Նարլըգաբուի տարակարծութիւնը լուծուեցաւ

Յաճախ խնդրա­յարոյց կը դառ­նան հա­մայնքա­յին հաս­տա­տու­թիւննե­րու պատ­կա­նող գոյ­քի շա­հագործման եղա­նակ­նե­րը։ Այս ծի­րէն ներս վեր­ջին խնդի­րը ար­ձա­նագ­րո­ւեցաւ Նար­լը­գաբո­ւի Սուրբ Յով­հաննէս Եկե­ղեց­ւոյ թա­ղական խոր­հուրդի մէջ։ Եկե­ղեցա­պատ­կան տա­րած­քի մը այժմ ան­գոյ շէն­քի վե­րաշի­նու­թեան եւ 18 տա­րուայ ժամ­կէ­տով շա­հագործման հա­մաձայ­նութիւն մը կնքո­ւած էր ներդրող ըն­կե­րու­թեան հետ։ Նա­խաձեռ­նողնե­րը կը խոս­տա­նային կա­ռու­ցել երկյար­կա­նի շէնք, հա­ւատա­րիմ մնա­լով եր­բեմնի ճար­տա­րապե­տական ոճին։ Աւե­լի ետք այդ շէն­քը պի­տի օգ­տա­գոր­ծո­ւէր իբ­րեւ սրճա­րան եւ տա­րեկան 25 հա­զար ԱՄՆ տո­լար եկա­մուտ պի­տի ապա­հովէր եկե­ղեց­ւոյն։

Սա­կայն թա­ղական խոր­հուրդի ատե­նապետ Հեր­ման Կիւրճիեանի կող­մէ 18 Սեպ­տեմբե­րին ստո­րագ­րո­ւած հա­մաձայ­նութիւ­նը դժգո­հու­թիւն յա­ռաջա­ցուց թա­ղական խոր­հուրդի կարգ մը ան­դամնե­րու մօտ։

Այս մա­սին «Ակօս»ին բա­ցատ­րութիւններ տո­ւող Կիւրճիեան յայտնեց թէ հա­մաձայ­նա­գիրը ի զօ­րու չէ, քա­նի որ զուրկ է նո­տարի վա­ւերա­ցու­մէ։ «Եղած քննա­դատու­թիւննե­րը նկա­տի առ­նե­լով որոշ բա­րեփո­խումներ կա­տարո­ւեցան 21 Սեպ­տեմբե­րի նիս­տին եւ հա­մաձայ­նագրի վերջնա­կան ձե­ւը ըն­դունո­ւեցաւ միաձայ­նութեամբ։ Այս եկա­մու­տը նոր առիթ­ներ պի­տի ըն­ձե­ռէ կարօտեալ թա­ղեցի­ներու օժան­դա­կու­թիւն ապա­հովե­լու հա­մար» ըսած է Կիւրճիեան։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ