Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նեթանյահուն յայտարարած է, որ ինք անձամբ՝ որպէս Իսրայէլի վարչապետ, կը ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը։
«Արմենփրէս»ի փոխանցած տեղեկութեան համաձայն՝ Իսրայէլի վարչապետը այդ մասին յայտարարած է լրագրող Փաթրիք Պեթ-Դէյվիթին տուած հարցազրոյցի ընթացքին։
Լրագրողը յիշեցուցած է, որ Հոլոքոստը ճանչցուած է 193 տարբեր երկրներու կողմէ եւ շեշտած, որ եթէ կայ մի երկիր, որ կ՚ակնկալուէր, որ պէտք է ըլլար Հայոց ցեղասպանութիւնը, ասորիներու եւ յոյներու ցեղասպանութիւնը ճանչցած երկրներու ցանկին, այդ Իսրայէլն է։ Դէյվիթ, Նեթանյահուին հարցուցած է, թէ ինչո՞ւ Իսրայէլը չի ճանչնար Օսմանեան Կայսրութեան կողմէ իրականացուած Հայոց ցեղասպանութիւնը, ինչպէս նաեւ ասորիներու եւ յոյներու ցեղասպանութիւնը։
Նեթանյահուն պատասխանած է, որ փաստացի իրենք ճանչցած են։ «Ես կը կարծեմ, որ մենք փաստացի ճանչցած ենք, որովհետեւ ես կը կարծեմ, որ Քնեսեթն այդ հարցով բանաձեւ ընդունած է»,- յայտարարած է Իսրայէլի վարչապետը։
Լրագրողը ընդհատած է անոր եւ պնդած, որ ան ընէ անձամբ Նեթանյահուն՝ Իսրայէլի վարչապետը, որու ի պատասխան Նեթանյահուն ըսած է. «Այո, ես հէնց նոր ըրի այդ»։
Չնայած Իսրայէլի վարչապետը յայտարարած է, թէ իբր Քնեսեթը Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցնող բանաձեւ ընդունած է, իրականին իսրայէլացի տարբեր պատգամաւորներու կողմէ բազմիցս Հայոց ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս ճանչնալու վերաբերեալ բանաձեւեր ներկայացուած են, այդ թուին՝ 2018 եւ 2021 թուականներուն, սակայն բոլոր դէպքերուն անոնք մերժուած են։
Իսրայէլի վարչապետի այս յայտարարութիւնը քննադատութեան ենթարկուած է Ամերիկայի հայ դատի յանձնախմբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեանը՝ նշելով, որ Նեթանյահուի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման մասին յայտարարութիւնը արժանահաւատ կ՚ըլլայ այն դէպքին, երբ անոր հետեւի Ատրպէյճանի հետ ռազմական դաշինքի չեղարկումը, ինչպէս նաեւ Թուրքիայի վրայ Իսրայէլի ճնշումը, որպէսզի այդ երկիրը վերջ դնէ ժխտողականութեան քաղաքականութեան։ Ըստ Համբարեանի՝ հակառակ պարագային նման յայտարարութիւնը սեփական խախտումները քօղարկելու մարտավարական քայլ է։
Ինչպէս զանազան այլ օրինակներու մէջ ալ տեսած ենք Հայոց ցեղասպանութեան հաստատումը կամ ուրացումը բոլորովին կախեալ է այդ երկիրներու շահերէն։
Պատմական իրողութիւնները շահի դրդումներով շարժող պետութիւններու օրակարգին գալով զգալի ոչ մէկ նպաստ կը բերեն տուժած կողմին։
Բենիամին Նեթանյահու Թուրքիոյ հետ ունեցած ներկայ հակադրական դիրքին մէջ յարմար նկատած է հայոց ցեղասպանութիւնը ընդունելու մասին։ Ինք ցեղասպան եւ ահաբեկչական քաղաքականութիւն որդեգրած առաջնորդի մը նման յայտարարութիւնը երբեք եւ բացարձակապէս արժէք մը չի ներկայացնէր։
Մնաց որ սոյն հակադրութիւնը ձեւական է։ Անոր ենթագետինն է իսլամամէտ շրջանակներու ենթագիտակցութեան մէջ տեղ գտած հրեատեացութիւնը։ Իսկ գործնական գետնի վրայ ատրպէյճանական նաւթը Թուրքիոյ միջոցաւ կը փոխանցուի Իսրայէլ։