Այսօրուայ Թուրքիոյ հանրապետութեան տարածքին ցրուած բազմաթիւ ճարտարապետական արժէք ներկայացնող գործեր իբրեւ մշակութային ժառանգ կ՚ուսումնասիրուին Հրանդ Տինք Հիմնարկի յատուկ նախագիծի մը շրջանակով։ Այդ ծիրէն ներս մանաւանդ երկրի փոքրամասնութիւններուն պատկանող եւ ժամանակի ընթացքին կորուստի մատնուած շինութիւններ անգամ մը եւս լոյս աշխարհ կու գան շնորհիւ հիմնարկի այս նախագծին։ Առաջին հերթին պատրաստուած էր այս բնոյթի հնութիւնները ի մի բերող քարտէզ մը, ուր ուսումնասիրողներ դիւրաւ պիտի կարենային կողմնորոշուել տուեալ վայրի մէջ գտնուող եւ մշակութային արժէք ներկայացնող ժառանգի նմոյշներու հետ։ Ապա աւելի մանրամասն ուսումնասիրութիւններ կատարուեցան կարգ մը շրջաններու վրայ։
«Մշակոյթի ժառանգ» նախագծի աշխատակազմը ուսումնասիրութիւններ կատարեց տուեալ քաղաքներու մէջ, որոնք հրատարակուեցան անջատ հատորներու ձեւով։ Անոնցմէ առաջինը նիւթ կ՚ունենար Կեսարիա քաղաքը։ Իսկ այս շաբթու մէջ իրարայաջորդ կերպով հրատարակուեցան Կեսարիոյ Տեվելի գաւառի, Ատանայի եւ Սեբաստիոյ մշակոյթի ժառանգը ուսումնասիրող հատորները։ Հարկ է նշել թէ այս ուսումնասիրութիւններու ընթացքին բացի մինչեւ օրս գոյութիւնը պահած օրինակներու թուագրումէն, տեղեկութիւններ կը փոխանցուի նաեւ տուեալ քաղաքներու պատմական անցեալի մասին։ Այս ալ ինքնին շատ կարեւոր առաքելութիւն մըն է սկսած «Ակօս»ի հրատարակման առաջին օրերէն։ Չէ՛ որ, երկրի որդեգրած ուրացման քաղաքականութիւնը նոյնիսկ դիտումնաւոր կերպով կասկածի տակ կը թողուր հայ ժողովուրդի այս երկրի մէջ ունեցած անցեալը։ Հետեւաբար սոյն հատորներու պատրաստման ընթացքին հեղինակները օգտուեցան նաեւ տուեալ քաղաքներու ձօնուած յուշամատեաններէն։ Յուշամատեաններ՝, որոնք իրենց պարունակած անծայրածիր տեղեկութիւններով լոյս կը սփռեն այսօր այլեւս պատմութեան նիւթ դարձած այս քաղաքներու հայ անցեալին։
Մշակոյթի Ժառանգ նախաձեռնութեան աշխատակազմը շատ տեղին որոշումով մը վերջին չորս հատորները ձօնած են «Ակօս»ի հայերէն էջերու վաստակաւոր խմբագիր Սարգիս Սերովբեանին ,ընդգծելով անոր նուիրեալ վաստակը Արեւմտեան Հայաստանի մշակութային ժառանգի նկատմամբ։ Սերովբեան երկար տարիներ քայլ առ քայլ շրջագայած էր այդ վայրերուն մէջ եւ իր տպաւորութիւնները թուղթ յանձնած ու ծանօթացուած էր հասարակութեան։
Նշենք որ այս խիստ շահեկան հրատարակութիւնները վաճառքի դրուած չեն եւ ցանկացողներ ստանալու համար կրնան դիմել Հրանդ Տինք Հիմնարկին։