Դարադարձի Ուլմեան միջոցառումներ

Գերմանիոյ Պատէն Ուիւրթեմպէրկ նահանգի Ուլմ քաղաքին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան դարադարձը կը ոգեկոչուի միջոցառումներու շարքով։ Քաղաքի ժողովրդական լսարանը (vh Ulm) ընդառաջելով ընկերաբան Իմրան Կիւրթաշի ներկայացուցած նախագծին, ձեռնարկած է հարիւրամեակի միջոցառումներ։Անուանի տուտուկահար Էրթան Թէքին եւ ժողովրդական երգիչ Ահմէտ Ասլան համերգով մը հանդէս եկան ու ներկայացուցին հայ ու ալէվի երաժշտութենէ ընտրուած հարուստ յայտագիր մը։Շաբաթ մը անց, Գերմանիոյ հայ համայնքի ներկայացուցիչ Ռաֆֆի Քանթեան բանախօսեց «Ցեղասպանութեան ժամանակագրութիւնը» խորագրով։

Գերմանիոյ Պատէն Ուիւրթեմպէրկ նահանգի Ուլմ քաղաքին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան դարադարձը կը ոգեկոչուի միջոցառումներու շարքով։ Քաղաքի ժողովրդական լսարանը (vh Ulm) ընդառաջելով ընկերաբան Իմրան Կիւրթաշի ներկայացուցած նախագծին, ձեռնարկած է հարիւրամեակի միջոցառումներ։

Այսպէս առաջին ներկայացումը եղած է երաժշտական մարզէն ներս։ Անուանի տուտուկահար Էրթան Թէքին եւ ժողովրդական երգիչ Ահմէտ Ասլան համերգով մը հանդէս եկան ու ներկայացուցին հայ ու ալէվի երաժշտութենէ ընտրուած հարուստ յայտագիր մը։

Շաբաթ մը անց, Գերմանիոյ հայ համայնքի ներկայացուցիչ Ռաֆֆի Քանթեան բանախօսեց «Ցեղասպանութեան ժամանակագրութիւնը» խորագրով։

Յաջորդ բանախօսութեան համար հրաւիրուած էր պատմաբան Գայանէ Էիսլէր, որ ներկայացաւ «Ցեղասպանութիւնը եւ գերտէրութիւններու դերակատարութիւնը» խորագիրով։

Չորրորդ միջոցառումը դարձեալ բանախօսութիւն մըն էր, ուր այս անգամ հետաքրքիր զանգուածի մը դիմաց ելոյթ կ՚ունենար Պէրլին համալսարանի կից գործող Օթթօ-Սուհր ինստիտուտի գիտաշխատող Տոքթ. Պիլկին Այաթա։ Ան ալ իր զեկոյցը բովանդակեց «Հայոց ցեղասպանութիւնը- Քաղաքականութիւն եւ ցեղասպանութեան լեզուն» խորագրի ներքեւ։

Շարքի հինգերորդ միջոցառումը բացի Բագրատ Էսդուգեանի եւ Քազըմ Կիւնտողանի ելոյթներէն, կ՚ընդգրկէր նաեւ Նէզահաթ Կիւնտողանի «Հայ-Վայ Զաման» վաւերագրական ֆիլմի ցուցադրութիւնը, ուր ականատեսներ կը պատմէին պատահածներուն եւ անոնց հետեւանքներուն մասին։  Բագրատ Էսդուգեան իր ելոյթին մէջ անդրադարձաւ ցեղասպանութեան գետին պատրաստող պայմաններուն եւ անպատժելիութեան այս նիւթին մէջ յարատեւութիւն մը գոյացնելու յատկութեան վրայ։ Իսկ Քազըմ Կիւնտօղան օրինակներ թուեց Տէրսիմի ցեղասպանութենէն, նշելով որ ան լրացուցիչն էր Հայոց ցեղասպանութեան։ Շարքի այս հատուածը յաջորդ օր ալ կրկնուեցաւ Կյէնկէն քաղաքի մէջ, այստեղի Ալէվի Մշակոյթի Կեդրոնի նախաձեռնութեամբ։ Այս ձեռնարկի մէջ հաճելի անակնկալ մըն էր Հալէպէն վերջերս այս քաղաքը գաղթած Նաթալի Ղուկասեանի հայրէնաշունչ արտասանութիւնը։ Ղուկասեան ընտանիքը քաղաքացիական պատերազմի բերումով կործանած Հալէպ քաղաքէն եկած են հոս եւ կը վայելեն տեղւոյն ալէվի համայնքի ջերմ հոգածութիւնը։

Իսկ 11 Մարտին նոյն շրջագծով ցուցադրուեցաւ հայ ժողովուրդի մեծ ողբերգութիւնը բնութագրող «Աղէտ» վաւերագրական ֆիլմը։

Նախագծի մտայղացող Իմրան Կիւրթաշի այս շարքի համար նախատեսած վերջին միջոցառումն ալ Նէճաթի Այպարի բանախօսութիւնն էր՝ «Ցեղասպանութեան զոհ հայ լրագրողներ» որ կը վայելէր Սոցիալիստ Վերակառուցման Կուսակցութեան եւ Գերմանիոյ Գաղթական Աշխատաւորներու Ֆետէրացիայի զօրակցութիւնը։ Ուլմի ժողովրդական լսարանի միջոցառումներուն մասին աւելի մանրամասն տեղեկութեան համար կարելի է օգտուիլ www.vh-ulm.de կայքէջէն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ