ՈՒՅԿԱՐ ԿԻՒԼԹԵՔԻՆ
Իսթանպուլի պատմական շինութիւններէն է Սանասարեան Խանը, որ կառուցուած է ազգային բարերար Մկրտիչ Սանասարեանի կողէ, Կարնոյ նոյնանուն վարժարանի մատակարարման համար։ Խանը հանրապետութեան շրջանին բռնագրաւուած էր պետութեան կողմէ։ Վերջերս, երբ օրէնքներու բարեփոխումով կարելի եղաւ յափշտակուած կալուածներու վերատիրանալ, պատրիարքարանն ալ փորձեց իրաւական գետնի վրայ Սանասարեան Խանին սեփականութիւնը ստանալու աշխատանքին։ Այսպէս 2014-ին Իսթանպուլի 13-րդ Հիմնական-Իրաւական ատեանի մօտ դատական գործողութիւն մեկնարկեց։ Դատարանը 3 Յուլիս 2014-ին դատավարութիւնը մերժեց իր իրաւասութեան սահմաններէն դուրս մնալուն պատճառաւ։ Պատրիարքարանը այս անգամ դիմեց Վճռաբեկ ատեանին։ Երբ այս գործընթացը կը շարունակուէր Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութիւնը աճուրդ կազմակերպեց եւ շէնքը վարձեց 20 տարի ժամկէտով։
Վճռաբեկ ատեանի առաջին իրաւական բաժինը 13 Դեկտեմբեր 2017-ին յայտարարեց իր վճռի պատճառաբանութիւնը։ Մերժեց դատը չընդունելու որոշումը եւ հաստատեց, որ Սանասարեան Խանի բռնագրաւման գործընթացը ապօրէն է։ Աւելի կարեւորը Վճռաբեկ ատեանը կրկին հաստատեց Սանասարեան հիմնադրամի իրաւական հանգամանքին առկայութիւնը։ Այսպէսով վերակենդանացած եղաւ Սանասարեան հիմնադրամը։ Վճիռին մէջ կը կարդանք հետեւեալ տողերը «խնդրոյ առարկայ կալուածը 24 Մայիս 1929 թուականին պաշտօնապէս գրանցուած է Սանասարեան հիմնադրամ անունով։ Հիմնադրամի հիմնադիրն է հայ ազգէն Աղա Մկրտիչ Սանասարեան։ Հիմնարկի նպատակը ճշդուած է հայ ազգի աղքատ երախաներու ուսման եւ կրթութեան կարիքները հոգալու ձեւով։ Այժմ իրաւունք պահանջող հիմնադրամը քաղաքակրթական օրէնքի ընդունուելէն առաջ հիմնուած է եւ ունեցած է իրաւական մարմնի հանգամանք։ Ան այս առումով պէտք է համարուի համայնքային հիմնադրամ»։
2008 թուականին փոքրամասնութիւններու պատկանող հիմնարկներու համար նոր կարգադրութիւններ կատարուած էին։ Վճռաբեկ ատեանը կը յիշեցնէ, թէ այդ փոփոխութիւնները նոր իրաւունքներ շնորհած են այս հաստատութիւններուն։ Այստեղ շատ ուշագրաւ մի այլ երեւոյթ է այն, որ այս դատը բանալով պատրիարքարանը ինքնաբերաբար վերատիրացաւ օրինական մարմին մը համարուելու առիթին։ Ինչպէս ծանօթ է անցեալին պետութիւնը ընդմիշտ կը մերժէր պատրիարքարանը իրաւական մարմին մը ըլլալով ընդունիլ։ Երեւոյթ մը, որ ընդմիշտ նոր դժուարութիւններ կը յարուցէր այս հաստատութեան դիմաց։ Սոյն վճիռով այդ երեւոյթն ալ կը վերանայ, քանի որ պետութիւնը դատարաններու առջեւ որպէս կողմ դիտած է Հայոց պատրիարքարանը։
Այս մասին պատրիարքարանի իրաւապաշտպան Ալի Էլպէյօղլու դիտել կու տայ, թէ հիմա ակնկալուած է թղթածրարի դարձեալ դատարան փոխանցուիլն, որմէ ետք կարելի պիտի ըլլայ կալուածաթուղթին վերատիրանալ։ Էլպէյօղլու նաեւ կը յայտնէ, թէ այս դատը օրինակ պիտի կրնայ հանդիսանալ բոլոր նման տարակարծութիւններուն եւ այդ իմաստով ալ շատ կարեւոր է գոյացած ձեռքբերումը։
Խանի պատմականը
Զանազան պատճառներով առանձնայատկութիւններ ունեցող կալուած մըն է Սանասարեան Խանը։ Ան նախ եւ առաջ կարեւոր է իր շինարարի անունով։ Արդարեւ այս կարեւոր շէնքի ճարտարապետն էր մեծանուն Յովսէփ Ազնաւուր, որ ծանօթ է այս քաղաքի մէջ իր կառուցած բազմաթիւ կոթողային շինութիւններով։ 1895-ին աւարտած շէնքը Մկրտիչ Սանասարեան գնեց 1899-ին իր իսկ հիմնած Կարնոյ Սանասարեան վարժարանի կարիքները հոգալու նպատակաւ։ Հիմնադրամի կանոնագրութեան մէջ այս խանի եկամուտերուն շահագործումը վստահուած էր օրուայ պատրիարքին։ Ա. Աշխարհամարտի տարիներուն պետութեան կողմէ շահագործուած շէնքի վարչութիւնը 1920-ին վերադարձուեցաւ պատրիարքարանին։ Կալուածի եկամուտէն հիմնականօրէն կ՚օգտուէր Կեդրոնական վարժարանը, որ նաեւ իրաւական ժառանգորդը կը համարուէր Կարնոյ Սանասարեան վարժարանին։ Սակայն պետութիւնը 1928-ին անգամ մը եւս բռնագրաւեց շէնքը եւ այս որոշումին դէմ այդ ժամանակի պատրիարք Նարոյեան դատ բացաւ ազգին իրաւունքները պաշտպանելու համար։ Նարոյեան սրբազան թէեւ յաջողեցաւ այս առաջին դատավարութենէն յաջողութիւնով դուրս ելլել, բայց իշխանութիւնները կարծես որոշած էին վերջնականապէս կուլ տալ այս հայապահպան շէնքը։ Արդարեւ 1935-ին օրինական գայթակղութիւններով անգոյ համարուեցաւ նախ հիմնադրամը եւ անկէ ետք ալ Իսթանպուլի կուսակալութիւնը անգամ մը եւս դատ բանալով իրաւունք պահանջեց խանի սեփականութեան վրայ։
1944-ին խանը փոխանցուեցաւ Ապահովութեան տնօրէնութեան, որ այդ շրջանին նշանաւոր դարձաւ այդտեղ գործադրուած տանջանքներով։ Այդ ոստիկանատան մէջ տանջանքներու ենթարկուած անուններէն են՝ բանաստեղծ Նազըմ Հիքմեթ, Էճէ Այհան, երգիծաբան Ազիզ Նեսին, Թուրքիոյ կոմկուսի անդամներ բժիշկ Հայկ Աչըքկէօզ, Ժաք եւ Վարդան Իհմալեան եղբայրներ, Արամ Փեհլիվանեան, Գորշ գայլերու շարժումի հիմնադիր Ալփասլան Թիւրքեշ եւ դեռ բազմաթիւ անուններ։