ԲԱՐՌԵՍԻԱԲԱՐ
Գումգաբուի ձկնորսներն ու մերամեթճի կիները
Արա Կիւլերի Պոլիս առնուած լուսանկարներուն ընդհանուր թեման ծովն ու ձկնորսներն են։ «Գումգաբուի ձկնորսները» խորագիրը այս ցուցահանդէսին, որ Գումգաբուի ձկնորսներու թաղամասի լուսանկարներու քաղածոյ մըն է, 1952 թուականին «Ժամանակ» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած երիտասարդ ֆօթօլրագրող Կիւլերի «Քումքափուի հայ ձկնորսներու հետ» յօդուածաշարքի վերնագրէն ներշնչուած էր։ Արա Կիւլեր բազմաթիւ նկարներ լուսանկարած է այս թաղամասին առօրեայ եւ աշխատանքային կեանքէն, որուն յաճախ կ՚այցելէր նախքան ծովեզերեայ ճանապարհաշինութեան համար քանդուիլը։