Օրթագիւղի Լուսաւորիչ ընկերութեան նախաձեռնութեամբ նախորդ շաբաթավերջին կայացող բանախօսութեան մասնակիցներէն էր անուանի պատմաբան Ռայմոնտ Գէորգեան։ Թերթիս նախորդ թիւով անդրադարձած էինք Գէորգեանի զեկոյցին։ Իսկ այս շաբաթ ներ ընթերցողներուն ուշադրութեան կը յանձնենք իր հետ «Ակօս»ի խմբագրատան մէջ մեր ունեցած զրոյցը։
ԵԴՈՒԱՐԴ ՏԱՆՁԻԿԵԱՆ
ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
Եդուարդ Տանձիկեան- Ցեղասպանութեան մասին ամենածաւալուն գործերէն մէկը դուք հեղինակած էք։ Այսօր այս նիւթի ուսումնասիրութիւնը ո՞ւր հասած է։
Կարելի է ըսել, որ այս վերջին քսան տարիներուն հիմքերը դրած ենք ակադէմական դպրոցի մը։ 1920-ական թուականներէն սկսած պատումները այսօր շատ կարեւոր աղբիւր մը ըլլալով կը ներկայանան։ Անոնք նախապէս հաւաքուած էին Պոլսոյ պատրիարքարանին մէջ, իսկ այժմ կը գտնուին Երուսաղէմ։ 1921-22-ին արդէն այս մասին բաւական տուեալներ հաւաքուած էին, բայց այդ սերունդին եւ մեր միջեւ կարեւոր ընդհատում մը ապրուեցաւ։ Մենք հիմա այդ կապն է, որ վերահաստատեցինք։
Երկու եղանակով կարելի է աշխատիլ։ Ես որդեգրած եմ միքրօ պատմութիւններով ամբողջականութիւնը տեսնել։ Մինչդեռ Վահագն Տատրեան ամբողջովին մերժած էր այս եղանակը։ Երեք հիմնական բաժին կարելի է դիտել։ Առաջինը դէպքերու ընդմէջ, այսինքն 1917-21-ի միջեւ հաւաքուածները։ Կայ Պոլսոյ պատրիարքարանի մէջ կուտակուած նիւթերը, որոնք Ալպոյաճեանը եւ Նուրեանը հաւաքած էին։ 800-900 նիւթեր կան, որոնք կը վերաբերին արեւմտեան, Փոքր Ասիոյ։
Երկրորդ բաժինը Անտոնեանի հաւաքածներն են, որոնք կայքերու, կայարաններու, Սուրիոյ, Մեզոփոթամիոյ, Խարբերդ, Սեբաստիա եւ այլն խոշոր թղթածրարներ են։
Երրորդը Կովկասն է։ Կովկասի բաժնին հիմքը դնողները երկու հոգի են, Յովհաննէս Թումանեան եւ Զապէլ Եսաեան։
Վերապրողի յիշողութեան յենարանը շատ կարեւոր է։ Ընդհանրապէս դիտուած էր, իբրեւ զոհի ներկայացում։ Սա բաւական ժխտական նշանակութիւն ունի։ Օրինակ մը ըլլալով ըսեմ՝ երբ կարաւան մը ճամբայ պիտի ելլէ հիւպատոսական աղբիւրներով կրնաք իմանալ, թէ ինչպէս ճամբայ ելած է։ Երբ կարաւանի մէջն էք եւ կը տեսնէք թէ ինչեր կը պատահին ճամբու տեւողութեամբ, բոլորովին ուրիշ նշանակութիւն է։ Սուրիոյ մէջ կամ Եփրատի եզրով անցնող ճամբուն վրայ պատահածները հասկնալու համար պարտաւոր էք վերապրողի մը յիշածները լսելու։ Ուրեմն ասիկա, որպէս նախաբան ընդգծենք, որ տեսանկիւնի հարց մը ունինք։
Թալին Սուճիեանը եւ Լերնա Էքմեքճիօղլուն՝ երկու պոլսահայ կիներ յիշողութեան մասին, որբանոցներու, կիներու ապաստաններու ապրումները, թէ հոգեբանական եւ թէ ընկերային, քաղաքագիտական, մարդաբանական կողմերով ուսումնասիրած են։ Աղջիկներու եւ մանչերու անջատ որբանոցներ կան։ Որոշ տարիքի հասնող որբերը կ՚ամուսնացնէին իրար հետ։ Լուսանկար մը տեսած եմ, որ շատ տպաւորիչ է։ Հաւաքական պսակադրութեան մը մասին է այդ նկարը։ Միքրօ պատմութիւնը չենք կրնար անտեսել, քանի որ տակաւին կը շարունակուի։ Այս նիւթը, թէ Թուրքիոյ մէջ եւ թէ հետզհետէ Հայաստանէ ներս ուշադրութեան առարկայ կը դառնայ։ Նաեւ կայ արխիւներու խնդիրը։ Մինչեւ մօտ անցեալ միայն որոշ հետազօտողներու խումբին պատկանող այս նիւթը հիմա սկսած է մեր տուներէն ներս ալ թափանցել։ Ուզողը ինթերնեթի միջոցաւ ահագին գիտելիքներու կրնայ հասնիլ։
Ե.Տ.- Նոր աշխատանքի մը սկսա՞ծ էք։ Ծրագիր մը կա՞յ ձեր սեղանին վրայ։
Նոր աւարտած աշխատութեան մը մասին պէտք է խօսիմ, որ ըրած ենք Պերքլէյի համալսարանի փրոֆեսորներէն Ստեփան Աստուրեանի հետ։ Փորձեցինք հիմնուելով մեր անձնական փորձին վրայ բռնութեան զարգացումը Թուրքիոյ մէջ Ի. դարուն։ Պիտի նկատենք, որ 1934-ին Թրաքիոյ հրեաներու վրայ բռնութիւններ եղած են եւ ապա 1955-ին յոյներու վրայ նոյնպէս։ Ալեւիներու պարագան 30-ականներուն եւ աւելի վերջ, քիւրտերու օրինակը ու հիմա կիւլենիստներու շարժումին վերաբերեալ։ Ուրեմն մէկ բառով կարելի է ամփոփել՝ մշտական ներքին թշնամի մը ստեղծելու հոգեբանական անհրաժեշտութիւն մը կայ։ Ասիկա է, որ փորձեցինք վերլուծել 15 հեղինակներով, որոնք են ամերիկացի, գերմանացի, ֆրանսացի եւ զանազան ազգութիւններէ, ընդհանրապէս թրքագէտներ։ Հետաքրքրական արդիւնք եղաւ, որը կը տեսնենք գալ տարի։ Ասիկա ուրեմն անցեալ է ինծի համար։ Հիմա սկսած եմ աշխատիլ յետ պատերազմեան շրջանի վերաբերեալ։ Անոնց ալ նիւթերը հաւաքած եմ եւ հիմա պիտի լծուիմ խմբագրելու։ Վերապրողներու վերադարձը Սեբաստիայէն դէպի Պոլիս դարձեալ նիւթ մըն է ինծի համար։ Այս մասին ճշգրիտ վիճակագրութիւններ ունինք գիւղէ գիւղ։ Քանի բնակչութիւն կար պատերազմէն առաջ եւ քանին վերադարձաւ։ Վերադարձին տեղւոյն վրայ ծագած հարցերու մասին, օրինակի համար սեփական տունը գտնելու խնդրին մէջ, քանի որ հոն բնակողներ կային։ Ասիկա մէկ բաժինն է միայն, որուն հիմքը կազմեց Երուսաղէմ գտնուող Պոլսոյ պատրիարքարանի փաստաթուղթերը։ Երկրորդ բաժին մըն ալ հիմնուած է անգլիական եւ ֆրանսական ծառայութիւններու արխիւներուն վրայ։ Քեմալի քաղաքական պատմագրութիւնը բոլորովին պէտք է վերանայիլ, հասկնալու համար թէ երիտթուրքերը ինչքանով տակաւին դեր կը խաղային։
Բագրատ Էսդուգեան- Քիչ առաջ ակնարկած էիք 15 մասնակիցներով կատարուած հաւաքական աշխատութեան մասին։ Անոնց մէջ թուրք պատմաբաններ ալ կա՞ն։
Կան երկու թուրք եւ մէկ քիւրտ մասնագէտ։
Բ.Է.- Ինչպէ՞ս կը գնահատէք իրենց հետաքրքրութիւնը։
Շատ դրական։ Միշտ կապի մէջ ենք եւ գիտնականի պատասխանատուութեամբ հարց չկայ մեր միջեւ։ Լուրջ են, լաւ գործ կը տանին եւ վերջ։ Վերջին տարիներուն մտահոգիչ երեւոյթ մը կար, որ նոր հետազօտողները ընդհանրապէս Թուրքիայէն էին։ Ծագումով հայերը քիչ էին։ Մանաւանդ մտահոգիչ էր, երբ Հայաստանէն եկողները քիչ էին։
Համոզուած եմ, թէ մեր առջեւ երեսուն տարի ունինք, ուր հետաքրքրական զարգացումներ պիտի տեսնենք։ Սա պահուս կարելի չէ արդիւնքները կանխատեսել, բայց կը խորհիմ, թէ դրական պիտի ըլլան։ Վստահ եմ, որ Թուրքիոյ հանրային կարծիքը սնունդ պիտի առնէ այս նոր հոսանքէն։
Ե.Տ.- Ճիշդ ալ այս հարցնել պիտի ուզէի, դուրսէն դիտելով Թուրքիոյ հանրային կարծիքի ուշադրութիւնը ինչպէ՞ս կը գտնէք։ Քանի մը տարի առաջ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան պատգամ մը հրապարակեց ի նպաստ հայերուն։ Վերջին երեք տարիներու ընթացքին այդ գիծը պահուա՞ծ է, թէ ոչ ետքայլ ըրած։
Կայ ակադէմիկ մակարդակը եւ կայ քաղաքական մակարդակը։ ակադէմիկ գետնի վրայ այլեւս լուրջ հետազօտող մը չի կրնար ժխտել։ Միայն քանի մը հոգի մնացին Ամերիկայի մէջ, որոնք գիտական հաւաքոյթներու չեն հրաւիրուիր։ Լմնցած են այսինքն։ Կարեւորագոյն թրքագէտները Էրիխ Եան Զուշներ կամ Համիտ Պոզարսլան եւ այլն ամբողջ նոր սերունդը հասցուցին։ Ասոնք արդէն յստակ դիրք բռնած են եւ այլեւս մէկը չի համարձակիր։ Ասիկա ակադէմիկ երեսակն է։ Ինծի համար անձնապէս բաւարարութիւն մըն է, քանի որ 30 տարի կրեցի թրքագէտներու արհամարհանքը։
Քաղաքական մակարդակի վրայ, անկեղծ ըլլալու համար չեմ կրնար բան մը ըսել։ Բայց ամէն անգամ, որ արձագանգ մը որ կայ, սահմանափակ պատրուակներ են, որ կը գործածեն ու գրեթէ ծիծաղելի կը դառնայ։ Վստահ եմ, որ դիւանագէտները իսկ կը ծիծաղեն։ Գիտեն որ ուրիշ հարցերու հետ, հանրապետութեան հիմքերուն հետ կապուած է այս հարցերը։
Ե.Տ.- Շնորհակալ ենք պատասխաններու համար։