Տպաւորութիւններ Եգէականի ափերէն

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

pakrates@yahoo.com

Եգէական ծովու ափունքը իւրայատուկ հրապոյր ունի մէկէ աւելի պատճառներով։ Նախ կ՚արժէ գովերգել Յունաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ծփացող ծովու եւ իր կղզիներու բնական գեղեցկութիւնը։ Ծովափի ետին, ծովու շերտին զուգահեռ կը բարձրանայ լեռնաշղթայ մը, որ հարուստ է բազմադարեան անցեալ ունեցող առասպելներով։ Իտա լերան մինչեւ ամենափոքր հատուածը, կը հանդիպիք այդ տեղի հետ կապուած առասպելի մը։ Կամ Զեւս չաստուածի վերագրուած աղբիւր մըն է որ կը դիմաւորէ այցելուն, կամ «Հասան Պողուլտու»ի, «Սարը Քըզ»ի նման ժողովրդական զրոյց մը, կամ «Թահթագուշլար» գիւղի ազգագրական թանգարանի նման հաճելի անակնկալի մը կը հանդիպինք։

Առասպելական պատերազմ մըն է Թրոյան, որ Հոմերոսի «Իլիատա» էբոսով հասած է մեր օրերուն։ Հոն կը պատմուի մարդկային պատմութեան ամենանշանաւոր ռազմավարական խարդախութիւնը, ուր փայտաշէն ձիու մը մէջ թաքնուած զինուրներ կը բանան բերդաքաղաքի պարիսպներու դռները եւ ներս խուժող թշնամին կը յաջողի արշաւել Թրոյան։ Այս պատերազմի անցած վայրերու անմիջական հարեւանութեան վրայ կը գտնուի հազիւ հարիւր տարի առաջ մղուած ուրիշ պատերազմի մը, Ա աշխարհամարտի ամենաթէժ կռիւներու մղուած դաշտերը։

Եփեսոսի բազմահազար տարուայ աւերակներուն կողքին կը հանդիպինք Սեւան Նշանեանի յուշ դամբարանին։ Լերան մը կողին այդ դամբարանը փորագրելու օրերուն այս խիզախ մտաւորականը յայտարարած էր «Հազար տարի անց –Թուրքիոյ Հանրապետութիւն- ըսելով բան մը չի մնար բայց ին յուշադամբանը կը մնայ այս ժայռերու վրայ»։

Եգէականի ափերուն յաճախ կը հանդիպիք հին յունական բնակավայրերու։ Հնադարեան Իյոնական պետութեան օրերէն ի վեր այս հողերուն վրայ գոյատեւող յոյն ժողովուրդը 1922-ին արմատախիլ եղաւ իր հայրենի երկրէն, ինչպէս հայը Հայաստանի մէջ։ Այդ թուականին նորանկախ Յունաստանի բանակը փորձեց արշաւել Եգէականի թրքական ափերն ալ, բայց անյաջող այդ զինուրական գործողութիւնը կատարեալ ողբերգութեան մը վերածուեցաւ տեղացի ժողովուրդին համար։ Ապա Թուրքիոյ եւ Յունաստանի քաղաքական գործիչները իբրեւ լուծում ձեւաւորեցին բնակչութեան փոխանակման ծրագիր մը, որու հետեւանքով թուրքիաբնակ յոյներ պարտադրաբար գաղթեցին Յունաստան, իսկ յունաստանաբնակ թուրքեր նոյնպէս իրենց կամքէն անկախ ուղարկուեցան նախկին յունաբնակ գիւղեր ու քաղաքներ։ Այս գործողութիւնը երկը կողմանի դժբախտութիւն մըն էր բոլորին համար։ Երկու ժողովուրդներն ալ հարկադրուեցան իրենց նոր հայրենիքներուն մէջ հաւատարմութիւն փաստելու։ Արհամարհուեցան, ստորագնահատուեցան մինչեւ որ յաջորդ սերունդները յաջողին համակերպիլ նոր երկրի պահանջներուն։ Ամէն տարի մեծ շուքով կը նշուի 9 Սեպտեմբեր թուականը իբրեւ Զմիւռնիոյ ազատագրման օր։ Ես ակամայ կը տարուիմ մտածելու թէ յանկարծ եթէ ռազմավարական քանի մը որոշումներու հետեւանքով պատերազմը հակառակ արդիւնքով աւարտէր այդ օրը դարձեալ պիտի նշուէր նոյն իմաստով։ Այս անգամ յոյներն են որ պիտի խօսէին իրենց երկիրը արշաւող թշնամին ծով թափելու մասին։ Ո՞վ գիտէ թերեւս ալ անոնք պիտի պատմէին ոչ թէ ծով թափելու, այլ լեռներէն դէպի միւս կողմ վտարելու պատմութիւն մը։

Թուրքիոյ մէջ զբօսաշրջական շուկայի ամենազարգացած վայրերը կը գտնուին Միջերկրականի եւ Եգէականի ափերուն։ Յատկապէս Եւորպայի հիւսիսային հատուածներու բնակիչներուն համար մեծ բարեբախտութիւն է վայելել Եգէականի արեւը։ Եթէ մենք ալ անցեալին նման պահանջով յաճախ այցելած ենք այդ աւանները, այս վերջերս մեր այցելութիւնները նոր բնոյթ ստացած կ՚երեւին։ Փոխանակ անցեալի Տարտանելի շրջակայքը, այս վերջերս աւելի յաճախ կ՚այցելենք Զմիւռնիոյ գաւառները, քանի որ հոն կը կայանայ մտային կամ գաղափարախօսական զանազան միջոցառումներ։ Հազիւ երկու շաբաթ առաջ էր, երբ այդ տեսակի կազմակերպութեան մը ներկայ գտնուելու համար այցելած էինք Տարտանել, Չանաքքալէի Էճէապատ գաւառը։ Այժմ եկած ենք Զմիւռնիոյ Գարապուրուն աւանը, ուր ամէն տարի կը կայանայ այս աւանի անունով յիշուած գիտական համաժողով մը։ Այս ժողովը Զմիւռնիոյ ակադէմական շրջանակներէն խումբ մը մտաւորականներու նախաձեռնութիւնն է եւ կը վայելէ տեղւոյն քաղաքապետարանի հովանաւորութիւնը։ Այդ հովանաւորութիւնը միայն երկու տարի առաջ է որ խանգարուեցաւ, երբ կազմակերպիչները այդ տարուան համար որոշեցին Հայոց ցեղասպանութեան նիւթի քննարկումը։ Քաղաքապետը բոլորովին հասկնալի մտավախութիւններով խուսափեցաւ նման ժողովի մը կազմակերպութիւնը հովանաւորելէ, քանի որ իր անդամակցած կուսակցութիւնն ալ շատ հաւանական է որ տէր պիտի չկանգնէր իր գործիչին։ Այս տարի դարձեալ դարադարձ մըն է Գարապուրունի գիտական համաժողովի օրակարգը «17-էն, 17» խորագրին ներքեւ կը քննարկէր Հոկտեմբերեան յեղափոխութեան տեղի տուած զարգացումները, իր տարբեր երեսակներով։

Քառօրեայ գիտական համաժողովի ընթացքին այդ ազդեցութիւնները քննարկուեցան աւելի քան 90 զեկոյցներու միջոցաւ։ Որքան ալ ճշդուած ընդհանուր խորագիր մը ըլլայ, երկրի օրակարգը կը պարտադրէր նոր նիւթեր եւս։ Այսպէս յատուկ ասուլիսներ կայացան օրէնքի համազօր որոշմնագիրներով համալսարաններէ վտարուած ակադէմականներու, լրագրողներու, ուսուցիչներու եւ այլոց մասին։ Բացի քաղաքապետարանի երկու դահլիճները, շրջակայքի սրճարաններու մէջ ալ կայացող ժողովներուն մեծ ուշադրութեամբ հետեւողները իրենց մէջ զօրակցութեան ոգի մըն ալ կը պատրաստէին մանաւանդ բռնութեան ենթարկուած մարդու իրաւունքներու պաշտպաններու նիւթերով։ Օրինակի համար իրենց աշխատանքին վերադառնալու համար հացադուլի դիմած Նուրիյէ եւ Սեմիհ Էօզաքչայի անունը յանկարծակի պոռթկումներ կը յառաջացնէր լսարաններու մէջ։ Անվերջանալի վանկարկումներով ներկաները կը ձայնակցէին այժմ մահուան շեմին հասած Նուրիյէի եւ Սեմիհի համար։ Այսպէս զօրակցութեան ալիք մըն ալ կը բարձրանար, երբ ելոյթ կ՚ունենար Անգարայէն ժամանած Վելի Սաչըլըք։

Ուշագրաւ զեկոյց մըն ալ ներկայացաւ Զմիւռնիոյ շրջակայքի գաղթականներուն եւ պատերազմէ տուժածներուն օգնութեան համար աշխատող «Ժողովուրդներու Կամուրջը» կազմակերպութեան ելոյթին պահուն։ Այնտեղ միութեան նախագահ վիրահատ, դասախօս Ճեմ Թերզի խիստ տպաւորիչ ելոյթով մը նկարագրեց իր գլխաւորած միութեան այս ուղղութեամբ տարած աշխատանքը։ Նոյն միութենէն Այշէկիւլ Քարփուզ արտայայտուեցաւ միութեան տարած իրաւաբանական օգնութիւններու շուրջ, իսկ Պուրճու Շենթիւրք կատարուած աշխատութիւնը ծաւալելու հեռանկարներուն մասին զեկուցեց։

Քառօրեայ գիտաժողովը առիթ ընդձեռեց նաեւ կարճատեւ շրջագայութիւններու։ Բարեբախտութիւն եղաւ տարածաշրջանին ծանօթանալ հնագէտ Ահմետ Ուհրիի ուղեկցութեամբ։

Տոց. Ուհրի այստեղ կը գլխաւորէ հնագիտական պեղումներ կատարող ակադէմական աշխատախումբը։ «Մեր բոլորին հայեացքները կը տարբերին իրարմէ։ Ես փշախոտերով պատուած տարածքի մը մէջ դիւրաւ կը յայտնաբերեմ բազմահազար տարիներու անցեալ ունեցող հնադարեան ճամբայ մը։ Իսկ մեր խումբէն քարերու մասնագէտ ընկեր մը ինծի համար ոչ մէկ նշանակութիւն ունեցող ժայռաբեկորը մեծ ցնծութեամբ կը վերցնէ գետնէն եւ անոր մէջ կը տեսնէ յատուկ տաշուած գործիք մը»։ Շահեկան է Ուհրիի փոխանցած գիտելիքները, որոնցմով բան մը կը սորվինք, կը թափանցենք հնագէտի առօրեայ աշխատանքի եղանակին, բայց նոյնքան շահեկան է իր զգացումները, որոնց կը ծանօթանանք իր ալ մօտ ապագային բնակութիւն հաստատելու պատրաստուած «Սարփընճըք» գիւղը կամ լքուած «Սազաք» գիւղը շրջելու պահուն։ «Հոս այս լքուած տարածքը ամէն անգամ որ կու գամ մեծ յուզում կ՚ապրիմ։ Կը յիշեմ Իմռոզ Կղզիի Քայաքէօյը, որ նոյնպէս լքուած է յունաց կողմէ եւ աւերուած տուներով կը յուշէ անցեալի ուրախ օրերը» կը պատմէ Ահմետ Ուհրի։ Կ՚ուրախանամ խորհելով թէ այդ գիւղերը ուրիշներու մօտ ալ այն նոյն թախիծը կը պատճառեն ինչ որ պատճառած էին ինծի։ Իրմէ կը լսենք թէ «Սազաք» գիւղը անցեալին ունեցած է 81 բնակարաններ եւ աւելի քան հազար բնակիչ։ Ունեցած է եկեղեցի եւ գերեզման։ Այսօր բոլորը կը խօսին կիսափուլ քարաշէն պատերով միայն։ Բոլորն ալ թալանուած են եկուորներու կողմէ։ «Տարեցներ կը պատմեն թէ ինչպէս քանդած են այդ տուներու դռները, պատուհանները եւ աման-չամանը»։ Կը փոխանցէ այդ տարեցներու պատմածները՝ «կը գտնէինք գինու կարասներ, կը խմէինք մէջի գինին եւ պարապ կարասը շուռ կու տայինք սարն ի վար։ Կ՚ուրախանայինք անոր գլորումը ու ապա ջախջախումը դիտելով»։ Ուհրին մտահոգ է, երբ կը խորհի թէ այս պատկերը փոխանցողները մօտ ապագային իր հարեւանները պիտի դառնան։ Ամէն պարագայի Սարփընճըք իր նման ուրիշներու ալ ուշադրութեան արժանացած է։ Մարդիկ մեծ քաղաքէն գալով սկսած են այստեղ կիսափուլ գիւղական տներ գնել եւ ապա այդ տուները նորոգել կարելի չափով բնօրինակին հաւատարիմ մնալով։

Ինչպէս նշեցինք գրութեան սկիզբին Եգէականի կարեւոր յատկութիւններէն մէկն ալ փիլիսոփայելու ներշնչում պատճառող միջավայրն է անկասկած։ Պատահական չէ որ հնադարեան փիլիսոփայութիւնը ծաղկած է նաեւ այս ափերուն վրայ։ Հապա ի՞նչ պիտի ըլլար։ Չէ որ մշակոյթը այստեղ ձեւաւորուեցաւ, չէ որ համաշխարհային ժամանակակից քաղաքակրթութեան օրրանը հոս է։

Եգէականի յատուկ մշակոյթը կը ցոլանայ նաեւ իւրայատուկ խոհանոցով։ Եգէականի ափերը բաւական հարուստ են ձիթենիներով, հետեւաբար ձէթը իր դրոշմը թողած է բոլոր ճաշատեսակներուն վրայ։ Այդ իսկ պատճառաւ ալ բուսեղէնը կը գերիշխէ մսեղէնին։ Իսկ լեռներու վրայ գլխու պտոյտ կը պատճառէ ծոթրինի բուրմունքը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ