Իսթանպուլ, 5 Հոկտեմբեր 2018
28 Սեպտեմբեր թուկիր «Ակօս»ի մէջ լոյս տեսած «Մենք ու Մերոնք» սիւնակի վրայ նիւթ առնուած էր Մխիթար Աբբահօր անունին Պոլսոյ նոյնանուն դպրոցներէ վերացման խնդիրը։ Արհիապատիւ Գերապայծառ Լեւոն Զէքիեան այս մասին ղրկած է գրութիւն մը, որոշ թիւրիմացութիւնները վերացնելու համար։
Պատուարժան Խմբագրութիւն «Ակօս» Շաբաթաթերթի
Անցեալ Երկուշաբթի օր, Հոկտեմբերի 1-ին վերադառնալով Պեյրութէն, հետաքրքրութեամբ կարդացի, ի միջի այլոց, բարեկամ Պր. Բագրատ Էսթուքեանի գրութիւնը՝ «Բացը գոցես ինչի՞ կը ծառայէ» վերնագրով։
Նախ եւ առաջ կ՚ուզեմ խնդակցիլ եւ շնորհաւորել Պր. Էսթուքեանը Հայ դպրոցին նկատմամբ իր ցուցաբերած վառ եւ դրական հետաքրքրութեան համար։ Հայ դպրոցը այն կռուանն է հայ համայնքին եւ ինքնութեան՝ առանց որուն աւելորդ է խօսիլ մնացեալի մասին։ Ի գին ամէն բանի պէտք է պահել, պահպանել, մանաւանդ զարգացնել հայ դպրոցը, որու համար կատարուած ամէն ներդրում ազգային պարտականութիւն է եւ ո՛չ շքեղանք։ Այս ուղղութեամբ մերթ յայտնուող վարանումները պէտք է վտարել իբրեւ չարաբաստիկ փորձութիւններ։ Մեր Տիրոջ խօսքը՝ «Զի՞նչ օգտիցի մարդ, եթէ զաշխարհ ամենայն շահեսցի եւ զանձն իւր տուժեսցէ», կրնանք յարասել Հայ վարժարանին, ըսելով՝ ի՞նչ պիտի օգտուի հայութիւնը, եթէ նոյնիսկ միլիոններ դիզէ, բայց իր լեզուն եւ մշակոյթը կորսնցնէ։
Այս հիմնական գնահատանքիս կողքին, պիտի ուզէի միանգամայն յստակում մը բերել՝ յիշեալ գրութեան մէջ յայտնուող թիւրիմացութեան մը նկատմամբ՝ իմ խօսքերէս կատարուած մէջբերութեան վերաբերեալ։
Ես չըսի՝ թէ «Մխիթարի անունը վերացած է մեր քաղաքի դպրոցներէն»։ Այլ թէ՝ գրեթէ «վերացած էր»։ Կ՚ուզէի շեշտել մեր երկրին մէջ վերջին տասնամեակներու ընթացքին տեղի ունեցած դրական փոփոխութիւնները, այս պարագային՝ ի մասնաւորի մեր դպրոցներուն վերաբերեալ։ Գիտենք որ Մխիթար Աբբահօր անունը Հանրապետութեան շրջանին գործածութենէ ինկած էր։ Միակ հաստատութիւնը, որ պաշտօնապէս այս անունը կրելու արտօնութիւն ունէր ժամանակին՝ մինչեւ 2000 թուականը անջատաբար գոյութիւն ունեցող Վենետկեան եւ Վիեննական Մխիթարեան Միաբանութիւններուն Վենետկեան միաւորին պատկանող Մուրատ-Ռափայէլեան Վարժարանին եւ Սաքըզաղաճի Նախակրթարանին Սանուց Միութիւնն էր, որ կը կոչուէր Beyoğlu Mhitaryan Kültür Derneği։
Վերջերս, Պոմոնթիի Մխիթարեան Վարժարանի մուտքին նոյնիսկ Մխիթար Աբբահօր կիսանդրին դրուեցաւ։ Նման բան մը աներեւակայելի էր վստահաբար երեսուն տարիներ առաջ, բայց նաեւ, կը կարծեմ, դեռ տասնհինգ-քսան տարիներ առաջ։ Երբ երկու հազար թուականին վերադարձայ Պոլիս, յետ քսան տարիներու բացակայութեան մը, չէի հաւատար աչքերուս եւ ականջներուս, յատկապէս մեր դպրոցներու վիճակին նկատմամբ՝ բաղդատելով 1968-1974 թուականներուն հետ, երբ կը պաշտօնավարէի Պոլիս որպէս ուսուցիչ (Բանկալթի Մխիթարեան, Կեդրոնական, Սամաթիոյ Անարատ Յղութիւն, Իտալական Լիսէ), վիճակ մը՝ որ անփոփոխ մնացեր էր մինչեւ այդ տարիներու վերջին այցս Պոլիս 1981-ի ամառը։
Պր. Էսթուքեանի կողմէ ակնարկուած խօսքիս մէջ կ՚ուզէի շեշտել, ընդգծել այս յոյժ զգալի տարբերութիւնը ներկայի ու մերձաւոր, բաւական մերձաւոր անցեալի մը միջեւ։ Պարզ է թէ այս չի նշանակեր որ այսօր ալ հարցեր չկան, նաեւ մեր վարժարաններուն վերաբերեալ, որոնք մերթ՝ դժբախտաբար՝ մենք մեզի ալ կը ստեղծենք։ Հարցեր միշտ կան եւ պիտի ըլլան, ինչպէս ցոյց կու տան՝ թէ՚ հազարամեայ պետական կառոյցի տէր Եւրոպան եւ թէ պետականօրէն շատ երիտասարդ Հայոց աշխարհը։ Պոմոնթիի Վարժարանին մէջ արտասանած խօսքիս ընթացքին ուզեր էի շեշտել պարզապէս դրական երեւոյթներէն մէկը, որ ինծի համար նաեւ մասնաւոր ուրախութեան առիթ եղած էր կանգնումովը Մխիթարի կիսանդրիին Պոմոնթիի Վարժարանին պարտէզի կողմի մուտքին։
Հուսկ կը փափաքիմ յայտնել ուրախութիւնս՝ որ իմ այդ ելոյթս, եթէ նոյնիսկ որոշ թիւրիմացութեամբ, առիթ տուած է մեր դպրոցներու մասին շահեկան խորհրդածութիւններու, որոնց իրապէս թէ՚ կարիքը, թէ՚ կարօտը ունինք։
Յարգանօք, սիրով եւ օրհնութեամբ Ձերդ՝
Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան
Վիճակաւոր Իսթանպուլի եւ Թուքիոյ Կաթողիկէ Հայոց