Մենք միշտ կ’ուրախանանք երբ լսենք, թէ սփիւռքի մէջ կը կատարուի մշակութային մեծ ձեռնարկ մը։ Այսօր լուր ստացանք, թէ ընթացքի մէջ են ԱՄՆ Գալիֆորնիա նահանգի Փասատենա քաղաքի ամենամեայ հայկական Բ. փառատօնի պատրաստութեան աշխատանքները։Թերթիս գրողներէն Նորայր Տատուրեան, որ այդ փառատօնի կազմակերպիչներէն մէկն է, մեզի կը փոխանցէ հետեւեալ հաղորդագրութիւնը։
Երկու տարեկան փառատօնը
Նոյեմբեր 15, 2025, շաբաթ օր արեւածագէն մինչեւ մայրամուտ տեղի պիտի ունենայ Փասատենա հայաշատ քաղաքի հայկական երկրորդ փառատօնը։ Անդրանիկ փառատօնի յաջողութենէն քաջալերուած՝ կազմակերպիչ յանձնախումբը որոշած է աւելի մեծ եւ աւելի հնչեղ փառատօն մը կազմակերպել։ Քաղաքի հայկական եւ ամերիկեան մամուլը, լրատուական միջոցները, ինչպէս նաեւ ընկերային ցանցերը արդէն սկսած են աւետել փառատօնը։
Քաղաքապետարանի
շուքին տակ
Փասատենա քաղաքի հայկական առաջին փառատօնը անցեալ տարի տեղի ունեցաւ «Յաղթանակի Այգի» կոչուած հանրային պարտէզի էջ։ Անոր մասնակցած էր մօտաւորապէս 4000 հոգի։ Իսկ այս տարի Փասատենա քաղաքի ղեկավարութիւնը առաջարկած է, որ փառատօնը տեղի ունենայ քաղաքապետարանի շէնքի առջեւ՝ անոր լայն ու շքեղ հրապարակի վրայ, ուր կարելի է ընդունիլ աւելի քան հինգ հազար հոգի։
Համահայկական եւ միասնական
Փասատենայի հայկական փառատօնը եզակի եւ պատուաբեր երեւոյթ մը ունի. քաղաքի մէջ գործող բոլոր հայկական կազմակերպութիւններու միասնական աշխատանքն է ան: Ուստի, փառատօնին կը մասնակցին քաղաքի բոլոր հայկական դպրոցները՝ ինչպէս Յովսէփեան եւ Սահակ-Մեսրոպ միջնակարգ դպրոցները, Թաւլեան մանկապարտէզը եւ Փեթակ շաբաթօրեայ դպրոցը։ Նոյնիսկ ամերիկեան պետական երկու հանրակրթական դպրոց, որոնք հայկական բաժանմունք ունին, կը մասկացկին այս փառատօնին: (Այս երեւոյթը, յարգելի ընթերցող, պէտք է որ բացատրեմ ձեզի, քանի որ ան գոյութիւն չունի թրքական կրթական համակարգի մէջ։ Ուրեմն, եթէ քաղաքի մը մէջ որեւէ ազգութիւն, - հայ, չինացի, մեքսիքացի, յոյն - , մեծ թիւ մը կը ներկայացնէ, այդ թաղամասի կամ շրջանի հանրակրթական դպրոցի մէջ (devlet okulu) կը բացուի այդ աշակերտներու մայրենի լեզուն դասաւանդող բաժանմունք։ Անոնց մէջ դասերուն կէսը (թուաբանութիւն, պատմութիւն կամ գիտութիւն) մայրենի լեզուով կը կատարուի, որպէսզի փոքրամասնութեան զաւակները իրենց լեզուին լաւագոյնս տիրապետեն)։
Փառատօնին կը մասնակցին նաեւ քաղաքի հայկական եօթը եկեղեցիները (առաքելական, փողոքական, ելն.), քաղաքական, երիտասարդական եւ մշակութային բոլոր կազմակերպութիւնները, ինչպէս՝ ՀԲԸՄ, ՀՄՄ, ԹՄՄ, ՀՄԸՄ, ՀՅԴ, ՀԵԴ, ՀՕՄ, ԱՀԴՅ, ինչպէս նաեւ հայկական մշակոյթը եւ քաղաքական միտքը ներկայացնող այլ կազմակերպութիւններ։
8 ժամ վայելք
Փառատօնը ունի հայկական ճաշակով լեցուն ութը ժամ տեւողութեամբ ճոխ յայտագիր։ Յայտի երգիչներ, հայկական ընտիր եւ տոհմիկ խոհանոց, դպրոցներու հաճելի ներկայցումներ, պարախումբերու ներկայացումներ, ձեռագործերու վաճառքի տաղավարներ, մանկական խաղեր, հայ արուեստագէտներու ցուցադրութեան սեղաններ, եւ անշուշտ տաղանդաւորներու կողմէ պատրաստուած աշխոյժ հայկական երաժշտութիւն։
Բարեգործական միտք
Փառատօնը ունի բարեգործական նպատակ։ Մասնակից կազմակերպութիւններու միաձայնութեանբ որոշուած է, որ անոր եկամուտը քաղաքի երեք հայկական դպրոցներուն տրամադրուի (Յովսէփեան, Սահակ-Մեսրոպ, Թաւլեան)։ Փառատօնը հետեւաբար, թէ առիթ կու տայ հայկական դպրոցներուն, որպէսզի անոնք իրենց երգի, պարի լաւագոյն կատարումներով հասարակութեան ներկայանան եւ նոր աշակերտներ գրաւեն, եւ թէ փառատօնէ ստացուած եկամուտով իրենց աշակերտներուն աւելի լաւ ծառայելու նիւթական միջոցը ունենան։
Օտարը հիացաւ
Փասատենա քաղաքի փառատօնը անցեալ տարի արդէն օտար հիւրերու համար գրաւիչ դարձած էր։ Այդ գեղեցիկ ձեռնարկը, իր հայկական խոհանոցով, պարով, երգով, տոհմիկ արուեստի վաճառք-ցուցադրութիւններով եւ հայերու յատուկ հիւրասիրութեամբ հայկական մշակոյթը քաղաքի բոլոր բնակիչներուն (չինացի, յոյն, քորէացի, լատինածին, եւ այլն) ծանօթացնելու առաքելութիւն մըն ալ ունեցած էր։ Փառատօնը, որուն մուտքը ազատ է, հայկական սուրճը, կաթան, գորգը, տուտուկը, գրչութիւնը, լաւաշը, տարազը, քոչարին հպարտօրէն կը ցուցադրէ եւ այդ արժէքները համաշխարհային կը դարձնէ։
Յաջողութիւն կը մաղթենք եւ կը շնորհաւորենք կազմակերպիչ յանձնախումբը։