Գանձախոյզներու կողոպուտը հետզհետէ հասած է զարմանալի համարձակութեան մը եւ գանձ որոնելու ակնկալութեամբ կը թալանուին, թէ պատմամշակութային եւ թէ բնական կարեւոր նշանակութիւն ունեցող կառոյցներ կամ վայրեր։ Վերջերս Թուրքիոյ մամլոյ մէջ ափսոսանքով կ՚արձագանքուի Կիւմիւշհանէի նշանաւոր Տիփսիզ Կէօլի մատնուած աւերը։ 12 հազար տարուայ անցեալով թուարկուած լիճը ցամքեցաւ գանձախոյզներու ձեռքով եւ ապարդիւն պեղումի մը հետեւանքով։ Համատարած համոզում է, թէ Թուրքիոյ մէջ պետութիւնը դիտումնաւոր կերպով կ՚անտեսէ գանձախոյզներու ապօրէն աշխատութիւնը։
Վերջերս բացի Կիւմիւշհանէի Տիփսիզ Կէօլէ, լուրջ աւերի մատնուած է նաեւ Տիարպէքիր Սուր թաղամասին մէջ գտնուած Սուրբ Սարգիս եկեղեցին։ Այս եկեղեցին դարձեալ կը պատկանի Սուրբ Կիրակոսի հիմնարկին եւ ցարդ նորոգութեան չէ արժանացած նիւթական անբաւարարութիւններու պատճառաւ։ Այս մասին թաղական խորհուրդի անդամ Կաֆուր Թիւրքայ «Ակօս»ին յայտնեց թէ չորեքշաբթի առաւօտ դարձեալ ուսումնասիրած են եկեղեցւոյ վիճակը եւ տեսած են, թէ մէկ կողմէն գանձախոյզներ գանձ գտնելու յոյսով փորած են եկեղեցիի հիմքերը եւ մէկ կողմէն ալ որպէս շինանիւթ թալանուած են սրբատաշ քարերը։
Կաֆուր Թիւրքայ յայտնած է թէ այս մասին դիմում պիտի կատարեն կուսակալութեան եւ պատմամշակութային յուշարձաններու պահպանման խորհուրդին։
Բացի այս ակադեմական Ռուվէյտա Թունչ ալ «Տիգրիս» լրատու գործակալութեան տուած յայտարարութեան մէջ կը նշէ թէ եկեղեցին փլուզման վտանգի հետ դէմ յանդիման է եւ նման փլուզումով կը քանդուի նաեւ քաղաքի յիշողութիւնը։
Տիարպէքիրի Ճարտարապետներու միութեան նախագահ Շերեֆհան Այտըն նիւթը կը դիտէ աւելի ընդարձակ տեսանկիւնէ եւ հորիզոնականներ կը գոյացնէ Սուր թաղամասի շտապօրէն պետականացման եւ ապա քանդուելու երեւոյթին հետ։ «Պետութեան պատմական վայրերու հանդէպ ցուցաբերած անտարբերութիւնը դիտումնաւոր ռազմավարութիւն մըն է։ Մեր տեղեկագիրներու մէջ նշուած է, թէ 357 շէնք փլած ն, որոնցմէ 100-ը նախապէս նշուած է, որպէս պատմամշակութային արժէք»։ Ան աւելցուց ըսելով թէ պետական շրջանակները առաջին օրէն իսկ այս անհոգութիւնը կը ներկայացնեն։