Միշտ համոզուած եմ, որ մեր տարածաշրջանի բնութեան պէս ներդաշնակ ու գեղեցիկ ոչ մի տեղ չկայ։ Լոռուայ բնաշխարհը կ՚առանձնանայ իր իւրայատուկ կանաչով ու վսեմ լեռներով։ Շատ անգամներ տատիս ձեռքը բռնած անցած եմ մեր հին փողոցով, ու ան պատմած է աքասիաներու մասին, երբ անոր ծաղիկներու բոյրը զգացած ենք։ Յետոյ, շատ յետոյ, միայն ծանօթացայ նաեւ մեր պատմամշակութային ժառանգութեան, որովհետեւ փոքր տարիքին առանձնապէս հետաքրքրուած չէի եկեղեցիներով ու յուշարձաններով։
ԷՄՄԱ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ
Միշտ համոզուած եմ, որ մեր տարածաշրջանի բնութեան պէս ներդաշնակ ու գեղեցիկ ոչ մի տեղ չկայ։ Լոռուայ բնաշխարհը կ՚առանձնանայ իր իւրայատուկ կանաչով ու վսեմ լեռներով։ Շատ անգամներ տատիս ձեռքը բռնած անցած եմ մեր հին փողոցով, ու ան պատմած է աքասիաներու մասին, երբ անոր ծաղիկներու բոյրը զգացած ենք։ Յետոյ, շատ յետոյ, միայն ծանօթացայ նաեւ մեր պատմամշակութային ժառանգութեան, որովհետեւ փոքր տարիքին առանձնապէս հետաքրքրուած չէի եկեղեցիներով ու յուշարձաններով։
Մեր տարածաշրջանը յատկապէս աչքի կ՚իյնայ իր հնամեայ եկեղեցիներով։ Թումանեանի բնօրրանը հարուստ է երկու տասնեակ սրբավայրերով, որոնցմէ նշանաւոր վանական համալիրներն են Օձունի, Սեդվու, Արդվու, Հոռոմայրի, Քոբայրի, Դսեղի, Սանահինի ու Հաղպատի վանքերը։
Ինձ համար կ՚առանձնանայ յատկապէս Հաղպատավանքը՝ իր հետաքրքրական պատմութիւնով ու իւրայատուկ գեղեցկութիւնով։ Առաջին անգամ մտած եմ Հաղպատավանք 10 տարեկանիս։ Տատիս պատմութիւններով իմացայ, որ Հաղպատավանքի մէջ ծառայած է նաեւ Սայաթ-Նովան, ուշ միջնադարի մեծագոյն հայ աշուղ-բանսատեղծը։
Հաղպատ անուանման հետ կապուած են բազմաթիւ առասպելներ, անոնցմէ մէկին համաձայն Սանահինի իշխաններէն մէկը կը հրաւիրէ իր մօտ համբաւաւոր մի վարպետ՝ վանք կառուցելու համար։ Վարպետը կը ներկայանայ իշխանին որդու հետ։ Աշխատանքի ընթացքին վէճ կ՚առաջանայ հօր եւ որդիի միջեւ։ Որդին ալ մի ուրիշ իշխանին վարձով մէկ այլ վանք կ՚առուցել կը սկսի։ Հայրը կ՚այցելէ որդին՝ տեսնելու որդիի շինարարութիւնը, կը մօտենայ կիսասարք վանքի պատին եւ երկար կը զննէ այն։ Կը հրէ շարուածքի քարը ու կ՚ըսէ. «Ախ Պատ»։ Այստեղ հայր եւ որդին կը գրկախառնուին եւ կը հաշտուին, իսկ վանքին կը մնայ «Հաղպատ» անուանումը։ Որքան ալ իրաւացի չի թուի, վանքի անունի մասին ամենատարածուն պատումներէն մէկն է այս։
Հաղպատավանքը Հայաստանի խոշորագոյն եւ նշանաւոր վանքային համալիրներէն է, ուր առաւել շեշտուած են միջնադարի հայ ճարտարապետութեան առանձնայատուկ գծերը. գեղատեսլութիւն, տարածքային հաւասարակշռուածութիւն ու շրջակայ միջավայրի հետ ներդաշնակութիւն։ Շրջապարսպի ներսը կը գտնուին Սուրբ Նշան, Սուրբ Գրիգոր, Սուրբ Աստուածածին եկեղեցիները, գաւիթը, ժամատունը, գրատուն-մատենադարանը, զանգակատունը, սեղանատունը, մատուռ-դամբարանները ու խաչքարերը։ Հաղպատավանքն այցելուներու պակաս չունենար բովանդակ տարին։ Հաղպատավանքը Սանահինի վանական համալիրի հետ միասին կը հանդիսանան ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան նմոյշ։ Այս երկու վանական համալիրները պատմական միեւնոյն ժամանակաշրջանի ուղերձն ու ոգին կը կրեն, սակայն անոնցմէ իւրաքանչիւրը ունեցած է առանձնակի դերակատարութիւն՝ ըլլալով նշանաւոր գիտակրթական, մշակութային եւ հոգեւոր կեդրոն։
Սանահինի վանական համալիրը կը գտնուի համանուն գիւղի տարածքին՝ Ալավերդի քաղաքի շրջանին։ Հին ժամանակներէն ի վեր մաս կազմած է Մեծ Հայքի Գուգարք աշխարհի Տաշիր գաւառին։ Աւանդութեան համաձայն վանքը հիմնադրուած է Սուրբ Նշանի յիշատակումով։ Սանահին անուանումն ալ ունի դժուար հաւատալի բացատրութիւն, ըստ որու «Աս անոնցմէ հին է» արտայայտութիւնով, այսինքն՝ Սանահինը հին է Հաղպատէն։
Եթէ Լոռու պատմութիւնը զիս տարաւ դէպի հեռաւոր անցեալ, Լոռեցիի յատուկ սրամտութիւնն ալ կը սթափեցնէ, կը բերէ ներկայ ժամանակներ։ Ես իմ քաղաքիս կենսունակութիւնը կը զգամ իր հիանալի լաւատեսութեամբ, որուն ժողովրդական բարբառի մէջ արտացոլումն է «Դըպա լաւը» հաստատումը։
Լոռու մարզ. «դըբա լաւը»
-Թէ արդար ես, միտքդ բարի,
Վեր կաց, արի մեր Լոռի,
Վեր կաց, թէկուզ թոռ ու ծոռով,
Ճամբայ ընկի ու արի:
Ձորում ըլնես, թէ հանդերում,
Դու ճամբին չես մոլորվի,
Ամէն մարդու բախտ չի բերում,
Ղոնախ գայ չքնաղ Լոռի:
Առաջ արի, ըմանչիլ մի,
Վեր կալ թասով արաղը,
Օրհնանք ասա, կենաց ասա.
Մոռացի տարտն ու ցաւը:
Դըբա լաւը, դըբա լաւը,
Դըբա լաւը, դըբա լաւը,
Մոռացի տարտն ու ցաւը…
Եւ իսկապէս ամէն մարդու բախտը չի բերեր հիւր գալ չքնաղ Լոռի։ Ինչպէս Սամուէլ Խալաթեանի կողմէն գրուած երգին մէջ կ՚ըսուի՝ Լոռուայ չքնաղ բնութիւնը ու լոռեցիներու առատ հիւրասիրութիւնը մարդկանց մոռցնել կու տայ տարտ ու ցաւը։ Տարիներ առաջ «Լոռուայ Աշուն» տօնակատարութեան համար գրուած «Դըբա լաւը» երգը դարձած է Լոռուայ իւրօրինակ հիմնը, իսկ «Հորովել» երգի-պարի համույթի՝ ամենատարածուած կատարումներէն մէկը։ Լոռեցիներու բարբառով «Դըբա լաւ»ը՝ կը նշանակէ դէպի լաւը. սա անոնց որպիսութեան հարցի պատասխանն է։ Վաճառանիշային այս արտայայտութիւնը յայտնուած է նաեւ մարզի խանութներէն քանի մը հատի ցուցանակներուն, դարձել գովազդային վահանակ ու քննարկման առիթ՝ սոցիալական ցանցերուն։ «Դըբա լաւը» գուցէ այդքան լայն տարածում չունենար, եթէ չլիներ անյայտ կատակասէրը, ով Լոռու մարզի մուտքը ազդարարող ցուցանակի պեթոնասալին արդէն մօտ 16 տարի սպիտակի վրայ սեւով, սեւի վրայ՝ սպիտակով կը մակագրէ. «Դըբա լաւը»։ Ցուցանակը կը գտնուի Ջրաշեն եւ Ծիլքար գիւղերու հարեւանութեամբ գտնուող լեռնանցքի բարձունքին՝ Լոռու եւ Արագածոտնի մարզերու սահմանագծին։
Ճանապարհը սպասարկող կազմակերպութեան աշխատակիցները տասնեակ անգամներ ներկած-ջնջած են անյայտ մարդու այդ գրութիւնը, սակայն վերջինս անկոտրում եռանդով ամէն անգամ վերականգնած է գրութիւնը։ Ճանապարհը սպասարկող կազմակերպութեան եւ անյայտ կատակասէրի միջեւ տասնեակ տարիներ ձգուող պայքարը, կարծես, աւարտուած է՝ կատակասէրի յաղթանակով։ Արդէն երկար ժամանակ է, որ գրութիւնը չի մաքրուիր։ Լոռու մարզ մուտք գործող մեքենաներու վարորդներու դէմքին ամէն անգամ ժպիտ կ՚առաջանայ՝ «դըբա լաւը» տեսնելով։ Միամիտ, սակայն անշառ հումորով օժտուած լոռեցիք լաւատես են եւ այդ յատկութիւնը չեն թաքցնէր։