Թարգմանչաց տօնը կը յուշէ պատասխանատւութեան գիտակցութիւն

Ինչպէս նա­­խորդ տա­­րիներ, այս տա­­րի ալ Թարգման­­չաց վար­­դա­­­պետ­­նե­­­րու յի­­շատակ­­ման ձօ­­նուած շա­­բաթը յա­­տուկ եռու­­զեռ ստեղ­­ծած է քա­­ղաքիս հայ վար­­ժա­­­րան­­նե­­­րու մէջ։

Այս ծիրէն ներս 15 Հոկ­­տեմբեր չո­­րեք­­շաբթի խմբագ­­րա­­­տան շէն­­քին մէջ հա­­ճոյ­­քը վա­­յելե­­ցինք Ֆե­­րիքիւ­­ղի Մե­­րամեթ­­ճեան Վար­­ժա­­­րանի աշա­­կեր­­տութեան տո­­ւած այ­­ցե­­­լու­­թեան։ Անոնք դի­­մաւո­­րուե­­ցան հա­­յերն էջե­­րու խմբա­­գիր Բագ­­րատ Էս­­դուգեանի կող­­մէ։ Ստա­­ցան բո­­վան­­դա­­­կալից տե­­ղեկու­­թիւններ նախ եւ առաջ «Ակօս»ի եւ Հրանդ Տինք Հիմ­­նարկի կող­­մէ շա­­հագոր­­ծո­­­ւող եր­­բեմնի Անա­­րատ Յղու­­թիւն դպրո­­ցի շէն­­քի մա­­սին։ Էս­­դուգեան պատ­­մեց թէ դպրո­­ցը աշա­­կեր­­տի նո­­ւազու­­մի պատ­­ճա­­­ռով իր առա­­քելու­­թիւնը դադ­­րեցնե­­լէ շուրջ տաս­­նա­­­մեակ մը ետք ո՞ր պայ­­մաննե­­րով վար­­ձա­­­կալո­­ւած է Հրանդ Տինք Հիմ­­նարկի եւ «Ակօս»ի կող­­մէ։

Ապա նիւ­­թը հա­­սաւ մայ­­րե­­­նի լե­­զուի կա­­րեւո­­րու­­թեան, քա­­նի որ նշո­­ւեցաւ թէ աշ­­խարհի վրայ խօ­­սուող լե­­զու­­նե­­­րը կը նկա­­րագ­­րո­­­ւին հա­­զար­­նե­­­րով, իսկ գոր­­ծա­­­ծուող տա­­ռատե­­սակ­­նե­­­րը տաս­­նեակ­­նե­­­րով։ Այսպէս աշ­­խարհի վրայ գո­­յու­­թիւն ու­­նի ըն­­դա­­­մէնը 28 այ­­բուբեն­­ներ, որոնցմէ մէկն է Մես­­րո­­­պեան եր­­կա­­­թագի­­րը։ Թե­­րեւս այս հարստու­­թեան իբր երախ­­տիք, միայն հայ ժո­­ղովուրդն է, որ ու­­նի Թարգման­­չաց Տօն։

Էս­­դուգեան մայ­­րե­­­նիի կա­­րեւո­­րու­­թիւնը նշե­­լու կող­­քին աշա­­կեր­­տութեան կոչ ուղղեց իրենց ապ­­րած ժա­­մանա­­կաշրջա­­նի հան­­դէպ ու­­շադրու­­թեան եւ պա­­տաս­­խա­­­նատ­­ւութեան գի­­տակ­­ցութիւն։ Ան յի­­շեցուց Շո­­ւէտա­­ցի կլի­­մայի խնդիր­­նե­­­րու գոր­­ծիչ Կրե­­թէ Թունպեր­­կի օրի­­նակը, որ հա­­մարեա իրենց տա­­րեկից էր, երբ ստեղ­­ծեց դա­­սերը պոյ­­քո­­­թելով բո­­ղոք­­ներ կա­­տարե­­լու ըն­­թացքը։

«Մեր խմած ջրի, մեր կե­­րած հա­­ցի հան­­դէպ իսկ պա­­տաս­­խա­­­նատ­­ւութիւն պէտք է ու­­նե­­­նանք։ Այն ինչ որ կը վա­­յելենք, անսպառ աղ­­բիւրէ մը չի հո­­սիր։ Մար­­դիկ գի­­տեն քա­­րիւ­­ղի նիւ­­թա­­­կան ար­­ժէ­­­քը։ Բայց չեն գի­­տեր այն պարզ իրո­­ղու­­թիւնը, որ քա­­րիւ­­ղը խմել կա­­րելի չէ։ Եթէ այ­­սօր պա­­տերազմներ կը մղո­­ւին քա­­րիւ­­ղի տի­­րանա­­լու հա­­մար, եթէ չկան­­խենք մօտ ապա­­գային այդ նոյն կամ նոյ­­նիսկ աւե­­լի թէժ պա­­տերազմնե­­րը պի­­տի կա­­յանան ըմ­­պե­­­լի ջու­­րի հաս­­նե­­­լու հա­­մար» եզ­­րա­­­կացուց Էս­­դուգեան։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ