Յանուն պատմութեան սրբագրումին

Հրանդ Տինք Հիմնադրամը ձեռնարկած է նոր աշխատութեան մը, որու հետեւանքով կը նպատակադրէ յայտնաբերել երկրի կորուստեալ մշակութային ժառանգը։ Այս առումով Հիմնադրամը կազմած է գիտաշխատողներու խմբակ մը, որոնք մեծ բծախնդրութեամբ կը ստուգեն բովանդակ երկրին տարածուած կանգուն կամ աւերակ բազմահազար մշակութային արժէք ունեցող ճարտարագիտական կոթողներ։Նախագիծը սկսած էր 2014 թուի առաջին ամիսներուն։ Այս մասին լրացուցիչ տեղեկութիւններ կը փոխանցեն նախագծի համակարգող Մերվէ Քուրթ եւ ուսումնասիրողներէն Զէյնէփ Օղուզ ու Թունա Պաշըպէք։

ՈՒՅԿԱՐ ԿԻՒԼԹԷՔԻՆ

uygargultekin@agos.com.tr

Հրանդ Տինք Հիմնադրամը ձեռնարկած է նոր աշխատութեան մը, որու հետեւանքով կը նպատակադրէ յայտնաբերել երկրի կորուստեալ մշակութային ժառանգը։ Այս առումով Հիմնադրամը կազմած է գիտաշխատողներու խմբակ մը, որոնք մեծ բծախնդրութեամբ կը ստուգեն բովանդակ երկրին տարածուած կանգուն կամ աւերակ բազմահազար մշակութային արժէք ունեցող ճարտարագիտական կոթողներ։ Երկրի հիմնարկութեան շրջաններէն փոխարկուած տիրող գաղափարախօսութիւնը կը մերժէր այն ամէն ինչ, որը թրքապատկան չէ։ Այս առումով ալ գիտակցութեան մեծ թերացումը պատճառ եղաւ որ անտէրութեան մէջ ժամանակի աւերումին ենթարկուին այդ հնագոյն արժէքները։ Աշխատութիւնը սահմանուած չէ միայն հայկական հարստութիւնով, ուստի գիտաշխատողները կը ստուգեն նաեւ յոյներու, ասորիներու կամ հրեաներու պատկանող զանազան աղօթատեղիներ, ուխտավայրեր, բերդեր եւ այլ ճարտարապետական կոթողներ։ Այս աշխատութիւնը կը կատարուի Նորա Միլտանօղլու, Զաքարիա Միլտանօղլու, Մուսթաֆա Պաթման, Էզկի Տէնիզ Պէրք, Մերվէ Քուրթ, Վահագն Քեշիշեան, Թունա Պաշըպէք, Ալեքսանտրոս Քամփուրիս, Շահիքա Գարաթեփէ, Զէյնէփ Օղուզ եւ Նորայր Օլկարէ բաղկացող աշխատախումբի մը կողմէ։ Նախագիծը սկսած էր 2014 թուի առաջին ամիսներուն։ Այս մասին լրացուցիչ տեղեկութիւններ կը փոխանցեն նախագծի համակարգող Մերվէ Քուրթ եւ ուսումնասիրողներէն Զէյնէփ Օղուզ ու Թունա Պաշըպէք։

Զէյնէփ Օղուզ  

«Աննախադէպ ծրագիր մըն է այս։ Սկիզբը աւելի ծանրացած էինք հայկական մշակոյթի ժառանգի վրայ։ Բայց հետզհետէ աշխատութիւնը ծաւալեցաւ եւ հիմա կ՚ուսումնասիրենք բովանդակ երկրի մշակութային ժառանգը։ Ժամանակի սահմանում մը չենք ըրած։ Այս ալ կը դիւրացնէ մեր աշխատութիւնը։ Երկրի ամէն տեղէն կարծես պատմութիւն կը բխի։ Ուր որ կը նայինք պատմութիւն դուրս կու գայ։ Իրողութիւն է նաեւ որ այս աշխատութիւնը դատապարտուած է անաւարտ մնալու։ Միշտ նոր յայտնութիւն մը պիտի ելլէ մեր դիմաց»։

Թունա Պաշըպէք

«Մեր գրանցումը կ՚ընդգրէ ամէն տեսակը վանքերը, եկեղեցիները, դպրոցները, որբանոցները, գերեզմանատուները եւլն.։ Տակաւին բազմաթիւ տուեալներ ունինք ու կը շարունակենք գրառումներուն։ Կ՚օգտուինք Օսմանեան արխիւներու արձանագրութիւններէն։ Մանաւանդ ԺԸ. դարուն եկեղեցաշինութեան մասին անհամար տուեալներ կան։ Իսկ մեր գլխաւոր դժուարութիւնը տեղանուններու փոփոխութիւնն է։ Զանազան տեղեր, այս փոփոխութիւններու պատճառաւ անգտանելի կամ անհասանելի դարձած են։ Մի այլ դժուարութիւն է կալուածներու արձանագրութեան հասնելու խնդիրը։ Այդ արխիւները փակ են ուսումնասիրողներու դիմաց։ Միւս կողմէն կը պնդուի որ Վաքըֆներու Ընդհանուր Տնօրէնութիւնը կամ Մշակոյթի Նախարարութիւնը նման աշխատութիւն մը տարած է, բայց այդ պնդումը արդարացնող որեւէ տուեալ գոյութիւն չունի։ Կուսակալութիւնները որոշ ցանկեր ունին, բայց անոնց մէջ ալ քրիստոնեաներու կառոյցները տեղ չեն գտած։ Ի վերջոյ պատմութեան հետք պիտի թողենք այս աշխատութիւնով»։

Մերվէ Քուրթ

Մերվէ Քուրթ

«Աշխատութիւնը կը հովանաւորուի Թուրքիոյ Եւրօմիութեան Նախարարութեան կողմէ։ Երկարատեւ աշխատութիւն մը պիտի ըլլայ։ Մեր գիտաշխատողները շատ տարբեր աղբիւրներէ օգտուելու կարողութիւն ունին։ Դիւրաւ կրնան ընթեռնել հայերէն, յունարէն, օսմաներէն, ֆրանսերէն, անգլերէն, գերմաներէն եւ արաբերէն աղբիւրները։ Ունինք բաւական լայն գիտութիւնով զինուած խորհրդատուներու խմբակ մը։ Կը գործակցինք նաեւ մշակութային ժառանգի պահպանման միութեան հետ։ Աշխատութեան տեսանելիութիւնը եւ հասանելիութիւնը կը կարեւորենք։ Այդ պատճառաւ ալ համացանցին վրայ քարտէս մը պատրաստած ենք, ուր կը տեսնուին նշուած բոլոր գործերը։ Օրինակի համար Թուրքիոյ տարածքին որեւէ գիւղի մը վրայ հպելով այդ տարածքի բոլոր պատմական կառոյցները պիտի տեսնուին մանաւանդ ալ եթէ նկարահանուած են։ Կը յուսանք որ այս աշխատութիւնը պիտի սատարէ նաեւ կարգ մը շինութիւններու առյաւէտ կորսուելէ փրկուելուն»։

Հրանդ Տինք Հիմնադրամը անգամ մը եւս կը ձգտի մեծ գործեր յաղթահարելու մարտահրաւէրին։

 

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ