Քրտական ժողովրդական երաժշտութեան ամենայայտնի դէմքերէն Էկիտէ Ճիմօ մահացաւ Երեւանի մէջ։ Ճիմօի թաղումը կատարուեցաւ Հոկտեմբերեանի շրջանի Քամըշլը գիւղը։ Էկիտէ Ճիմօ որպէս տուտուկահար եւ երգահան լման 35 տարիներ աշխատակցած էր Երեւանի ռատիոյին։ Երեւանի ձայնասփիւռի հաղորդումներու միջոցաւ ան մեծ համբաւի տիրացաւ բոլոր քրտաբնակ շրջաններու մէջ։ Էկիտէ Ճիմօի յուղարկաւորութեան ներկայ գտնուեցան Հայաստանի քրտական եւ էզտիական քաղաքական ու հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ արուեստագէտներ։ Թաղման կարգի պահուն քրտական միութեան անունով ելոյթ ունեցաւ Շենկալի Հիմնադիր Խորհրդարանի անդամ Սիլօ Տիրվոյեան։ «Ի. դարը մեզ քիւրտերուս համար եղած է անտեսման ու կոտորածներու դար մը։ Քիւրտերու լեզուն եւ մշակոյթը արգիլուած էր։ Աբէ Էկիթ Հայաստան գաղթելու հարկադրուած էզտի ընտանիքի մը զաւակ ըլլալով Հայաստան ծնած էր։ Երկար տարիներ Երեւանի ռատիոյի միջոցաւ ծառայեց քրտական մշակոյթին։ Հայաստանի քրտական միութեան անունով ցաւակցութիւն կը յայտնեմ իր ընտանիքին, էզտի հաւաքականութեան եւ քիւրտ ժողովուրդին» ըսաւ Սիլօ Տիրվոյեան։
Էկիտէ Ճիմօ 2013-ին «Տիճլէ» լրատու գործակալութեան պատմած էր տուտուկի հետ իր առաջին ծանօթացումը։ «Մեր գիւղի շրջակայքին հարսանիքներ կը կատարուէին եւ ես շատ կը հաւնէի, այդ հարսանիքներուն հնչող երաժշտութիւնը։ Մեր գիւղի եզրին էր Չեմէ Ռեշը, ուր եղեգներ կ՚ըլլար։ Այդ եղեգներէն մէկը պոկեցի, վրան ծակեր բացի ու փչեցի։ Հաճելի էր լսած ձայնս եւ այդ օր որոշեցի իմ կեանքի ճանապարհը»։