ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
pakrates@yahoo.com
ԱՄՆ նախագահ Թրամբի Իսրայէլի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը Երուսաղէմ փոխադրելու մասին որոշումը բողոքի մեծ ալիք ստեղծեց համայն աշխարհի տարածքին։ Այս որոշումի պատմական խորքին մէջ կայ երկու կարեւոր երեւոյթ ըստ առաջինին Իսրայէլի Երուսաղէմը մայրաքաղաք հռչակելու ցանկութիւնը բաւական հին է եւ սակայն մինչեւ օրս արձագանգ չէ գտած որեւէ երկիրէ, քանի որ ՄԱԿ առաջին օրէն իսկ մերժած էր այդ որոշումը պատճառաբանելով, թէ նման զարգացում մը պիտի սպառնայ տարածաշրջանի արդէն բաւական խարխուլ հաւասարակշռութիւններուն։ Սակայն Միացեալ Նահանգներ կը սիրէ պահանջեալ հարկին անտեսել միջազգային բոլոր զգայնութիւնները եւ գործել ինքնակամ։ Այս դէպքն ալ տուաւ նոյն արդիւնքը եւ իսկոյն բորբոքեցան բոլոր կիրքերը։ Նախագահ Թրամբ անգամ մը եւս յանկարծակիի բերաւ ամբողջ աշխարհը իր այս անհեթեթ որոշումով։ Անշուշտ որ այս աստիճանի ծանր հետեւանքներ պարունակող խնդիրները կարելի չէ այս կամ այն նախագահի ինքն իր գլխէն հնարած ըլլալու վարկածին։ Վերջապէս Միացեալ Նահանգներ հաշիւներ ունի Միջին Արեւելքի վրայ եւ այս բոլորը կարելի է վերագրել այդ տեսակի հաշիւներուն այս կամ այն հանգրուանին գործադրութեան հետ։
Որոշումէն արդէն քանի մը օր ետք լրատու գործակալութիւններ սկսած են ամենօրեայ հերթականութեամբ փոխանցել զոհուածներու թիւերը։ Ցաւալի է, որ մարդիկ անգամ մը եւս վերածուած են թուանշաններու եւ լրատու գործակալութիւնները կը խօսին միայն ու միայն զոհերու քանակին մասին, առանց նկատի ունենալու, թէ իրենց իբրեւ թուանշան հաղորդածները մարդիկ են։ Որդիներ, ամուսիններ, եղբայրներ կամ քոյրեր։ Բայց մարդկային այլասերումը ճիշդ ալ նման առիթներով է, որ կը յայտնուի եւ կը մերժէ բոլոր այս հասկացողութիւնները մեռնողները դասելով մերոնք ու մեկալոնքի անմարդկային աստիճանակարգին մէջ։
Սակայն մարդկութիւնը արդէն տարիներու փորձառութիւնով դառն ճաշակած է այս սարսափը եւ համբերութիւն չունի նոյն վայրագութիւնը կրկին ու կրկին ճաշակելու։ Այդ է պատճառը, որ կատարուածին դէմ ընդվզումն ալ աշխարհասփիւռ դարձած է եւ աշխարհի վրայ Եւրոպայէն մինչեւ Հարաւային Ամերիկա կամ Ասիա ամէն կողմէ կարելի է լսել բողոքի ալիքներ ընդդէմ Թրամբի եւ Իսրայէլի յարձակողական քաղաքականութեան։
Այդ կարգին Հռոմի Փրանկիսկոս Պապն ալ մեղադրած է կատարուածը եւ պահանջած է ուշքի գալ խուսափելու համար նոր բախումներէ, որոնք միայն ու միայն նոր յուզումներ պիտի յառաջացնեն բոլորի համար։
Քանի որ նիւթը կը վերաբերի Երուսաղէմի, քաղաքի բոլոր դաւանանքները նոյնպէս կը կիսեն նոյն մտահոգութիւնը եւ կոչ կ՚ընեն ԱՄՆ նախագահին Երուսաղէմի կրօնական անձեռնմխելիութիւնը յարգելի առումով։ Հռոմի Պապի այս մասին ըրած յայտարարութիւններու կողքին Երուսաղէմի քրիստոնեայ եկեղեցիներու պետերն ալ նոյն բնոյթով յայտարարութիւններ ըրած եւ մեղադրած են նախագահ Թրամբի վարած խառնակիչ քաղաքականութիւնը։ Անոնք իրենց կատարած յայտարարութիւններուն մէջ եւս շեշտած են սուրբ քաղաքի համերաշխութեան անհրաժեշտութիւնը։ Յայտարարութիւնով մը հանդէս եկած է նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսը։ Կաթողիկոսի հրատարակած գրութեան մէջ նշուած է, որ որոշումը կը սպառնայ գերզգայուն հաւասարակշռութիւններուն։ Արամ Ա. Սրբազան Լիբանանի նախագահ Միշէլ Աունի տուած այցելութեան ժամանակ եւս անդրադարձած է Երուսաղէմի իրավիճակին եւ պահանջած է, որ յարգանք ցուցաբերուի պաղեստինցիներու օրինական իրաւունքներուն հանդէպ։ Երուսաղէմի քրիստոնեայ համայնքները, որոնց կարգին է նաեւ Հայ առաքելական եւ Հայ կաթողիկէ եկեղեցին միատեղ նամակով մը դիմած են ԱՄՆ նախագահին։ Հոգեւոր պետերու նամակին մէջ գրուած է հետեւեալը՝ «եթէ Երուսաղէմը բոլորիս չպատկանի խաղաղութիւն կերտելը անկարելի կը դառնայ»։ Երուսաղէմի պատրիարքարանի մամլոյ բանբեր Տէր Կորիւն Պաղտասարեան «Թերթ.ամ»ին տուած յայտարարութեան մէջ կը յայտնէ տիրող մտահոգութեան մասին։
Երբ եկեղեցական գետնի վրայ այս զարգացումները կ՚արձանագրուին, անդին միջազգային քաղաքական դաշտը եւս ալեկոծուած է այս նոյն խնդրին շուրջ։ Համաշխարհային ընդվզումի պարագլուխը ըլլալ կը համար Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան։ Ան բաւական խիստ եւ սպառնական ելոյթներով կը մեղադրէ Իսրայէլը եւ կը խօսի հաւանական պատժամիջոցներու մասին։ Սակայն Թուրքիոյ նախագահի այս բորբոքած ոճը վերլուծաբաններ կը նմանեցնեն Թրամբի որոշումին, նշելով որ երկուքն ալ կը ձգտին ներքին քաղաքականութեան մէջ իրենց մատնուած դժուարութիւնները յաղթահարել օրակարգը դէպի միջազգային քաղաքականութիւն շեղելով։ Փոխադարձաբար Իսրայէլէ ալ կը հնչեն հակաէրտողանեան ելոյթներ, որոնք եւս կը սպառնան երկու երկիրներու դիւանագիտական յարաբերութիւններուն։ Այժմ Իսրայէլի մէջ մանաւանդ ընդդիմադիր շրջանակներ կը փորձեն օրակարգի բերել Հայոց ցեղասպանութեան խնդիրը, ինչ որ Թուրքիոյ համար անհանդուրժելի դաշտ մըն է։ Անշուշտ, որ խնդրին պատահական բոլոր հակաթուրք հոսանքներու ժամանակ վերյիշուիլ եւ որպէս սպառնական խաղաքարտ մը սեղան մտնելը վիրաւորական է նաեւ հայ ժողովուրդի համար։ Իսրայէլի խորհրդարանի ընդդիմադիր կուսակցութիւններէն Եշ Աթիթի ղեկավար նախկին ելմտական նախարար Եաիր Լաբիտ բացի Հայկական ցեղասպանութիւնը ճանաչելու սպառնալիքէն խօսած է նաեւ անկախ քրտական պետութեան մը հիմնարկութեան զօրակցելու մասին։ Ան նաեւ առաջարկեց չեղեալ համարել Իսրայէլէն դէպի Թուրքիա բնական կազ արտադրող կազամուղի մը կառուցման գաղափարը։
Եաիր Լաբիտի այս յայտարարութիւններուն արձագանգող «Տը թայմս օֆ Իսրայէլ» թերթը կը նշէ, թէ Իսրայէլ մինչեւ օրս թուրքերու բարկութեան տեղի չտալու մտահոգութեամբ խուսափած է Հայոց ցեղասպանութեան խնդրին որեւէ ձեւով միջամուխ ըլլալէ։
Արդէն բազմակողմանի լարուածութիւններու թատերաբեմ հանդիսացող Միջին Արեւելքի մէջ հաւանական բախումներու ներուժ ունեցող նիւթի մը բորբոքումը անշուշտ, որ մտահոգիչ է բոլորին համար։ Մանաւանդ այն պահուն, երբ ԱՄՆ եւ Դաշնակցային Ռուսիոյ նման գերտէրութիւններ կ՚ուզեն իրենց ազդեցութեան դաշտը ընդլայնել այս յոգնատանջ հողերու վրայ։