16-24 Յունուար 2019 թուականին Ղարաբաղի հանրապետութեան մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ կայացաւ ՀՅ Դաշնակցութեան 33-րդ ընդհանուր ժողովը։ Կուսակցութիւնը առաջին անգամ է, որ իր համագումարը կը կատարէ Ղարաբաղի մէջ։ Ընդհանուր ժողովին քննարկուեցան համահայկական բազմաբնոյթ նիւթեր։ ՀՅԴ, որպէս աւանդական քաղաքական շարժում կարեւոր դերակատարութիւն ունի հայկական սփիւռքի զանազան կեդրոններուն մէջ։ Հայաստանի հանրապետութեան հիմնարկութենէն ետք կուսակցութիւնը իր գրասենեակը բացաւ նաեւ Հայաստանի մէջ, սակայն չկրցաւ ապահովել կարեւոր ժողովրդականութիւն։ Իսկ 9 Դեկտեմբերի ընտրութիւններուն ՀՅԴ չէ կրցած յաղթահարել հինգ տոկոսի պատնեշը եւ մնացած է խորհրդարանէ դուրս։ Ուրեմն այս բոլորը ալ աւելի կարեւոր կը դարձնէին 33-րդ համագումարը, ուր կը փոխուէր նաեւ կուսակցութեան վարչակազմը։ Այսպէս այժմ ՀՅԴ-ի գրասենեակի ներկայացուցիչի պաշտօնը կը ստանձնէ Յակոբ Տէր Խաչատրեանը։ Իսկ բիւրոյի նախագահն է Արմէն Ռուստամեան։ Վարչակազմին մաս կը կազմեն նախկին անդամներէն Վիգէն Պաղումեան, Վիգէն Եաքուպեան, Կիրօ Մանոյեան, Մուրատ Փափազեան։ Արամ Գալուստեան, Արսէն Համբարձումեան, Ռաֆֆի Տոնապետեան են Յովսէփ Տէր Գէորգեան ալ առաջին անգամ ըլլալով կը մասնակցին վարչակազմին։
