Երբ համաշխարհային հայութիւնը մեծ հետաքրքրութեամբ կ՚ուզէր իմանալ 8 Օգոստոսին Ուաշինկթընի մէջ կայացած որոշումներու գործնական իմաստը, Վարչապետ Փաշինեան 18 Օգոստոսին ներկայացաւ հանրութեան բովանդակալից ուղերձով մը։
«Արմէնփրէս»ի հրապարակած պատճէնէն հատուածներ կը փոխանցենք մեր ընթերցողներուն, առանց մեկնաբանութեան։
«Սիրելի՛ ժողովուրդ, Հայաստանի Հանրապետութեան սիրելի՛ քաղաքացիներ, 2025-ի Օգոստոսի 8-ին ԱՄՆ նախագահի հիւրընկալութեամբ Սպիտակ տան մէջ կայացած գագաթնաժողովը շրջադարձային է։
ԱՄՆ նախագահի, իմ եւ Ատրպէյճանի նախագահի ներկայութեամբ արտաքին գործերու նախարարները նախաստորագրեցին «Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան միջեւ խաղաղութեան եւ միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման մասին համաձայնագիրը», ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ Մինսկի գործընթացի եւ կից կառուցակարգերու լուծարման վերաբերեալ համատեղ դիմումը։
Եռակողմ ստորագրութիւններ կրող հռչակագրի մէջ կարեւորագոյն պայմանաւորուածութիւններ արձանագրուած են։ Ես եւ Ատրպէյճանի նախագահը ընդունեցինք Խաղաղութեան Համաձայնագրի ստորագրման եւ վերջնական վաւերացման հասնելու ուղղութեամբ հետագայ գործողութիւնները շարունակելու անհրաժեշտութիւնը։
Վերահաստատեցինք ներպետական, երկկողմ եւ միջազգային փոխադրումներու համար երկու երկրներու միջեւ հաղորդակցութիւններու բացման կարեւորութիւնը՝ հիմնուած պետութիւններու ինքնիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ իրաւազօրութեան յարգման վրայ։ …Այս ջանքերը կը ներառեն Ատրպէյճանի Հանրապետութեան հիմնական մասի եւ Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան միջեւ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքով անխոչընդոտ հաղորդակցութիւնը, Հայաստանի Հանրապետութեան համար միջազգային ու ներպետական հաղորդակցութեան փոխադարձ առաւելութիւններով։
Ուշադրութիւն դարձուցէք. ներպետական, երկկողմ եւ միջազգային փոխադրումներու համար երկու երկրներու միջեւ հաղորդակցութիւններու բացում՝ հիմնուած պետութիւններու ինքնիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ իրաւազօրութեան յարգման վրայ։
Ատրպէյճանի նախագահի հետ ընդունեցինք նաեւ անցեալի հակամարտութեամբ չկանխորոշուած, ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան ու 1991-ի Ալմա-Աթայի հռչակագրին համապատասխան պայծառ ապագայի ուղի նախանշելու անհրաժեշտութիւնը։
Այն ինչ որ ըսի, արդէն նորութիւն չէ, եւ վերջին 10 օրերուն մեր հանրային–քաղաքական–փորձագիտական ամենաաշխուժ քննարկումներու առանցքին է։ Բայց հիմա, այս ուղերձով հարկ կը համարեմ հանդէս գալ գնահատականով, թէ գործնականին ինչ կը նշանակէ վերեւ յիշատակուածը եւ մէջբերուածը, որն է տեղի ունեցածի քաղաքական իմաստը ու նշանակութիւնը։
Վերը նշուածը կը նշանակէ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան միջեւ խաղաղութիւն հաստատուած է։
Այս գործին, իհարկէ, անգնահատելի է ԱՄՆ նախագահի եւ անոր վարչակազմի դերակատարութիւնը։ Այս է պատճառը, որ Ատրպէյճանի նախագահի հետ որոշած ենք պարոն Թրամփին Խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակ շնորհելու համատեղ դիմում յղել միջազգային Նոպէլեան կոմիտէին։
Բայց կ՚ուզեմ վերադառնալ մեզ, եւ արձանագրել, որ Օգոստոսի 8-էն ետք մենք կ՚ապրինք բացարձակապէս ուրիշ, բոլորովին նոր Հարաւային Կովկասի, բոլորովին նոր Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ եւ պէտք է գիտակցինք այս փաստին։
Ուրեմն, խաղաղութիւնը մեզ համար անծանօթ գիտակցութիւն եւ անծանօթ իրողութիւն է։
Բայց փաստ է նաեւ, որ հաստատուած խաղաղութիւնն ամենօրեայ խնամք եւ հոգատարութիւն կը պահանջէ։
Սա նոր կեանք է եւ մենք մեր այս նոր կեանքը պէտք է ապրինք նորովի, համաձայն Նոր կտակարանի այն խօսքի, թէ նոր գինին հին տիկերի մէջ չեն դներ, ինչպէս կ՚ըսուի Կտակարանին՝ «ապա թէ ոչ – տիկերը կը պատռուին. ե՛ւ գինին դուրս կը թափուի».
Մեր նահատակները խնկարկելու եւ սրբացնելու, անոնց յիշատակի հետ յարաբերուելու մեր ձեւն անգամ պիտի կաթիլ–կաթիլ, միլիմեթր առ միլիմեթր փոխուի, որովհետեւ խաղաղութիւնը պէտք է մխիթարէ որդեկորոյս ծնողներուն, այրիացած կանանց, կիները կորսնցուցած ամուսիններուն, ծնող կորցրած զաւակներուն։ Խաղաղութիւնը պէտք է լուսաւորէ մեր նահատակներու հոգիները, որովհետեւ ահա Հայաստանի Հանրապետութիւնը՝ որպէս միջազգային կեանքի աւելի ու աւելի հեղինակաւոր դարձող մասնակից, աւելի անկախ, աւելի ինքնիշխան, աւելի ինքնավստահ պետութիւն մը, ահա սա է այն նպատակը, որուն համար ինկան մեր եղբայրներն ու քոյրերը եւ անոնց զոհողութեան սուգը պիտի յաղթահարենք խաղաղութեան բերկրանքով։
Ուաշինկթընեան համաձայնութիւններու արդիւնքին աւելի քան 30-ամեայ շրջափակումէն ետք Հայաստանի Հանրապետութիւնը ապաշրջափակւում է։
Սա կը նշանակէ, որ հաղորդակցութեան ուղիներու վերականգնման, կառուցման հատուածներուն նախ պէտք է յստականայ, սահմանազատուի եւ սահմանագծուի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ պետական սահմանը։ Իսկ սահմանն արդէն ունի իր պարտադիր կանոնները, որոնք են սահմանապահ, մաքսակէտ եւ այսպէս շարունակ։
«Խաղաղության խաչմերուկ» նախագիծէն եւ այդ յուշագրէն կը բխի «Թրամփի ուղի՝ յանուն միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման» ծրագիրը, որ մեծ ներդրումներ, ֆինանսական օգուտներ, տնտեսական զարգացում կը խոստանայ Հայաստանի Հանրապետութեան։
Ուաշինկթընեան հռչակագիրով եւ նախաստորագրուած համաձայնագրով Հայաստան եւ Ատրպէյճանը միմեանց սահմաններու անխախտելիութիւնը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը ճանչցած են 1991 թուականի Ալմա-Աթայի հռչակագրի հիման վրայ։ Սա կը նշանակէ, որ կողմերը կ՚ընդունին, որ այսօր Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան տարածքը ճշգրտօրէն նոյնական է Խորհրդային շրջաններու սահմաններուն հետ։
Օգոստոսի 11-ին հրապարակուեց «Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան միջեւ խաղաղութեան եւ միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման մասին համաձայնագրի» նախաստորագրուած պատճէնը։ Արդէն քանի մը տարի անոր շուրջ հիւսուող դաւադրութիւններու տեսութիւնները պարզապէս փլուզուեցան խաղաքարտերու տնակի նման՝ այդ հրապարակման արդիւնքով։ Մեր քաղաքացիները գոհունակութեամբ ընդուած են համաձայնագրի նախաստորագրուած պատճէնը։ Իհարկէ, կան նաեւ առարկայական քննադատութիւններ։
Անոնցմէ առաջինը կը վերաբերի Ատրպէյճանի բանտերուն պահուող մեր հայրենակիցներու հարցին Խաղաղութեան համաձայնագրի պատճէնին չներառնելու։
Այս նիւթի շուրջ բանակցութիւնները սկսած են 2022-ի գարնան։ Մենք այդ հարցը Համաձայնագրին ներառելու լրջագոյն ջանքեր գործադրած ենք։ Բայց որքան ձգուած են բանակցութիւնները, հասկցած ենք, որ Ատրպէյճանի անազատութեան մէջ պահուող մեր հայրենակիցներու հարցը Համաձայնագրի պատճէնին ներառելը կրնայ մեկնաբանուիլ, թէ անոնց վերադարձը Համաձայնագրի ստորագրումէն եւ վաւերացումէն վերջուայ հարց է, իսկ մենք այդ կանխավարկածով չենք առաջնորդուած ու չենք առաջնորդուիր։ Եւ այդ կանխավարկածով չառաջնորդուելու արդիւնքին է, որ Խաղաղութեան համաձայնագրի պատճէնը շուրջ բանակցութիւններու մեկնարկումէն ի վեր 58 հայրենակիցներ վերադարձած են գերութիւնէն եւ եթէ հարցը թողուած ըլլար Խաղաղութեան համաձայնագրին, այդ կարող էր որ տեղի չունենար։ Այժմ ալ դիւանագիտական ահռելի աշխատանք կը տարուի այդ խնդիրը հնարաւորինս արագ լուծելու համար, որու արտայայտութեանը վերջերս ականատես եղաք։
Երկրորդ առարկայական քննադատութիւնը այն է, որ Խաղաղութեան համաձայնագրի նախաստորագրումով Ղարաբաղի հարցը փակուած է։
Այս քննադատութեանն ի պատասխան պիտի յիշեցնեմ, որ դեռեւս 2025-ի Մարտին այս առիթով յայտարարութիւն ըրած եմ Ազգային ժողովի բարձր ամբիոնէն ։ Ըսած եմ, որ մենք պէտք չէ որ շարունակենք Ղարաբաղեան շարժումը։ Ըսած եմ, որ ես Հայաստանը առաջնորդելու եմ այս՝ Ղարաբաղեան շարժումը չշարունակելու տրամաբանութեամբ, եւ եթէ ժողովուրդը համաձայն չէ այս տրամաբանութեան, անոր կոչ կ՚ընեմ յեղափոխութիւն ընելու։
Ժողովուրդը, այսինքն դո՛ւք, սիրելի՛ քաղաքացիներ, յեղափոխութիւն չըրիք, որովհետեւ ինձ նման հասկցաք, որ առանց Ղարաբաղի հարցը փակելու խաղաղութիւնը հնարաւոր չէ։
Ինչ կը վերաբերի Ղարաբաղէն տեղահանուած մեր հայրենակիցներուն, մէկ անգամ չէ, որ հրապարակային յայտարարեմ, որ վերադարձի մասին անոնց պատկերացումները իրատեսական չեմ համարեր։
Իմ ընկալումն այն է, որ բոլոր այն մարդիկ, ովքեր համաձայն չեն այս ռազմավարութեան հետ, կամայ թէ ակամայ պիտի յայտնուին հակադրութեան վերակենդանացման տրամաբանութեան մէջ։
Ղարաբաղէն տեղահանուած մեր հայրենակիցներու ապագայի մասին մեր պատկերացումը հետեւեալն է, անոնք մեր եւ միջազգային հանրութեան աջակցութեամբ պէտք է տնաւորուին Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ այստեղ ապրին, ստեղծագործեն, հաստատուին՝ որպէս Հայաստանի Հանրապետութեան լիարժէք քաղաքացիներ։
Սիրելի՛ ժողովուրդ, Հայաստանի Հանրապետութեան սիրելի՛ քաղաքացիներ,
Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ Խաղաղութեան համաձայնագրի պատճէնի նախաստորագրումը եւ հրապարակումը, ընդունուած Հռչակագիրը, անոր արդիւնքի հաստատուած խաղաղութիւնը բազում շերտեր ունին, որոնք մէկ ուղերձով հնարաւոր չէ պարզաբանել։ Օգոստոսի 8-ին եւ 9-ին հէնց Ուաշինկթընի մէջ, ծաւալուն հարցազրոյց տուած եմ։ Ապա՝ ասուլիսի ձեւաչափով պատասխանած եմ հայաստանեան լրատուամիջոցներու հարումներուն։ բայց յայտնի է ըսելիք դեռ շատ բան կայ։ Խաղաղութեան իրողութիւնը դանդաղ կ՚ընկալուի, առաջ կը բերէ նոր դիտանկիւններ, նոր նրբութիւններ, նոր եւ հին հարցեր, որոնց համոզուած եղէք որ, յառաջիկային մանրակրկիտ անդրադառնալու որեւէ առիթ բաց չեմ թողուր, ինքս կը ստեղծեմ այդ առիթները։
Բայց իմ այսօրուայ ուղերձի առանցքային ըսելիքը այն է, որ Խաղաղութիւնը եկած է, արժանապատիւ, պետականակեդրոն, մարդակեդրոն, տարածաշրջանակեդրոն խաղաղութիւն է եւ ես առաւել քան ոգեւորուած եմ այդ փաստով։
Սիրելի՛ ժողովուրդ, Հայաստանի Հանրապետութեան սիրելի՛ քաղաքացիներ,
Խաղաղութիւնը հաստատուած է, եւ մեր խնդիրն է հոգ եւ խնամք տանիլ անոր մասին եւ ժամանակի ընթացքին այն դարձնել աւելի ու աւելի գործնական։
Փա՛ռք նահատակներուն եւ կեցցէ՛ Հայաստանի Հանրապետութիւնը։
Կեցցէ՛ անկախութիւնը, կեցցէ՛ ինքնիշխանութիւնը, կեցցէ՛ պետականութիւնը։
Եւ կեցցե՛նք մենք եւ մեր երախաները, որ կ՚ապրինք եւ ապրելու ենք Ազատ եւ Երջանիկ Հայաստանի մէջ։ Շնորհակալ եմ»։