Գիրքի Երեւանեան Միջազգային Փառատօնը Հայաստանի գրականութեան եւ գրահրատարակչութեան ոլորտի ամենամեծ գրական իրադարձությունն է։ Ան կ՚իրականացուի 2017 թուականէն սկսեալ։
Փառատօնը կը տեւէ 3 օր, կը մասնակցին 50-է աւելի հրատարակչութիւն, գրավաճառ եւ մշակութային կազմակերպութիւն, 200-էն աւելի գրողներ, քննադատներ եւ բազմաթիւ ընթերցողներ։
Փառատօնի հիմնական բաղադրիչներն են պարտադիր զեղչով գրքերու ցուցահանդէս-տօնավաճառը, «Արձակ», «Դրամատուրգիա», «Մանկապատանեկան գրականութիւն», «Պոեզիա» անուանակարգերուն գրական մրցոյթ, սպասուած շնորհանդէսներ, փանելային զրոյցներ, վարպետութան դասեր, հայ եւ արտասահմանեան գրողներու հետ բացառիկ հանդիպումներ, թատերական ներկայացումներ, գրական սթենտափ եւ այլն։
Տարուայ ամենամեծ գրական իրադարձութիւնը եղող փառատօնը այս տարուայ բացման պաշտօնական արարողութիւնը կը կայանայ 5 Սեպտեմբեր ուրբաթ օր Հանրապետութեան հրապարակի վրայ։
Բոլոր միջոցառումներու մուտքն ազատ է։