Տիգրանակերտն ու մանանան

Ըստ Աստուածաշունչի զրոյցի մը, սպիտակ, մեղրահամ նիւթ մըն է մանանան, որ ամէն առաւօտ առատութեամբ երկինքէն կ՚իջնէր Սինա անապատի բոյսերուն վրայ, որով կը սնանէին Իսրայէլացիները, Մովսէսի Եգիպտոսէն գաղթի ժամանակ։

ՍԱՐԳԻՍ ՍԵՐՈՎԲԵԱՆ

seropyan@agos.com.tr

Ըստ Աստուածաշունչի զրոյցի մը, սպիտակ, մեղրահամ նիւթ մըն է մանանան, որ ամէն առաւօտ առատութեամբ երկինքէն կ՚իջնէր Սինա անապատի բոյսերուն վրայ, որով կը սնանէին Իսրայէլացիները, Մովսէսի Եգիպտոսէն գաղթի ժամանակ։

Այդպէս սորված էինք մեր կրօնքի ուսուցիչներէն նախակրթարանի տարիներուն։ Աստուածային բարիք մըն էր եւ «երկինքէն կ՚իջնէր մանանան» Իսրայէլի որդիները սնուցանելու համար։

Բաւական ուշ սորվեցանք, որ մանանան կը կոչուէր նաեւ «գազպէն», եւ Տարօն աշխարհի հասարակ ժողովուրդին որոշ ծառատեսակներու (հացենի, կաղնի եւայլն) վրայէն հաւաքելով իբրեւ սնունդ օգտագործած քաղձրահամ նիւթ մըն էր։ Տեղացի ժողովուրդին «Սուրբ Կարապետի հալվա» ալ անուանած գազպէնը առատօրէն կը գտնուէր Մշոյ դաշտի եւ Սասունի կողմերը։ Ան կը յառաջանար հարաւային քամիի բերած դեղձենիի, ծիրանենիի ծաղկեփոշիէն, որ նստելով ծառերու վրայ կը դառնար մեղրանման զանգուածի։ Բնակիչներ «Գուտրէթ հէլվասը» ալ կոչած մանանան հաւաքելով կ՚եփէին ու կ՚օգտագործէինն մեղրի կամ շաքարի փոխարէն։

Այսօր նպատակ ունինք ընթերցողներուս հետ բաժնել Տարօնի անմահական գազպէնին հետ աղերսուած աւանդութիւն մը։ Պատմողն է քարաւաններու անփոխարինելի, անանուն գուսաններէն մէկը, երկար ճանապարհին, երեկոյեան դադար առնուած բացօթեայ վայր մը կամ վրաններու տակ։

Բայց պարտինք աւելի քան 20 դարերէ աւելի հին այդ օրերու պատմութեան մեր դասը քիչ մը սերտել։

ՆՔ. Ա դարն է, Հայոց թագաւորներու մեծագոյնը՝ Տիգրան Բ. Պարսկաստանը նուաճած եւ մինչ այչ պարսիկ Շահերուն շնորհուած արքայից արքայ տիտղոսը առած է արդէն։ Այլեւս Արտաշատ մայրաքաղաքը սկսած է չբաւարարել իր նորանոր թռիչքներուն համար։ Ան որոշած է հիմնել Մեծ Հայքի, Փոքր Հայքի, Կապադովկիոյ, Ասորեստանի ու մինչեւ Միջերկրական Ծովու հսկելու համար մայրաքաղաք մը կառուցանել, արդէն երազներուն մէջ հիմնած Հայաստանի կեդրոնը, սրտին վրայ։

***  

Եւ այսպէս սկսաւ Տիգրիսի ձախակողմեան վտակ Խուլփի աջ ափին, Տաւրոսեան լեռներու ծունկերուն տակ արքաներու արքայ Տիգրանի ապագայ գահանիստ քաղաքի շինարարութիւնը։

Բոլորովին ամայի դաշտին վրայ առաջին առթիւ բարձրացան պալատի սիւնաշարերը։ Հայոց աշխարհի բոլոր գաւառներէն արքայական հրովարտակով հոս ժամանեցին հարիւրաւոր վարպետներ։ Իւրաքանչիւր գաւառի նահապետը պարտաւոր էր տոհմի անդամներէն մէկուն ընտանիքը փոխադրել նոր քաղաքը։ Արքաներու արքան այդպէսով կը նպատակադրէր ամբողջ երկիրը կապել իր ապագայ մայրաքաղաքի հետ։ Կարաւաններ հեռու վայրերէն շինարարական նիւթեր կը բերէին դէպի Աղձնիք։ Ամէն մէկ նահապետ կ՚աշխատէր նոր քաղաքը աւելի չքնաղ կառուցանել ու արժանանալ Տիգրան Մեծի բարեհաճութեան։

Շինարարները երկար ժամանակ մոռցան հաւկիթի համը։ Երկրի բոլոր գաւառներուն մէջ ձուի հարկը բարձրացուցած էր Տիգրան։ Ամէն օր հազարներով հաւկիթ կը վատնուէր արքայական պալատի, միջնաբերդի եւ պարիսպներու շինարարութեան շաղախ ապահովելու համար։

Գարնան վերջերը ապագայ մայրաքաղաքի մէջ երեւացին յոյներու, հրեաներու եւ ասորիներու մեծ խումբեր։ Տիգրան սկսած էր իր նուաճած երկիրներէն բռնի գաղթեցնել մեծ թիւով արհեստաւորներ։

Արարատի թարմ խաղողը՝ Տիգրանակերտ

Արարատեան դաշտին ոսկէ Աշունն իջեր, բերքը թափեր ու թեթեւացեր էր։

Շինական Տաճատի այգին բեռնաւորուած էր վճիտ ողկոյզներով։ Տաճատ յոյս ունէր ձմեռուան համար երկու կարաս խաղողահիւթ ամբարել։ Բայց արքայական հրովարտակը ամէն ինչ իրար խառնեց։ Պէտք էր թարմ խաղողը հասցնել Տիգրանակերտ։ Խումբ մը համադաշտեցիներու հետ Տաճատն ալ ճամբայ ինկաւ դէպի այդ հեռաւոր քաղաքը։ Կարաւանին բեռն էր ընտիր մրգերով լեցուն  կողովներ։

Ճանապարհին Տաճատ կը քալեր իր համագիւղացիներու հետ ու անխօս կ՚ունկնդրեր անոնց տաք խօսակցութիւնը։

- Եթէ այսպէս երթայ, օրին մէկը արքայից արքան կրնայ հրաման տալ որ մեր դաշտն ալ փոխադրենք Աղձնիք, կ՚ըսէր գիւղացիներէն մէկը։

- Արեգակը վկայ ճիշդ կ՚ըսես, կ՚արձագանգէր ուրիշ մը, հաւկիթը տուինք, բուրդը տուինք, հացահատիկը տուինք, հիմա ալ խաղողը։ Գոնէ որպէս տուրք գային ու իրենք առնէին, բայց արքայից արքան կ՚ուզէ որ մեր ձեռքով տեղ հասցնենք։

- Եւ զարմանալի է արքայից արքայի վարմունքը։ Այսքան մարդ բերքահաւաքէն կտրեր է եւ եղածը ի՞նչ է.- ամէն մէկը քանի մը կողով խաղող պիտի տանի քաղաքամայր։

- Այդ ալ չի բաւեր, կ՚ըսէ որ այնպէս տարէք, որ թարմ մնայ։ Բայց այստեղէն Աղձնիք խաղողը թարմ կը մնա՞յ։

- Եղբայր, մեր ինչի՞ն է պէտք այդ նոր քաղաքը, Արտաշատը չէ՞ր բաւեր։

- Կ՚ըսեն որ Տիգրանակերտը աշխարհ ամենամեծ քաղաքը պիտի ըլլայ։

- Շինականին ի՞նչ օգուտ ունին մեծ կամ փոքր քաղաքները։ Եթէ ինծի հարցնես, բոլոր քաղաքները կը քանդէի. ինչ վատ բան ուզես՝ քաղաքէն կուգայ, կռիւ ըլլայ՝ քաղաքէն կուգայ, տուրք ըլլայ՝ քաղաքէն...

- Հա՛ եղբայր՝ Տիգրանն ալ շատ հեռուներ կ՚երթայ, այդքան կռիւ որո՞ւ պէտք է։ Կարծես թէ մեր դաշտը մեզ կշտացուց, հիմա ալ ուրիշներ կը բերէ. այդ խեղճ ու կրակ մարդիկ չեն դիմանար այստեղ. արքայից արքան իր բերած գաղթական հրեաներուն հրամայեր է հող մշակել եւ արհեստաւորներուն տուներ սարքել։ Եւ այս բոլորին համար ալ մէկ տարի պայմանաժամ է տուեր։

- Արամազդը փրկէ այդ խեղճերուն։

Այսպէս զրուցելով շինականները արքայական պողոտայի հարթ ճանապարհով կը յառաջանային։ Անոնց կը հանդիպէին ուրիշ գաւառներէ Տիգրանակերտ մեկնող այլ կարաւաններ։ Մէկը տանձ ու խնձոր կը տանէր, միւսը նուռ, մէկ ուրիշը կարմրախայտ, չորրորդը դեղձ, հինգերորդը ձմերուկ ու սեխ, ուրիշներ խաղող եւ այլն։

Տարօնի մօտ մեծ կարաւանին միացաւ փոքրիկ կարաւան մը, որ ձիերու վրայ բեռնած գազպէն կը տանէր մայրաքաղաք։

- Տեսնուած բա՞ն է որ գազպէնի հարկ առնուի, կը տրտնջային տարօնցիները։

- Անահիտ աստուածուհին կրնայ օր մը զայրանալ, զրոյցին խառնուեցաւ փանդիռն ուսին կախած գողթնեցի գուսան մը։

- Ինչո՞ւ պիտի զայրանայ, մօտենալով գուսանին, հարցուցին շինականները։

- Որովհետեւ գազպէնը աստուածային բարիք է եւ հարկի ենթակայ չէ։

- Խօսէ՛ գուսան երբայր, պատմէ՛, խնդրեցին խանդավառուած տարօնցիները։

Եւ գուսանը փանդիռն առաւ ու սկսաւ պատմել.

Երբ մեր լեռնաշխարհի մէջ բազմացան Հայկ նահապետի սերունդները, չար ոգիները սկսան նախանձ ու չարութիւն ներարկել մարդոց սիրտերը։ Եւ մեծն Արամազդ տեսաւ այս բոլորը։ Տեսաւ ու խորհեցաւ այդ մասին։ Օր մըն ալ ան հրաւիրեց աստուածները, խորհուրդ առաւ եւ յայտնեց անոնց, որ Հայոց աշխարհի մարդիկ հանգիստ չեն կենար։ Ապա հարցում ուղղեց. «Ո՞վ յանձն կ՚առնէ իր կամքով երթալ այդ աշխարհը եւ հովանաւոր ըլլալ հայոց ազգին՝ անոր հոգին ու միտքը կեղտէն մաքրելու ու յաւերժ անաղարտ պահելու համար»։

Հրաժարեցան աստուածները, ըսելով.- «Հայերը կոշտ ու կոպիտ են իրենց լեռներուն պէս, հայերը հպարտ ու անմատչելի են իրենց լեռներուն նման եւ ինչ կրնանք ընել մենք՝ աստուածներս։ Ով դու, Արամազդ, հայր աստուածներու, առաքէ հոն մեր սիգաճեմ, ամենագեղեցիկ աստուածուհիներէն մէկուն, ան կրնայ փափկեցնել հայերու սիրտերը։ Հայերը կը սիրեն գեղեցիկը՝ իրենց լեռներուն նման, հայերը կը պաշտեն ու յարգեն կանանց՝ իրենց լեռներուն նման»։ Այն ատեն Արամազդ դիմեց դիցուհիներուն. «Ո՞վ կ՚ուզէ մեկնիլ աշխարհն Հայոց եւ հոն անցնել իր բոլոր կեանքը»։

Դիցուհիներէն ո՛չ մէկը պատասխանեց. Արամազդ կրկնեց իր հարցումը, բայց նորէն չարձագանգեցին անոր։

Եւ իմաստուն Արամազդը որոշեց Հայոց աշխարհի աստուածուհին ընտրել աստուածներու հօր մեծահոգութեամբ։

Վիճակ քաշեցին։

Եւ զարմանալիօրէն վիճակն ինկաւ ամենագեղեցիկ աստուածուհի Անահիտին։

Տխրեցաւ Անահիտը, գունատուեցան անոր ոսկեգոյն այտերը, բայց չառարկեց վիճակի դէմ։ Աստուածուհին հօրմէն մէկ բան միայն խնդրեց, որ թոյլ տայ այդ լեռներու հոգի եւ սիրտ ունեցող մարդոց աշխարհ մեկնին նաեւ փոքրիկ քոյրերը՝ Աստղիկն ու Գիսանէն։ Այս վերջինը հեթանոս հայերու պտղաբերութեան, բժշկութեան եւ ծննդաբերութիւնը հովանաւորող աստուածուհին էր, իսկ Աստղիկ՝ սիրոյ, երկնային լոյսի եւ գեղեցկութեան աստուածուհին։

Արամազդ չմերժեց իր ամենագեղեցիկ դստեր խնդրանքը։ Եւ ճամբայ ինկան երեք քոյրերը դէպի աշխարհն Հայոց, դէպի երկիրը վեհաձիգ լեռներու։ Անոնց աչքին առաջինը երեւաց սպիտակազգեստ Մասիսը։ Նայեցաւ Անահիտը հպարտ Մասիսին ու մտածեց. «Միթէ բոլոր հայերը այսքան հպարտ են։ Ես ի՞նչպէս կրնամ լեզու գտնել անոնց հետ»։

Լացաւ Անահիտը, յուսահատեցաւ եւ դանդաղեցուց իր գնացքը։ Մարգարիտներ դարձան անոր արտասուքները եւ փռուեցան երկինքի վրայ։ Ու ամէն տարի, ամրան ու աշնան այդ արտասուք մարգարիտները կ՚իջնեն Արածանիի հովտագաւառներու խոտառատ վայրերու եւ հացենիի, կաղնիի անտառներու վրայ։ Ան քաղձր ու համեղ է ինդպէս մեղրը։

Անահիտ աստուածուհիի մարգարտացած արտասուքը մեր գազպէնն է, որ կ՚իջնէ երկինքէն։ Ահա քանի դար է հայերը կը հաւաքեն զայն, բլիթներ կը շինեն եւ կը գործածեն իբրեւ անուշեղէն։ Բայց եթէ Անահիտը իմանայ, որ այժմ գազպէնը որպէս տուրք կը տարուի Տիգրանակերտ, ան իր մարգարտացած արցունքներէն կը զրկէ Հայոց աշխարհը։

Այսպէս վերջացուց իր զրոյցը գողթանցին։