Իրանի դիրքորոշումը անփոփոխ է։ Թեհրան դէմ է տարածաշրջանին մէջ սահմաններու փոփոխութեան։ Երեւանի մէջ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ նեղ եւ ընդլայնուած կազմով բանակցութիւններէն ետք յայտարարեց Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքեան՝ շեշտելով. «Իրանի դիրքորոշումը սահմաններու անփոփոխութեան մասին է, եւ կը կարծենք, թէ այդ փոփոխութիւնը աշխարահաքաղաքական մրցակցութեան պատճառ կրնայ դառնալ»։
Փեզեշքեան անգամ մը եւս ընդգծեց, թէ իրենք դէմ են, որ տարածաշրջանի հարցերը արտապատուիրակեն տարածաշրջանէն դուրս գտնուող երկիրներուն։ «Կը հաւատանք, որ տարածաշրջանին մէջ ղեկավարումը պէտք է ըլլայ կովկասեան, եւ հարցերու արտայանձնումը տարածաշրջանէն դուրս գտնուող տէրութիւններուն տարածաշրջանին մէջ իրավիճակը պիտի բարդացնէ», ըսաւ Փեզեշքեան՝ հաստատելով, որ Իրանի համար Կովկասի մէջ խաղաղութիւնը ռազմավարական նշանակութիւն ունի։
Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան պաշտպանութիւնը Իրանի քաղաքականութիւնն է, եւ տարածաշրջանին մէջ որեւէ ուժի կիրարկումին դէմ են, յայտարարեց Փեզեշքեան եւ ողջունեց խաղաղութեան շուրջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի բանակցութիւնները։
Փաշինեան յայտնեց, որ ինք Փեզեշքեանի հետ քննարկած է Ուաշինթընի 8 Օգոստոսի համաձայնագիրին մանրամասնութիւնները՝ դիտել տալով, որ անիկա տարածաշրջանի զարգացման համար հեռանկարներ պիտի բանայ, որ նաեւ քննարկուած են տարածաշրջանային խաղաղութեան եւ ճամբաներու ապաշրջափակման հարցերը։ Փաշինեան հաստատեց, որ Հայաստանի եւ Իրանի համար միջազգային սահմաններու անխախտ ըլլալը կենսական նշանակութիւն ունի։
«Ես ուրախ եմ եւ շնորհակալ նախագահ Փեզեշքեանին՝ այս համաձայնութիւնների մասին իր առարկայական գնահատականների համար: Ատրպէյճանի հետ մեր առանցքային համաձայնագրերից մէկը տարածաշրջանում հաղորդակցութեան ուղիների վերաբացման մասին է։ Սա ամբողջութեամբ համապատասխանում է Խաղաղութեան խաչմերուկ նախագծին։ Մենք երկուստեք համաձայնեցինք, որ հասունացել է ժամանակը աշխատանքներ իրականացնել մեր երկրների յարաբերութիւնները բարձրացնելու ռազմավարական գործընկերութեան մակարդակի», ըսաւ Փաշինեան։
«Ազատութիւն»ը կը տեղեկացնէ, թէ Հայաստան-Իրան սահմանին վրայ երրորդ երկրի մը ներկայութեան վերաբերեալ Իրանի մտահոգութիւնները, ըստ երեւոյթին, չեն փարատած Փեզեշքիեանի եւ Փաշինեանի բանակցութիւններուն լոյսին տակ։ Արդարեւ, հանդիպումէն ու յայտարարութենէն ետք Իրանի ղեկավարը «Էքս»ի իր էջին վրայ գրած է հետեւեալը. «Հայաստանի վարչապետին հետ հանդիպումին ընթացքին ես ընդգծեցի Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան տեսակէտը Հայաստանի գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան պահպանման մասին, շեշտեցի նաեւ, որ մեր միացեալ սահմանին երրորդ ուժերու ներկայութեան մասին մեր մտահոգութիւնները պէտք է փարատին»։
Փոխադրութիւններու աճող ծաւալը նկատի ունենալով` կողմերը համաձայնեցաւ Իրան-Հայաստան սահմանին երկրորդ կամուրջ մը կառուցել։
Իրանի ու Հայաստանի ղեկավարները նաեւ ստորագրեցին միացեալ յայտարարութիւն մը, որուն մէջ Երեւանի ու Թեհրանի գործընկերութիւնը ռազմավարական դարձնելու մտադրութենէն բացի անդրադարձ կը կատարուի տնտեսական եւ առեւտրական կապերու զարգացման։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան տեսակցեցաւ Իրանի իր պաշտօնակիցին՝ Սէյիտ Ապպաս Արաղճիի հետ։
Երեւանի մէջ տեղի ունեցան հանդիպումներ նաեւ տարբեր նախարարութիւններու ներկայացուցիչներուն միջեւ։