ԶԱՔԱՐԻԱ ՄԻԼՏԱՆՕՂԼՈՒ
Մարդուս կեանքին մէջ պահեր կան, որոնք կը դրոշմուին յիշողութեան մէջ եւ ցկեանս չեն մոռցուիր։ Ամիս մը առաջ անծանօթ ձայն մը զանգահարած էր եւ ըսած թէ զիս Լոս Անճէլըս հրաւիրել կ՚ուզէ, արդեօք կը յօժարէի՞ երթալու։ Կարճատեւ զրոյցով յայտնի դարձաւ, թէ հարցնողը Պոլսահայ միութեան անունով զանգահարած էր եւ իր անունն էր Տոքթ. Մարգար Քէօքէր։ Անձամբ ծանօթներ չէինք, բայց երկուքս ալ, Սուրբ Խաչ դպրեվանքի սաներ։ Ունէինք բազմաթիւ հասարակաց բարեկամներ։ Տոքթ. Մարգար Քէօքէր անցեալ տարի այցելած էր Փարիզ եւ հոն Սարգիս Հացբանեանին տուած էր միութեան Հրանդ Տինքի անունով արդարութեան շքանշանը։ Մենք այդ տուչութեան հետեւած էինք Պոլիսէն շնորհիւ ապահովուած ուղիղ եթերու դրութեան։ Այդ պահը ակնդանրդի մէջ անցաւ աչքերուս առջեւէն։ Ես տակաւին յստակ պատասխան մը չէի տուած, երբ ան ըսաւ թէ մտադրած են այս տարի սոյն մետայլը ինծի տալու։ Այս յանկարծակի լսումով պահ մը մունջ եղայ։ Կարծես լեզուս չորցաւ բերնիս մէջ։ Կասկած չկայ, որ սա մեծ պատիւ էր ինծի համար։ Վերջապէս գացինք եւ ստացայ այդ պարգեւը, որ մինչեւ կեանքիս մէջ պիտի ուղեկցի ինծի։
Ետդարձի ճամբուն այցելեցինք նաեւ Նիւ Եորք։ Հոն եւս յիշատակեցինք Հրանդ Տինքը։ Նախքան մեր վերադարձը Ժիւլյէթ Ինան, մեր այդ ապրումները արդէն փոխանցած էր «Ակօս»ին։ Մեր այս հանդիպումը առիթ եղաւ, որ կրկին անգամ հետաքրքրուիմ ամերիկահայերու ապրումներուն։ Այս առթիւ կ՚ուզեմ քանի մը տողով արտայայտուիլ Թուրքիոյ մէջ միշտ ալ ատելութեամբ յիշուած «Ամերիկայի հայկական սփիւռք»ի մասին։
Այսօր մօտաւորապէս երկու միլիոնի մօտեցող ամերիկահայ գաղութը ձեւաւորուել սկսած է ԺԷ. դարէն։ Հայոց Ամերիկայի հետ շփումներուն մէջ կարեւոր գործօն մը եղած է, այս երկրի մէջ բացուած միսիոներական վարժարանները։ Սակայն հայոց դէպի Ամերիկա գաղթին մէջ կարեւորագոյն դրդապատճառը եղած է տնտեսական ազդակները։ Հայ գեղջուկը տարուէ տարի աւելի անապահով դիրքի մէջ էր եւ կը դժուարանար մէկ կողմէն իրեն բեռցուած ծանր հարկերը վճարելու եւ մէկ կողմէն ալ յաճախակի կերպով ենթարկուած զինեալ յարձակումներուն դիմադրելու։ Այսպէս հայ գիւղացին պանդխտութեան ցուպը վերցուց եւ նախ բռնեց Օսմանեան երկրի մեծ քաղաքներու եւ ապա օտար երկիրներու ճանապարհը։ Աւելի ուշ թուականներուն այս անգամ ցեղասպանութենէն մազապուրծ փրկուողներն են որ բռնեցին գաղթի ճամբան եւ ապաստան գտան նոր աշխարհի հորիզոնին։
Ահա այդ պայմաններու մէջ է, որ Միացեալ Նահանգներ հայկական սփիւռքի կարեւոր կեդրոններէն մէկը դարձաւ։ Հայեր կուտակուելով Լոս Անճէլըս, Կլէյնտէյլ, Նիւ Եորք, Պոսթըն, Չիգակոյի նման քաղաքներ, իրենց աշխատունակ յատկութիւններով ալ կարեւոր նպաստ բերին այս երկրի տնտեսական զարգացման։ Ինչո՞ւ միայն տնտեսական, պէտք է անոր աւելցնել նաեւ գրականութիւնը, թատրոնը, երաժշտութիւնը, շարժանկարը, մէկ խօսքով ընդհանուր առմամբ ամերիկեան մշակոյթը։ Հայեր աւելի քան 300 հայերէն թերթեր հրատարակեցին Միացեալ Նահանգներու մէջ։ Հայոց աւանդական կուսակցութիւնները իրենց բազմաթիւ մասնաճիւղերով աշխուժացուցին երկրի քաղաքական կեանքը։ Հիմնեցին հայրենակցական եւ մշակութային բազմաթիւ միութիւններ։ Հայեր միաժամանակ համալսարաններու մէջ եւս կարեւոր ծառայութիւն բերին, յատկապէս գիտական ոլորտի մէջ։
Հրանդ Տինքի անուան «Արդարութեան եւ Ազատութեան մրցանակ»ի շրջագծով Միացեալ Նահանգներ մեր ունեցած այցելութեան հետեւեցաւ նաեւ Ամերիկայի հայկական մամուլը։ «Ապրիլ Պուք» անուն գրախանութի մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ ժողով մը։ Հոն մանրամասնութիւններով նկարագրեցի մերօրեայ պոլսահայ համայնքի առկայ խնդիրները։
Ինծի համար հաճելի էր շրջիլ Լոս Անճէլըսի փողոցները եւ հանդիպիլ զանազան ասպարէզներով զբաղող ամերիկահայերու։ Այստեղ տեղական իշխանութիւնները բարդոյթներ չէին ապրեր հայերէն գրութիւն մը տեսնելով։ Այդ պատճառաւ ալ բազմաթիւ խանութներ իրենց ցուցատախտակը պատրաստած էին հայերէնով։ Այդ համայնապատկերին մէջ չէինք զարմացած նաեւ Հոլիվուտի մէջ հանդիպելով «Լիտըլ Արմենիա» ցուցատախտակին։ Այո, չէինք զարմացած, բայց ակամայ մտաբերած էինք մեր քաղաքին մէջ Տատեան փողոցի անունին շուրջ ծագած փոթորիկը։