Եւրասիական միութեան գագաթնաժողով Երեւանի մէջ

Եւ­րա­սիոյ Տնտե­սական Խոր­հուրդի գա­գաթ­նա­ժողո­վը մեկ­նարկեց 1 Հոկ­տեմբեր թո­ւակա­նին Երե­ւանի մէջ։ Մե­ծամաս­նութեամբ նախ­կին Խորհրդա­յին Միու­թեան ան­դամ եր­կիրնե­րէ բաղ­կա­ցած գա­գաթա­ժողո­վին կա­րեւո­րագոյն հիւ­րերն էին Իրա­նի Իս­լամ Հան­րա­պետու­թեան նա­խագահ Ռու­հա­նի, Ռու­սիոյ Դաշ­նութեան նա­խարար Փու­թին եւ Հա­յաս­տա­նի վար­չա­պետ Նի­կոլ Փա­շինեան։ Ժո­ղովի ըն­թացքին ստո­րագ­րո­ւեցաւ միու­թեան եւ Սին­կա­փու­րի մի­ջեւ ազատ առեւտրա­կան գօ­տիի մը ստեղծման մա­սին որո­շու­մը։

Բա­ցի վե­րեւ նշո­ւած­նե­րէ գա­գաթա­ժողո­վին մաս­նակցած են Պե­լառու­սի նա­խագահ Ալեք­սանդր Լու­քա­շեն­քօ, Ղա­զախստա­նի նա­խագահ Քա­սըմ Ճէօմերթ Թո­քայեւ, Ղրկզիս­տա­նի նա­խագահ Սու­րոլպայ Ճին­պե­քօ։ Իրա­նի նա­խագահ Հա­սան Ռու­հա­նի եւ Սին­կա­փու­րի վար­չա­պետ Լի Հսի­յէն Լունկ ալ գա­գաթ­նա­ժողո­վի պա­տուոյ հիւ­րերն էին։ Մոլ­տո­վայի նա­խագահ Իկոր Տո­տոն որ­պէս դի­տորդ մաս­նակցե­ցաւ ժո­ղովին։

Օրա­կար­գի խնդիր­ներն էին միու­թե­նէ ներս հա­մագոր­ծակցու­թեան ծա­ւալու­մը, եր­րորդ եր­կիրնե­րու հետ յա­րաբե­րու­թիւննե­րու բա­րելա­ւու­մը, տնտե­սական հա­մագոր­ծակցու­թիւններ եւ ու­ժա­նիւ­թի վե­րաբե­րեալ նոր ծրա­գիր­ներ։

Ռու­սիոյ Դաշ­նութեան նա­խագահ Փու­թին իր ելոյ­թին մէջ նշեց, թէ միու­թիւնը կը շա­րու­նա­կէ աճիլ եւ բա­նակ­ցութիւններ կը տա­րուին Իս­րա­յէլի, Եգիպ­տո­սի եւ Սեր­պիոյ նման եր­կիրնե­րու հետ։ Փու­թի­նի հա­մաձայն Եւ­րա­սիական Տնտե­սական միու­թիւնը 13 եր­կիրնե­րու եւ աւե­լի քան 20 մի­ջազ­գա­յին հաս­տա­տու­թեան հետ հա­մագոր­ծակցու­թեան բա­նակ­ցութիւններ կը վա­րէ։ Այդ գա­գաթ­նա­ժողո­վի կա­րեւո­րագոյն ձեռքբե­րումն է Սին­կա­փու­րի հետ ապա­հովո­ւած հա­մաձայ­նութիւ­նը։ Ար­դա­րեւ Սին­կա­փու­րի վար­չա­պետ Լի Հսի­յէն Լունկ Փա­շինեանի հետ հան­դի­պում ու­նե­նալու հա­մար քա­նի մը օր աւե­լի կա­նուխ ժա­մանած էր Երե­ւան։ Լունկ յայտնեց թէ Եւ­րա­սիոյ տնտե­սական միու­թիւնը շատ կա­րեւոր նե­րուժ կը ներ­կա­յաց­նէ տա­րածաշրջա­նի մէջ, կը գտնո­ւի Եւ­րո­պայի եւ Ասիայի խաչ­մե­րու­կին եւ կը խոս­տա­նայ թո­ւային եւ լո­ժիս­տիկ ոլորտնե­րու մէջ կա­րեւոր զար­գա­ցումնե­րու առիթ տալ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ