Իսրայէլի բանակը կ՚աւերէ Լիբանանի հարաւը

Ներման Մի­ջազ­գա­յին Կազ­մա­կեր­պութիւ­նը տե­ղեկա­գիր մը հրա­պարա­կելով բա­ցայայ­տեց Իս­րա­յէլեան բա­նակին կա­տարած աւե­րու­մը Հա­րաւա­յին Լի­բանա­նի տա­րած­քին։ Տե­ղեկա­գիրը ու­սումնա­սիրած է 1 Հոկ­տեմբեր 2024-էն մին­չեւ 26 Յու­նո­ւար 2025 կա­տարո­ւած անօ­րինու­թիւննե­րը։

11 ակա­նատե­սի վկա­յու­թիւննե­րուն եւ 77 նկա­րահա­նումնե­րուն ու­սումնա­սիրու­մով պար­զո­ւած է թէ աւե­լի քան 10 հա­զար բնա­կարան­ներ՝ մզկիթ­ներ, գե­րեզ­մաններ, ճա­նապարհներ, զբօ­սայ­գի­ներ եւ մար­զա­դաշ­տեր ան­գործա­ծելի դար­ձած են։ Բա­նակա­յին­նե­րը ռումբեր տե­ղադ­րած են զա­նազան վայ­րեր եւ ապա անոնց պայ­թումնե­րը ող­ջունած են ու­րախ ճի­չերով եւ ծա­փահա­րու­թիւննե­րով։

Ներ­ման Մի­ջազ­գա­յին Կազ­մա­կեր­պութեան վաս­տա­կաշատ վա­րիչ­նե­րէն Էրի­քա Կո­ւէվա­րա Ռո­սաս յայտնած է հե­տեւեալը. «Փաս­տե­րը կը վկա­յեն թէ Իս­րա­յէլի զի­նեալ­նե­րը դի­տումնա­ւոր կեր­պով աւե­րի գօ­տի մը կը թո­ղուն իրենց ետին։ Նման դէպ­քե­րու դի­տումնա­ւոր գոր­ծադրու­թիւնը ռազ­մա­կան յան­ցա­գոր­ծութիւն կը հա­մարո­ւի։ Լի­բանա­նի կա­ռավա­րու­թիւնը փոխ­հա­տուցման ծրա­գիր մը մշա­կելու եւ հա­տու­ցե­լու լծակ­ներ ու­նի։ Մի­ջազ­գա­յին Պատ­ժա­կան Դա­տարա­նի եւ Ռո­մայի հա­մաձայ­նագրի հի­ման վրայ Լի­բանա­նի հո­ղերուն վրայ գոր­ծուած յան­ցա­գոր­ծութիւննե­րը դա­տելու իրա­ւասու­թիւնը պէտք է շնոր­հո­ւի Լի­բանա­նի կա­ռավա­րու­թեան։ Բա­ցի այդ բո­լոր պե­տու­թիւննե­րը պէտք է նկա­տի ու­նե­նան իրենց ապա­հոված զէն­քե­րով գոր­ծո­ւած հա­կամարդկա­յին այս յան­ցա­գոր­ծութիւննե­րը եւ դադ­րեցնեն Իս­րա­յէլի ուղղեալ զէն­քի մա­տակա­րարու­մը»։

Տե­ղեկա­գիրը այս բո­լորին մա­սին ման­րա­մասն տե­ղեկու­թիւններ կը փո­խան­ցէ, նշե­լով զա­նազան բնա­կավայ­րե­րու անուննե­րը եւ հոն պա­տահածները։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ