1968-ի համաշխարհային յեղափոխութեան սերունդի կարեւոր գործիչներէն Կարպիս Ալթընօղլու 4 Հոկտեմբերին յանկարծակի ուղեղի արիւնահոսութիւնով փոխադրուած էր հիւանդանոց։ Բժիշկներու տասնօրեայ միջամտութիւնը անարդիւնք մնաց եւ ան մահացաւ 14 Հոկտեմբերի առաւօտեան ժամերուն Պելժիոյ Անվերպ քաղաքի հիւանդանոցին մէջ։
12 Սեպտեմբերի զինուորական յեղափոխութեան տարիներուն անմարդկային տանջանքներու դիմադրելով առասպելի մը վերածուած էր Թուրքիոյ ձախակողմեան շրջանակներու մէջ։
1986-ին ինք ալ այդ տանջանքները գործադրած ոստիկան մը հանդիսացող Սետաթ Ճանէր «Նոքթա» պարբերականին խոստովանած էր հայ յեղափոխականի դէմ գործադրուած դաժանութիւնը։
Ալթընօղլու երկար ժամանակէ ի վեր կը բնակէր Պելժիոյ մէջ եւ իր վերլուծական բնոյթի յօդուածներով միշտ կ՚արժանանար արդար ուշադրութեան ու գնահատանքի։
Կարպիս Ալթընօղլուի թաղումը պիտի կատարուի 21 Հոկտեմբերին Պելժիոյ մէջ հայ եկեղեցւոյ աւանդութիւններուն համաձայն։