Ներքին քաղաքականութիւնը հակասութիւններով լեցուն

Երբ երկրի ներ­­քին քա­­ղաքա­­կանու­­թիւնը զբա­­ղած է «Ահա­­բեկ­­չութե­­նէ զերծ Թուրքիա» կո­­չու­­մով ծա­­նօթ հաշ­­տութեան գոր­­ծընթա­­ցին, երբ այդ առու­­մով կազ­­մո­­­ւած յանձնա­­խումբը յա­­ճախա­­կի ժո­­ղով­­ներ կ՚ու­­նե­­­նայ զա­­նազան կա­­ռոյցնե­­րու կամ կազ­­մա­­­կեր­­պութիւննե­­րու հետ, ան­­դին ընդդի­­մադիր գլխա­­ւոր կու­­սակցու­­թեան հան­­դէպ հա­­լածան­­քը նոյն թա­­փով կը շա­­րու­­նա­­­կուի։

Այսպէս 2 Սեպ­­տեմբե­­րին կա­­յացող դա­­տական վճի­­ռով մը չե­­ղեալ հա­­մարո­­ւեցաւ Ժո­­ղովուրդա­­հան­­րա­­­պետա­­կան կու­­սակցու­­թեան 2024-ին գու­­մա­­­րուած իս­­թանպու­­լեան հա­­մագու­­մա­­­րը։

Դա­­տարա­­նը հիմ­­նո­­­ւելով կարգ մը կու­­սակցա­­կան­­նե­­­րու ամ­­բաստա­­նու­­թեան, հա­­մոզում կա­­յացուց թէ կու­­սակցու­­թեան Իս­­թանպու­­լի վար­­չութեան ընտրու­­թեան մէջ կա­­շառքներ ու խոս­­տումներ տրո­ւած են կարգ մը պատ­­գա­­­մաւոր­­նե­­­րու։

Այս պնդու­­մը հա­­ւաս­­տի չէ, քա­­նի որ կը բա­­ցակա­­յի կա­­շառք տո­­ւող­­նե­­­րու եւ առ­­նողնե­­րու անուննե­­րը։ Սա­­կայն այդ պնդու­­մը իսկ բա­­ւարար եղած է, որ չե­­ղար­­կո­­­ւի հա­­մագու­­մա­­­րը եւ հոն կա­­յացած ընտրու­­թիւննե­­րը։ Աւե­­լին՝ դա­­տարա­­նը Կու­­սակցու­­թեան Իս­­թանպու­­լի մաս­­նա­­­ճիւ­­ղին հա­­մար տե­­ղապահ նշա­­նակած է եր­­կու շրջան առաջ այդ աթո­­ռը զբա­­ղեց­­նող Կիւրսել Թե­­քինը։ Իսկ Թե­­քին ար­­դէն իսկ հրա­­ժարած էր կու­­սակցու­­թեան ան­­դա­­­մու­­թե­­­նէ։

Այս զար­­գա­­­ցումնե­­րու դէմ կու­­սակցա­­պետ Էօզ­­կիւր Էօզել իր ընդվզու­­մը յայտնեց խօս­­քը ուղղե­­լով նա­­խագահ Էր­­տո­­­ղանին։ «Եթէ կը վախ­­նաս նա­­խագա­­հի թեկ­­նա­­­ծու Էք­­րեմ Իմա­­մօղ­­լո­­­ւէ, թող ան ետ քա­­շէ նա­­խագա­­հական իր թեկ­­նա­­­ծու­­թիւնը։ Ես ալ պատ­­րաստ եմ կու­­սակցա­­պետի իմ աթո­­ռը լքե­­լու, պայ­­մա­­­նաւ որ շու­­տա­­­փոյթ կազ­­մա­­­կեր­­պես կան­­խա­­­հաս ընտրու­­թիւննե­­րը»։

Յայտնի է որ կու­­սակցա­­պետը իր այս ելոյ­­թով աս­­պա­­­րէզ կը կար­­դայ նա­­խագահ Էր­­տո­­­ղանի դէմ հա­­շուի ու­­նե­­­նալով թէ բո­­լոր կան­­խա­­­տեսումնե­­րը կը վկա­­յեն Էր­­տո­­­ղանի իշ­­խա­­­նու­­թեան անկումը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ