Իշխող կառավարութեան ձեռին դեմոկլեան թուրը կը շարունակուի ճոճուիլ Ժողովուրդահանրապետական Կուսակցութեան ընտրեալ քաղաքապետներուն վրայ։ Այդ հարուածներու վերջինը վիճակեցաւ Պէյօղլուի քաղաքապետ Ինան Կիւնէյին։ Ան ալ իր կարգին ձերբակալուելով միացաւ իրմէ առաջուայ 15 քաղաքապետներու շարքին։
Այս բոլորը կը յիշեցնեն նախագահ Էրողանի մօտ անցեալին հրահանգած «Սա քաղաքապետարանները թոթուեցէք տեսնենք» ելոյթը։
Ժողովուրդներու Ժողովրդավարութեան Կուսակցութեան բանտարկեալ պետը Տեմիրթաշ տարիներ առաջ զգուշացուցած էր ընդդիմադիր քաղաքական գործիչները՝ ըսելով որ «Եթէ այսօր չառարկէք մեզի դէմ կատարուածին, վաղը նոյնը ձեզի դէմ ալ պիտի գործադրուի»։
Այս բոլորին դէմ ժողովրդահանրապետականները կը փորձեն բողոքի ցոյցերով դիմադրել՝ սակայն հալածանքի ալիքը կրկին ու կրկին կը բախի այդ կուսակցութեան պարիսպներուն։
Շատեր յոյսը կապած են 2,5 տարի ետք կատարուելիք ընտրութիւններուն՝ բայց նոյնպէս շատերու համար ալ խիստ կասկածելի է թէ այդ ընտրութիւնները պիտի իրականանա՞ն թէ ոչ։