ՎԱՐԴԱՆ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
estukyan@gmail.com
Պաթմանի Քոզլուք գաւառին մէջ բանակի պարտադիր ծառայութիւնը կատարելու պահուն զինընկերոջ՝ Քըվանչ Աղաօղլուի կրակոցով մահացած զինծառայող Սեւակ Պալըքչըի սպաննութեան դատավարութեան հերթական նիստը կայացաւ 25 Փետրուարին, Տիյարպէքիրի մէջ։ Փաստաթուղթերու պակասի պատճառաւ դատը յետաձգուեցաւ 6 Ապրիլ թուականին։ Դատական նիստին մասնակցած էին Սեւակի հայրը Կարապետ եւ մայրը Անի Պալըքչը։ Վշտահար ծնողներուն հետ խօսեցանք թէ դատավարութեան եւ թէ իրենց Հայաստան տեղափոխուելու շուրջ լսումներու մասին։
Կարապետ Պալըքչը յայտնեց որ նիստը շատ կարճ տեւած է։ «Ակնթարթի մէջ աւարտեցաւ նիստը կարգ մը փաստաթուղթերու բացակայութեան պատճառաւ։ Դատարանը այդ փաստաթուղթերը մօտ ութը ամիս առաջ պահանջեց պատկան մարմիններէն։ Չեմ կրնար իմաստ մը վերագրել գործընթացին այսքան դանդաղ յառաջանալուն։ Որդիս ցեղապաշտ ատելութիւնով մը սպաննուեցաւ։ Արդարութիւն կ՚ուզենք բայց չենք գտներ։ Դատաւորը նկատի չ՚առնէր մեր պահանջարկները։ Ամփաստանեալին, նիստերուն ներկայ գտնուելը պահանջեցինք բայց մերժուեցաւ։ Յայտնի չէ որ այս դատէն ինչ կ՚ելլէ»։
Դատարանը դատերաբեմի մը կը նմանի
Կարապետ Պալըքչը հետեւեալ կերպով կ՚արտայայտէ իր մտահոգութիւնները եւ մտքին մէջ գոյացած հարցումները։ «Մտահոգ ենք արդարութեան համար։ Կարգ մը շարքայիններու հայցերը նկատի չեն առնուած։ Դատավարութեան յետաձգուիլը մեզի ի նպաստ է, թէ ի վնաս չենք հասկցած։ Սակայն կասկածներ ունիմ այս ուշացումին բերմամբ։ Արդարութիւն կ՚ակնկալենք բայց շատ ալ յոյս չունինք։ Որոշած ենք աւելի բարձր ատեանի մը դիմելու։ Երբեք պիտի չհրաժարինք արդարութիւն պահանջելէ»։
Պալըքչը կը յիշեցնէ թէ դատարանը նախապէս ոճիրը «արկած» ըլլալով գնահատած եւ մեղադրեալին չորս տարի հինգ ամիս բանտարկութիւն վճռած էր։ «Ուշագրաւ է կարգ մը զինուորներու հայցերուն փոփոխութիւնը։ Զինուորներէն մէկուն սպառնացած են եւ այդ զինուորը երկու տարի մէկ ամիս բանտարկութեան դատապարտուեցաւ։ Իսկ սպառնացողներն ալ երկու տարի եօթը ամիս պատիժ ստացան։ Բայց այս պատիժները իրենց չէ փոխանցուած։ Կասկածելի կէտեր են այս բոլորը։ Բոլոր ականատես զինուորները իրենց երկրորդ յայտարարութիւններուն մէջ թութակի նման նոյն բանը կրկնեցին»։
Մէկ օր իսկ չանցնիր առանց Սեւակի
Կարապետ Պալըքչը կը պատմէ թէ դէպքէն մինչեւ այսօր ոչ մէկ բան փոխուած է։ «Մինչեւ օրս երբ գլուխնիս բարձին կը դնենք, Սեւակը կը խորհինք։ Ցերեկ թէ գիշեր, ինքնաշարժի մէջ կամ նաւու, միշտ ինծի հետ է Սեւակը, միշտ անոր հետ կը խօսիմ։ Գերեզման կ՚երթամ Սեւակին հետ կը խօսիմ։ Հոգեբուժէ մը օգնութիւն կը ստանամ։ Անոր թելադրանքներով փոխանակ ամէն շաբաթի, երկու շաբաթը անգամ կ՚այցելեմ Սեւակին շիրիմը։ Եթէ համոզուիմ որ իսկապէս արկած էր, մի գուցէ վիշտս քիչ մը կը նուազի։ Բայց չեն կրցած զիս համոզել»։
Ետեւս ոչ ոք կայ
Պալըքչը ընտանիքը մէկ կողմէն ալ մատնուած է առանձնութեան հոգեբանութեան։ «Որոշ տեղեր որ կ՚երթանք ոմանք –ձեզի հետ ենք- կ՚ըսեն, բայց քովս ոչ ոք կը տեսնեմ։ Շատ կ՚ուզէի որ –ձեզի հետ ենք- ըսողները գէթ անգամ մը մեր տան զանգակը հնչեցնէին։ Միւս կողմէ ճիշդ է՝ որոշ տեղեր ալ առանձին չենք։ Կարգ մը բարեկամներ զօրակցութեան համար մինչեւ Տիյարպէքիր եկան։ Երախտապարտ եմ Նոր Զարթօնք շարժումին։ Կարօ Փայլանին, Ժագլին Չէլիքին եւ սա պահուն անունները չյիշած բոլորին շնորհակալ եմ»։
Երկիրը ամենուս կը պատկանի
Սեւակ Պալըքչըի մայրը Անի Պալըքչը տեղական մամուլի մէջ Հայաստան գաղթած ըլլալու մասին պնդումները կը հերքէ։ «Պալըքչը ընտանիքը Երեւան փոխադրուած է» ըսելով պ նդում մը հրատարակեցին։ Ճիշդ է որ շրջելու համար գացած ենք։ Բացի Երեւանէ ուրիշ տեղերու հարազատներնուս ալ այցելած ենք։ Մեր տեղը հոս է։ Կարապետ Պալըքչը վրայ կը բերէ «երբեք չենք խորհած այստեղը լքելու մասին։ Իմ տեղս հոս է, հողս հոս։ Իմ որդիս Շիշլիի գերեզմանատունը կը հանգչի ու ես ալ իր կողքը պիտի ըլլամ։ Ինչպէս նման պնդումներ կ՚ընեն չեմ հասկնար։ Թող գան ու մեզի հարցնեն, մեր տունը տեղը յայտնի է»։
Սեւակը քաղաքական հակում չունէր
Պալըքչը ընտանիքը ոճիրէն ետք ինքզինք քաղաքականացուած միջավայրի մը մէջ գտաւ։ Անի Պալըքչը այս ընթացքը հետեւեալ կերպով կը բացատրէ. «Մենք երբեք քաղաքական գաղափարներ չենք ունեցած, Սեւակն ալ նոյնպէս։ Գիտե՞ս թէ ամենաշատ ինչի կը ցաւիմ։ 37 տարի ուսուցչագործեցի եւ ամէն 23 Ապրիլին տղոց թրքական ազգային ոտանաւորներ սորվեցուցի։ Հիմա կ՚ափսոսամ, որովհետեւ Ապրիլի 24-ին որդիս սպաննեցին»։
Հիմա հայ տղաքը կը խուսափին զինուորագրուելէ
«Մենք երբեք խտրականութիւն չենք ըրած։ Սեւակ չէր գիտեր թէ ցեղասպանութիւնը ի՞նչ է, ինչեր պատահած են մեծհօրը կամ մեծմօրը գլխուն։ Ես ալ չէի գիտեր, այդ պատճառաւ ալ Սեւակին բան չէի պատմած։ Ուրեմն բոլորովին անիմաստ է Սեւակին 24 Ապրիլի առթիւ ելոյթ ունենալը եւ այդ ելոյթին դէմ ալ զայրացող զինուորի մը զինք սպաննելու վարկածը։ Սեւակ միայն մէկ մտածում ունէր, ժամ առաջ ծառայութիւնը աւարտէ, սիրածին հետ ամուսնանայ եւ հօրը հետ աշխատանքի լծուի։ Մենք այստեղ մեծցած ենք եւ զաւակնիս անվարան զինուոր ղրկեցինք։ Բայց անոնք իմ որդիս տախտակէ սնտուկի մէջ վերադարձուցին» կ՚ըսէ Անի Պալըքչը աւելցնելով որ հիմա հայ երիտասարդները կը խրտչին զինուորագրուելէ։
Ա՞յս է հայրենասիրութիւնը
Մահուան գոյժը հաղորդելու համար սպայակոյտի հրամանատարութենէն եկող զինուորները հարցուցին որ արարկութիւն մը ունի՞նք դագաղին վրայ դրօշակ ծածկելու համար։ «Մենք այս երկիրը կ՚ապրինք, քանի որ ծառայութեան միջոցին մահացաւ անշուշտ որ կրնաք ծածկել, բայց եթէ դատարանը արդարութիւնը չկարենայ կայացնել, այդ դրօշակը կը վերադարձնեմ ձեզի» ըսած էի։ «Դրօշակի նկատմամբ իմ զգացած յարգանքս անոնք չեն զգար» կ՚եզրակացնէ Անի Պալըքչը։
Սեւակին մայրը կը խոստովանի թէ հազիւ որդւոյն մահէն ետք սկսած է հետաքրքրուիլ իր նախնեաց պատմութիւնով։ «Ընտանիքիս անցեալը որոնելով իմացայ որ թուրի աւելցուկ մըն եմ։ Մեծ հօրս պատմութիւնը կատարեալ ողբերգութիւն մըն է, իսկ մեծ մօրս մի այլ ողբերգութիւն։ Մօրս կողմը անգարացի է, որոնք եւս ողբերգական պատմութիւն մը ունին։ Ձեր միջոցաւ 55 տարեկանիս սկսայ ինքնութեանս գիտակցիլ։ Հիմա ամէն ոք կը ճանչնայ զիս։ Ամէն 24 Ապրիլին Սեւակի լուսանկարներով երթ կը կազմակերպուի։ Մէկ Սեւակ ունէի հիմա հազար Սեւակ կայ։ Ահա ձեր ազգասիրութիւնը։ Եկէք բոլոր հայերը սպաննեցէ՛ք։ Սեւակը Երեւանի մէջ կը ճանչնան։ Ֆրանսայի մէջ, Իտալիոյ մէջ նոյնպէս։ Մինչդեռ ան հասարակ մէկն էր։ Ի՞նչ ուզեցիք Սեւակէս։ Այդ տարի մեզի աչքի վախ պատճառելու համար մէկը պիտի սպաննուէր, Սեւակին վիճակեցաւ»։