Յարատեւ հալածանք ընդդիմադիրներուն

Նախորդ շա­բաթ ար­դէն հա­ղոր­դած էինք դա­տարա­նի Ժո­ղովրդա­հան­րա­պետա­կան կու­սակցու­թեան Իս­թանպու­լի հա­մագու­մա­րը չե­ղեալ հա­մարե­լու մա­սին վճի­ռը։ Դա­տարա­նը այդ որո­շու­մին զու­գա­հեռ Իս­թանպու­լի ներ­կա­յացուցչու­թեան հա­մար տե­ղապահ նշա­նակած էր եր­կու շրջան առաջ այդ պաշ­տօ­նը ստանձնած Կիւրսել Թե­քինը։

Այդ օրէն ի վեր կը տի­րէ դի­մադ­րա­կան ալիք մը, կու­սակցու­թեան շար­քա­յին­նե­րու կող­մէ։ Անոնք հեր­թա­պահու­թեան դի­մած էին, կու­սակցու­թեան շէն­քի մուտքին։ Բայց եւ այնպէս նշա­նակեալ տե­ղապա­հը եր­կուշաբ­թի օր ոս­տի­կան­նե­րու ըն­կե­րակ­ցութեամբ յա­ջողե­ցաւ մտնել Իս­թանպու­լի կեդ­րո­նական մաս­նա­ճիւ­ղը եւ կը փոր­ձէ իր աշ­խա­տանքնե­րը կա­տարել։

Այս բո­լորը պա­տահե­ցան ոս­տի­կան­նե­րու բիրտ մի­ջամ­տութեամբ։ Անոնք դար­ձեալ ար­ցունքա­բեր կա­զեր ար­ձա­կեցին ժո­ղովուրդի վրայ։ Հեր­թա­պահու­թեան այս ար­շա­ւին մաս­նակցու­թիւն բե­րաւ նաեւ Բա­նուո­րական կու­սակցու­թեան պետ Էր­քան Պաշ իր հետ ու­նե­նալով նաեւ կու­սակցու­թեան երես­փո­խան­նե­րը։

Այս զար­գա­ցումնե­րու դի­մաց Ժո­ղովրդա­հան­րա­պետա­կան կու­սակցու­թիւնը որո­շած է փո­խադ­րել Իս­թանպու­լի կեդ­րո­նական ներ­կա­յացուցչու­թեան գրա­սենեակը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ