28Փետրուարի առաւօտուայ ժամերուն իր վերջին շունչը աւանդեց հայ շարժանկարի անուանի դէմքերէն Ալպերթ Մկրտիչեան։ Ան կրտսեր եղբայրն էր հայ շարժանկարի մեծ դերասան Մհեր Մկրտիչեանի եւ բեմադրած էր իր եղբօր դեր ստանձնած կարգ մը ֆիլմերը։ Մահուան գոյժը հրապարակուեցաւ «Արմենփրես» գործակալութեան կողմէ հենելով Մհեր Մկրտիչեան արտիստական թատրոնէ հասած տեղեկութեան։ Ալպերթ Մուշեղի Մկրտիչեանը ծնած էր 27 Փետրուար 1937-ին Լենինականի մէջ։ Հայրը Մուշեղ Մկրտիչեան ցեղասպանութենէն մազապուրծ փրկուած մշեցի ընտանիքի մը զաւակն է։
Ալպերթ Մկրտիչեան 1960-ին աւարտած է Երեւանի գեղարուեստա-թատերական ինստիտուտի դերասանական բաժինը։ Ապա ուսումը շարունակած եւ 1971-ին ալ շրջանաւարտ եղած Մոսկուայի Կինեմաթոկրաֆիայի ինստիտուտէն։
Երիտասարդ արուեստագէտը արդէն իսկ ստանձնած էր բեմադրիչի պաշտօն հայկական հեռուստասթիւտիայի մէջ։ Իսկ 1971-էն ետք ան պաշտօն ստանձնեց Հայֆիլմ սթիւտիաներու մէջ, իբրեւ բեմադրիչ ռեժիսոր։
Ժողովուրդի յիշողութեան մէջ իր վաստակը կ՚անմահանայ «Մեր մանկութեան թանկոն» ֆիլմի շնորհիւ, ուր յետադարձ ակնարկ մըն է մանկութեան տարիներուն, ապրումներուն մէջէն ցոլացնելով 1960-ական կամ 70-ական տարեթիւերու Կիւմրիի ընկերային կեանքը։ Մեր մանկութեան թանկոն շատ աւելի փայլ ստացած էր շնորհիւ Տիգրան Մանսուրեանի յատուկ այս ֆիլմի համար յօրինած երաժշտութեան։ Ալպերթ Մկրտիչեան բացի իր բեմադրողի եւ սցենարի հեղինակի վաստակէն երկար տարիներ նաեւ սերունդներ պատրաստած է դասաւանդելով Կիւմրիի տրամաթիքական դպրոցի, Երեւանի Մհեր Մկրտիչեանի անուան երիտասարդական թատրոններու մէջ, ինչպէս նաեւ Երեւանի հայկական, պետական, մանկավարժական համալսարանէ ներս։