Կիպրացի թուրքեր դժգոհ Պահչելիի միջամտութենէն

Երկար տա­րիներ տի­րապե­տելէ ետք Օս­մա­նեան կայսրու­թիւնը Կիպ­րոս Կղզին ստի­պուե­ցաւ զի­ջելու Մեծն Բրի­տանիոյ։ Այդ զի­ջու­մին զու­գա­հեռ կղզիաբ­նակ յոյ­նե­րը դի­մեցին ան­կա­խու­թեան պայ­քա­րի։ Երբ կղզին տի­րացաւ իր ան­կա­խու­թեան, մշա­կուե­ցաւ յա­տուկ վար­չա­ձեւ մը յու­նաց եւ թուրքե­րու մի­ջեւ։

Նո­րան­կախ Կիպ­րո­սի հան­րա­պետու­թիւնը եր­կար տա­րիներ յա­ջողե­ցաւ ու­րոյն քա­ղաքա­կանու­թիւն մը վա­րել երկբե­ւեռ աշ­խարհի վրայ։ Այդ ռազ­մա­վարու­թեան ռահ­վի­րան էր Ար­քե­պիս­կո­պոս Մա­քարիոսը, որ մեծ յար­գանքի կ՚ար­ժա­նանար հա­մաշ­խարհա­յին դի­ւանա­գիտու­թեան մէջ։ Ան յա­ջողած էր որոշ հա­ւասա­րակշռու­թիւն ապա­հովել յոյն եւ թուրք ազ­գայնա­մոլ­նե­րու մի­ջեւ։ Այս ըն­թացքը խան­գա­րուե­ցաւ, երբ Յու­նաստա­նի զի­նուո­րական բռնա­տիրու­թեան քա­ջալե­րան­քով Նի­քոս Սամ­սոն յե­ղափո­խու­թիւն կա­տարեց երկրի իշ­խա­նու­թեան դէմ։ Այդ դէպ­քը առիթ դար­ձաւ Թուրքիոյ իշ­խա­նու­թիւննե­րուն, որոնք զի­նուո­րական մի­ջոց­նե­րով նո­ւաճե­ցին կղզիի հիւ­սի­սային հա­տուա­ծը։ Յա­ջոր­դեց այդ հա­տուա­ծի ան­կախ պե­տու­թիւն մը ըլ­լա­լով յայտնու­թիւնը։ Սա­կայն այս պե­տու­թիւնը չու­նե­ցաւ պաշ­տօ­նական ճա­նաչում թէ ՄԱԿ-ի եւ թէ աշ­խարհի բո­լոր եր­կիրնե­րու դի­մաց։ Միայն Թուրքիան էր, որ ճանչցաւ այդ հան­րա­պետու­թիւնը։

Իս­կոյն զան­գո­ւածա­յին տե­ղաշարժ մը կազ­մա­կեր­պո­ւեցաւ դէ­պի նո­րայայտ հան­րա­պետու­թիւն, որու հե­տեւան­քով ամ­բողջո­վին փո­խուե­ցաւ երկրի բնակ­չութեան դի­մագի­ծը։

Եկո­ւոր­նե­րու հո­սան­քին յա­ջոր­դեց Թուրքիոյ սեւ սա­կարա­նի ներ­խուժու­մը, իր տա­րաբ­նոյթ անօ­րինա­կանու­թիւննե­րով։

Տա­րինե­րու հո­լովոյ­թով թրքա­կան կող­մը տնտե­սու­թիւնը զգա­լի ան­կում ու­նե­ցաւ եւ բո­լորո­վին մատ­նո­ւեցաւ Թուրքիոյ տնտե­սական հա­մակար­գին։

Մինչ այդ Եւ­րո­միու­թեան լիիրաւ ան­դամ Կիպ­րո­սի տնտե­սու­թիւնը կ՚ար­ձա­նագ­րէր ան­նա­խադէպ զար­գա­ցում։ Այս հա­կասու­թիւնը կղզիաբ­նակ թուրքե­րու մօտ յա­ռաջա­ցուց Կիպ­րո­սի հետ հա­մաձու­լո­ւելու մի­ջոց­նե­րու որո­նու­մը։ Թուրքիոյ իշ­խա­նու­թիւննե­րը խստօ­րէն դէմ էին այս որո­նումնե­րուն, հե­տեւա­բար պե­տական բո­լոր ու­ժը ի գործ դրին ընտրու­թիւննե­րու ըն­դա­ռաջ տի­րող քա­ղաքա­կան մտքի ի նպաստ։

Սա­կայն ընտրու­թեան ար­դիւնքը տո­ւաւ բո­լորո­վին հա­կառակ պատ­կեր մը։ Թուրքիոյ աջակ­ցած թեկ­նա­ծուն ծանր պար­տութիւն կրեց իր մրցակ­ցին դի­մաց։

Այս զար­գա­ցու­մէ ետք Ազ­գա­յին Շար­ժում Կու­սակցու­թեան պետ Տեվ­լեթ Պահ­չե­լի գայ­թակղե­ցու­ցիչ յայ­տա­րարու­թիւնով մը հան­դէս եկաւ եւ Կիպ­րո­սի Թրքա­կան Հան­րա­պետու­թեան խորհրդա­րանէն պա­հան­ջեց ընտրու­թիւննե­րը չե­ղեալ հա­մարել եւ որո­շում կա­յաց­նել Թուրքիոյ միանա­լու մա­սին։

Ինչպէս կ՚ակնկա­լուէր, Պահ­չե­լիի այս ելոյ­թը խստօ­րէն դա­տապար­տուեցաւ կիպ­րա­ցի թուրքե­րու կող­մէ, այդ խօ­սոյ­թը ըն­կա­լելով իբ­րեւ երկրի ներ­քին քա­ղաքա­կանու­թեան եւ ժո­ղովրդա­վարու­թեան կո­պիտ մի­ջամտութիւն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ