Նախորդ շաբաթը բաւականին փոթորկոտ էր Կետիկփաշայի Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին, թաղական խորհուրդին եւ թաղեցիներուն համար։ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեան եկեղեցւոյ երկարամեայ երէց Տէր Զաւէն քահանայ Պըչաքճըն նշանակած էր Ենիգաբուի եկեղեցւոյ ծառայութեան եւ այդ եկեղեցւոյ հովիւ Հայր Եղիշէ վարդապետ Ուչքունեանն ալ նշանակած էր Կետիկփաշա։
Փոխանորդ սրբազանի այս որոշումը մեծ յուզում եւ հակազդեցութիւն պատճառեց եկեղեցւոյ ծուխին համար։ Կիրակի օր մեծ բազմութիւն հաւաքուած էր Ս. Պատարագի արարողութեան ընթացքին։ Աւարտին յարակից սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, ուր Տէր Զաւէն քահանայ հայրը նախ յայտնեց իր հրճուանքը, եկեղեցւոյ ժողովուրդին անձին դէմ ցուցաբերած համակրանքին համար։ Տէր հայրը նշեց թէ եկեղեցին եւ պատրիարքարանը ժողովուրդին սեփականութիւնն են եւ ժողովուրդը պէտք է զգոյշ գտնուի այս դժուարին անցման շրջանը բոլորելու ժամանակ։ «Եթէ կը նկատէք Արամ սրբազանի այս կամ այն սխալը, մի վարանիք ուղղակի իրեն ըսելու։ Բայց խուսափեցէք ընկերային ցանցերու վրայ բանբասանքներէ եւ նախատինքներ շարադրելէ»։
Այս առթիւ ելոյթ ունեցաւ նաեւ եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդի ատենապետ Յարութիւն Շանլը, կոչ ուղղելով պատրիարքարանին մինչեւ Երկուշաբթի սրբագրել այս սխալ որոշումը եւ չեղեալ համարել Տէր Զաւէնը Ենիգաբու փոխադրելու մասին հրամանագիրը։
Յաջորդող օրերուն բանակցութիւններ տեղի ունեցան Աթէշեան սրբազանի, թաղական խորհուրդի եւ կարգ մը բարերարներու միջեւ։ Ստացուած տեղեկութեան համաձայն Աթէշեան սրբազան յօժարած է տէր հայրը իր պաշտօնին վրայ պահելու, պայմանաւ որ թաղական խորհուրդի ատենապետը հրաժարի իր պաշտօնէն։
Այս զարգացումներէն ետք Կետիկփաշայի եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդի ատենապետը 28 Փետրուար Չորեքշաբթի նոտարի միջոցով հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն յանուն եկեղեցւոյ երէցին իր պաշտօնին վրայ մնալուն։
«Ակօս»ի հարցումներուն պատասխանելով Շանլը կը յայտնէ, թէ Աթէշեանի ուղղեալ քննադատութիւններու հետեւանքով փորձուած է ինք եւ եկեղեցին պատժել։ Տէր Զաւէն այս զարգացումներու ընթացքին տրամադիր էր նաեւ իր քահանայական կոչումէն հրաժարելու։ «Քահանային նման որոշումը կանխելու համար ես պատրաստ եղայ հրաժարելու։ Վերջերս Աթէշեանի կարգ մը լուսանկարները շրջագայութեան դրուած էին դիմատետրի ցանցին վրայ։ Այդ լուսանկարներու համար իմ կատարած մեկնաբանութիւններս վիրաւորած են զինք։ Թերեւս ես ալ հատած ըլլամ պատշաճութեան սահմանները, բայց մի մոռնաք, որ իբրեւ թաղական խորհուրդի ատենապետ ես առանձին եմ Աթէշեանը քննադատելու խնդրին մէջ եւ ան ալ այս քննադատութիւնները կ՚ընդունի իբրեւ անձնական պայքար։ Լռելով ոչ մէկ խնդիր կրնանք լուծել, հետեւաբար յետ այսու դարձեալ պիտի շարունակեմ իմ քննադատութիւններուս»։
Յարութիւն Շանլըի հրաժարումէն ետք պատրիարքարանը լուսարարապետ Թաթուլ Ծ. Վարդապետ Անուշեանի ստորագրութեամբ շրջաբերական մը հրատարակեց, ուր կ՚ըսուէր թէ Տէր Զաւէն քահանան կը շարունակէ իր պաշտօնին Կետիկփաշայի Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ։
Միւս կողմէ Սահակ եպիսկոպոս Մաշալեան իր դիմատետրի էջին վրայ բացատրութիւններ տուաւ քահանաներու պաշտօնավայրերուն փոփոխութեան մասին։ Մաշալեան յայտնեց, թէ այս մասին լիազօրութիւնը կը պատկանի պատրիարքին, իսկ պատրիարքի բացակայութեան այդ աթոռը զբաղեցնող փոխանորդին։