Կորուստներ, կորուստներ…

Նախ հա­­սաւ հան­­րա­­­ծանօթ քա­­ղաքա­­գէտ եւ պատ­­մա­­­բան փրոֆ. Մե­­թէ Թունճա­­յի մա­­հուան բօ­­թը։ Ան իր կեան­­քը աւան­­դեց վեր­­ջին տա­­րինե­­րուն ապաս­­տա­­­նած ծե­­րանո­­ցի մը մէջ։ Ծա­­նօթ էր յատ­­կա­­­պէս Թուրքիոյ բա­­նուո­­րական շար­­ժումնե­­րու եւ ձա­­խակող­­մեան կու­­սակցու­­թիւննե­­րու պատ­­մութեան նո­­ւիրո­­ւած իր ու­­սումնա­­սիրու­­թիւննե­­րով։ Խմբագ­­րած ու հրա­­տարա­­կած էր նաեւ Անա­­հիտ Տէր Մի­­նասեանի «Հայ յե­­ղափո­­խական կու­­սակցու­­թիւննե­­րու պատ­­մութիւն» անուն ու­­սումնա­­սիրու­­թիւնը։

Իր հետ մեր անձնա­­կան ծա­­նօթու­­թիւնը կա­­յացաւ Վա­­քըֆ­­գիւղի Հայ­­րե­­­նակ­­ցա­­­կան Միու­­թեան եր­­դի­­­քին տակ, Հայր Լե­­ւոն Զէ­­քիեանի հետ հան­­դի­­­պու­­մի մը առ­­թիւ։

Յա­­ջորդ օր՝ 19 Օգոս­­տո­­­սին այս ան­­գամ վե­­րահա­­սու եղանք բազ­­մա­­­վաս­­տակ լրագ­­րող եւ լու­­սանկա­­րիչ Կար­­պիս Էօզա­­թայի մա­­հուան։

Ան եր­­կար տա­­րիներ ծա­­ռայած էր թրքա­­կան մա­­մու­­լին, յատ­­կա­­­պէս «Հիւրրի­­յէթ» թեր­­թի մի­­ջոցաւ։ 79-ամեայ Կար­­պիս Էօզա­­թայ իր գոր­­ծունէու­­թեան ըն­­թացքին նո­­ւաճեց լրագ­­րա­­­կան լու­­սանկար­­չութեան յա­­տուկ մրցա­­նակ­­ներ։ Իր կա­­րեւո­­րագոյն գոր­­ծը կը հա­­մարո­­ւի Յոր­­դա­­­նանի թա­­գաւոր Հիւ­­սէ­­­յինի հօր՝ Թալ­­լալ ար­­քա­­­յի առա­­ջին եւ վեր­­ջին լու­­սանկա­­րի ձեռքբե­­րու­­մը։ Այդ նկա­­րը ապա­­հովե­­լու հա­­մար Կար­­պիս Էօզա­­թայ մտաւ ար­­քա­­­յի դար­­մա­­­նում տե­­սած հի­­ւան­­դա­­­նոցի պար­­տիզպա­­նի կեր­­պա­­­րին։ Ի վեր­­ջոյ այդ նկա­­րահան­­ման հա­­մար ալ ցկեանս ար­­գի­­­լուե­­ցաւ Յոր­­դա­­­նան մուտք գոր­ծե­լէ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ