղաւ հայ հա­մայնքի առաջ­նորդէ զուրկ ան­ցուցած 12 տա­րինե­րու ծա­ւալող շրջա­նի մը։ Թուրքիոյ հայ հա­սարա­կու­թիւնը կորսնցու­ցած ըլ­լա­լով ազ­գի, հետզհե­տէ ժո­ղովուրդի իրա­վիճա­կը, վե­րածո­ւած է կրօ­նական հա­մայնքի մը։ Այսպէս Հա­յոց Պատ­րիար­քա­րանը հա­յերուն, Տիեզե­րական Պատ­րիար­քը յու­նաց, Ասո­րինե­րու եպիս­կո­պոսը, ասո­րեց­ւոյ եւ Քաղ­տէ­յացի­ներու, ռա­բու­նա­պետն ալ հրէից ներ­կա­յացու­ցի­չը եւ բան­բե­րը կը հան­դի­սանայ։

Ան­տե­սել վար­չա­պետը

Սա­հակ Բ. Պատ­րիարք որ­քա­նո՞վ ար­դա­րացու­ցած է իր հա­մայնքը ներ­կա­յաց­նե­լու պար­տա­կանու­թիւնը։ Այս հար­ցումին նոյ­նիսկ դրա­կան պա­տաս­խա­նող­ներ վար­չա­պետ Փա­շինեանի այ­ցե­լու­թե­նէն ետք պի­տի դժո­ւարա­նան այդ հա­մոզու­մը պա­հելու։ Սոյն այ­ցե­լու­թեան առ­թիւ Պատ­րիար­քա­րանի բռնած ըն­թացքը տե­ղի տո­ւաւ լուրջ գայ­թակղու­թեան։ Եկե­ղեցին պար­զա­պէս ան­տե­սեց վար­չա­պետը։ Այս տհաճ կե­ցուած­քի ետին կայ վար­չա­պետի հա­մայն հա­յոց կա­թողի­կոսի դէմ մղած պայ­քա­րը։ Գաղտնիք չէ թէ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թեան ան­կա­խու­թե­նէն սկսեալ եր­կի­րը թա­լանող օլի­կար­խա­կան հա­մակար­գի կա­րեւո­րագոյն գոր­ծա­կալ­նե­րէն մէկն ալ նոյն ինքն Ամե­նայն Հա­յոց Կա­թողի­կոսն էր։ Ար­դա­րեւ թաւ­շեայ յե­ղափո­խու­թեան հե­տեւան­քով, երբ իշ­խա­նափո­խու­թիւն տե­ղի ու­նե­ցաւ, յե­ղափո­խական­նե­րու կա­րեւոր մէկ մա­սը պա­հան­ջե­ցին նաեւ կա­թողի­կոսի հրա­ժարու­մը։

Սա­կայն պար­զո­ւեցաւ որ իր հո­գեւո­րակա­նի կո­չու­մին պատ­ճա­ռով Կա­թողի­կոսը գա­հըն­կեց ընե­լը աւե­լի դժո­ւար է, քան երկրի նա­խագահ Սերժ Սարգսեանը։

Աթո­ռին ծան­րութիւ­նը պա­հել

Պոլ­սոյ Պատ­րիար­քա­կան Աթո­ռը իր պատ­մութեան ըն­թացքին որոշ ծան­րութիւն մը ներ­կա­յացու­ցած է։ Այս առու­մով այժմու պատ­րիարքրին ալ Էջ­միած­նին կող­քին կանգնի­լը բնա­կան երե­ւոյթ մը պէտք է հա­մարո­ւի։ Սա­կայն այդ տէր կանգնի­լը եր­բեք չար­դարացնէր Վար­չա­պետ Փա­շինեանի դէմ անար­գանքը։ Անըն­դունե­լի է Վար­չա­պետին դի­մաց Պատ­րիար­քա­րանի դռնե­րը կղպե­լը։ Պատ­րիար­քը կրնայ խու­սա­փիլ ան­ձամբ հան­դի­պելէ։ Բայց որ­պէս ազ­գա­յին հաս­տա­տու­թիւն Պատ­րիար­քա­րանը ո՛չ։

Յայ­տա­րարու­թեան կա­րիքը

Պատ­րիար­քա­կան վեր­ջին ընտրու­թիւննե­րու ժա­մանակ խումբ մը աշ­խարհա­կան­ներ հա­մախմբո­ւած եւ թրքա­հայու­թեան հետ առնչո­ւած ըն­կե­րային, քա­ղաքա­կան եւ մշա­կու­թա­յին նիւ­թե­րու շուրջ կար­ծիքներ փո­խանա­կած էին։ Հա­սարա­կական Նա­խաձեռ­նութիւն կո­չուած այդ հա­մայնքը 23 Յու­նիս եր­կուշաբ­թի օր, հրա­պարա­կած տե­սանիւ­թով մը բա­ցատ­րութիւն պա­հան­ջեց Սա­հակ Բ. Պատ­րիար­քէն։ Կար­ծեմ թէ սա իւ­րա­քան­չիւր պոլ­սա­հայու ար­դար իրա­ւունքն է։

Պար­տինք փա­կագիծ մըն ալ բա­նալ ինքզինք հայ հա­սարա­կու­թեան աշ­խարհիկ առաջ­նորդը կամ բան­բե­րը կար­ծողնե­րու հա­մար։ Վար­չա­պետ Փա­շինեանի հայ հա­մայնքի հետ հան­դիպման պա­հուն թէ՛ Ար­դա­րու­թիւն եւ Զար­գա­ցում Կու­սակցու­թեան պատ­գա­մաւոր Սե­ւան Սը­վաճըօղ­լու եւ թէ Սուրբ Փրկիչ Հի­ւան­դա­նոցի Հո­գաբար­ձութեան ատե­նապետ Պետ­րոս Շի­րինօղ­լու խօսք առ­նե­լով իրենց գո­հու­նա­կու­թիւնը յայտնած էին Էր­տո­ղանի իշ­խա­նու­թե­նէն։ Սը­վաճըօղ­լու նոյ­նիսկ հա­մար­ձակե­ցաւ վար­չա­պետէն պա­հան­ջե­լու թէ քիչ ետք կա­յանա­լիք հան­դիպման ըն­թացքին ինք ան­ձամբ փո­խան­ցէ պոլ­սա­հայոց գո­հու­նա­կու­թիւնը։ Այս ան­հե­թեթ պա­հան­ջին փո­խարէն վար­չա­պետը ստի­պուե­ցաւ յի­շեց­նե­լու «Այդ ձեր պար­տա­կանու­թիւնն է կար­ծեմ» խօս­քե­րով։

Վեր­ջա­պէս կա­րելի է ըսել թէ Թուրքիոյ քա­ղաքա­կան գոր­ծընթա­ցը ինչպէս որ է, անոր կրնօ­րինա­կը կա­րելի է տես­նել հայ հա­մայնքի վրայ։ Մի­ջակու­թիւնը, ան­խելքու­թիւնը մեր մօտ ալ բնա­կանա­բար աւե­լի փոքր ծա­ւալով նոյ­նութեամբ առ­կայ է։ Այդ պատ­ճա­ռաւ է որ Հա­յաս­տա­նի վար­չա­պետի դէմ անար­գանքը այդքան ալ զար­մա­նալի չի թո­ւիր ին­ծի։ Այս պա­հուն ես մտա­հոգ եմ Վար­չա­պետ Փա­շինեանի տունդար­ձէն ետք իր հա­րազատ­նե­րուն այս միօրեայ այ­ցե­լու­թեան տպա­ւորու­թիւննե­րը ինչպէս փո­խան­ցելն է։ Չէ որ, մենք տե­սանք, լսե­ցինք, բայց ինք են­թարկուեցաւ։ Ափ­սոս, հա­զար ափսոս…։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ