Հունտը ժայռին չեն տնկեր

ՍԸՐՐԸ ՍԻՒՐԷՅՅԱ ԷՕՆՏԷՐ

Երբ սկսայ Իւ­միտ Քը­վան­չի «Յի­շողու­թիւնը Ան­բա­ւարար» վա­ւերագ­րա­կան ժա­պաւէ­նը, իս­կոյն մտքիս մէջ սկսաւ թե­ւածել Աշուղ Սէյ­րա­նիի այս տո­ղերը։ Վար­պե­տի ձեռ­քէ ելած գործ մըն է, որ կը դի­տեմ։ Ինձ նման բո­լոր դի­տող­նե­րը հե­տաքրքրա­կան փոր­ձա­ռու­թեան մը տա­նող ֆիլմ մըն է եղա­ծը։ Կը շնոր­հա­ւորեմ Քը­վան­չը։ Կեանքը սպա­նու­թեամբ աւար­տած հե­րոսն մըն է, որ կը դի­տենք պաս­տա­ռին վրայ։ Իր աւար­տին եր­կա­րող ճա­նապար­հին վրայ, բեր­նէն ելած իւ­րա­քան­չիւր խօսք իրեն ուղղո­ւելիք փամ­փուշտնե­րը մի առ մի ատրճա­նակի փո­ղին շա­րող վտանգներ կը պա­րու­նա­կեն։

Եթէ փոր­ձենք այդ կեան­քը ամ­փո­փել «Ժայ­ռին հունտ տնկել փոր­ձեր է» կրնանք ըսել։ Ֆիլ­մը դի­տելու ըն­թացքին մեր տա­րուած մտա­ծումնե­րուն նման­նե­րը կա­րելի է գտնել հա­մացան­ցի «Էք­շի Սէօզ­լիւք» բա­ռարա­նի վրայ Հրանդ Տինք խո­րագի­րը բա­նալով։ Առա­ջին գրա­ռու­մը 2002-ին կա­տարո­ւեր է։ Աւե­լի վերջ այդ գրա­ռումնե­րու թի­ւը կը գե­րազան­ցեն 2 հա­զար 200-ը։ Մօ­տաւո­րապէս չորս էջե­րու վրայ 40 մուտքագ­րում կա­տարո­ւելէն վերջ, տե­ղի ու­նե­ցաւ ոճի­րը։ Այդ թո­ւակա­նէն ետք գրո­ւած­նե­րը ընդհան­րա­պէս այս սպա­նու­թեան դէմ առար­կող, ընդվզող, ցա­սում յայտնող շա­րադ­րութիւններ են։ Եկուր տես որ մին­չեւ մա­հափորձ կա­տարո­ւած գրա­ռումնե­րը նաեւ կը պար­զեն թէ ան ին­չո՞ւ հա­մար թի­րախ դար­ձած էր։

Այս հար­ցումը ան­շուշտ որ բազ­մա­թիւ պա­տաս­խաններ ու­նի, բայց կար­ծեմ ամե­նայստա­կը վրան հսկայ ծան­րութիւննե­րով ծած­կել փոր­ձած ապե­րախ­տութիւ­նը բա­ցայայ­տել է։

Զգո՛յշ, «ցե­ղաս­պա­նու­թիւն», «ան­չա­տողա­կանու­թիւն», «թրքու­թիւնը նա­խատել» կամ նման մե­ղադ­րանքներ չեն իր սպա­նու­թեան դրդա­պատ­ճառնե­րը։ Հրանդ ար­դէն գի­տէր թէ այդ կոտ­տա­ցող վէր­քը այս ու նման եզ­րե­րով քննար­կե­լը ան­կա­րելի է։ Հա­մակար­գը այս բա­ռամ­թերքին դէմ բա­ւակա­նին զի­նուած էր ար­դէն։ Այո՛ հա­մակար­գը կը նա­խընտրէր բա­նավէ­ճը միայն ու միայն այդ սահ­մա­նումնե­րով խօ­սիլ։

Մինչդեռ ապե­րախ­տութիւ­նը այդ հա­մակար­գի հիմ­նա­կան ու­ժա­նիւթն էր։ Եթէ այս յատ­կութիւ­նը ան­գամ մը հրա­պարա­կենք քայլ մը ան­գամ նե­տելու կա­րողու­թիւն պի­տի չ՚ու­նե­նար։

Հրանդ այդ ծանր ժայ­ռին տակ քօ­ղար­կո­ւած իրո­ղու­թիւնը գի­տէր որ ձեռ­քով-ոտ­քով, պայ­թուցիկ­նե­րով, դի­նամի­տով չէր կրնար յայ­տնաբե­րել։ Անոր հա­մար փոր­ձեց ժայ­ռին վրայ հունտ տնկել։ Գի­տէր որ այդ հունտը իր ճեղ­քը գտած ջու­րի նման դէ­պի խոր պի­տի իջ­նէր ու հաս­նէր դէ­պի քօ­ղար­կո­ւած տա­րած­քին։ Թէեւ դժո­ւար էր, բայց միակ ճա­րը։

Չստա­ցուեց…։

Կը ծնինք, կ՚աճինք ու կը մա­հանանք։ Ծա­նօթ շարք մըն է այս եւ այդ շար­քը իմաս­տա­ւորող միակ մէկ նպա­տակ կա՛յ յե­տին լաւ յի­շատակ մը թո­ղուլ։

Բա­րի մար­դիկ իրենց յե­տին բա­րի յի­շատակ­ներ կը թո­ղուն։ Այդ յի­շատակ­նե­րը այնքան ազ­նիւ են, որ տիեզեր­քի կե­ղեւը կը հա­մարո­ւին։ Դիւ­րա­բեկ են, նոյ­նիսկ կրնան փշրո­ւիլ, երբ ող­բա­ցեալին յի­շատա­կին կ՚ըսենք։ Զգոյշ ըլ­լա­լու ենք իրենց դի­մաց։ Ար­դա­րօրէն գնա­հատե­լու ենք, վասն զի անոնք բարձրաց­նե­լով բարձրա­ցող­ներ են։

Քա­նի կը բարձրա­նան իրենց ձայ­նե­րը, ականջներ­նէս սիր­տերնուս կը թա­փան­ցէ։ Մեր զգա­ցումնե­րը, խոր­հուրդնե­րը այդ ձայ­նին հետ կը ձու­լո­ւին եւ սրտի տրոփիւ­նով ձեւ կը ստա­նան։

Հրան­դին սրտէն եկող ձայ­նին մէջ կար այս բո­լորը։ Հի­մա մեզ մէկ­տե­ղողը Հրան­դին ձայնն է։ Այդ ձայ­նի իւ­րա­քան­չիւր ելե­ւէջ խիղ­ճը, ար­դա­րու­թիւնը եւ հա­ւասա­րու­թիւնը կը պատ­մէ։ Կար­ծես սա ան­կիւնէն պի­տի վե­րադառ­նայ եւ ականջներ­նուս փսփսայ. «Երբ ես եր­թամ իմ չգո­յու­թեան կսկի­ծով պի­տի տա­ռապիք»։

Մե­ծագոյն վիշտն է մէ­կու մը բա­ցակա­յու­թեան ցա­ւիլը։ Կը քա­լենք, կը խօ­սինք, կը խնդանք, բայց կար­ծես թէ քա­լելու պա­հուն ոտ­քերնիս մար­միններ­նուս կը մխրճո­ւի, կը խօ­սինք բայց բա­ռերը պա­կաս են։ Կը խնդանք, բայց կար­ծես կոտ­րած ատամ մը ու­նինք բեր­նին մէջ։ Թե­րի ենք։

Մինչ այդ պէտք է բնու­թագրեմ նաեւ «մեն­ք»ը։ Մենք այս հո­ղերու վրայ կորցրած­ներնուս մնա­ցոր­դացն ենք։ Կ՚ու­զէք «փա­ռաւոր» որա­կացէք, կ՚ու­զէք «ցամ­քած»։ Պատ­մութեան ըն­թացքին ու­ժը ու­ժով, շա­հը շա­հով գո­յու­թիւն ու­նե­ցած է։ Անոնք եր­կու բա­ռեր տո­ւած են մե­զի՝ վրէժ եւ ազա­տու­թիւն։ Որ­մէ՞, վրէժ լու­ծե­ցինք։ Ազա­տու­թիւնը ո՞վ շնոր­հեց։ Երբ կը խոր­հինք ծանր լռու­թեան մէջ, պա­տաս­խա­նը սար­սա­փելի է։ Ցամ­քած ենք, գա­ցող­նե­րուն, մնա­ցած­նե­րուն պատ­ճա­ռած մեծ բա­ցակա­յու­թեան հետեւանքով։

Գիր­քը կ՚ան­հե­տանայ։ Խորհրդան­շաննե­րը, տես­լա­կանը նոյնպէս։ Միայն ձայ­նը կը մնայ։ Հրան­դին ձայ­նը 15 տա­րի է, որ կը հնչէ մեր ականջնե­րուն մէջ։ Եւս 15 տա­րի պի­տի շա­րու­նա­կէ հնչել։ Այդ ձայ­նի ուժգնու­թիւնը պի­տի չպակ­սի, քա­նի որ ան կը հնչէ մար­դուն գտնո­ւած ամէն տեղ։

Հրան­դի ձայ­նը կշռոյթ մը ու­նէր, հա­մերաշխ կշռոյթ մը բնու­թեան նման։ Բնու­թեան մէջ ոչ մէկ բան զինք կը պար­տադրէ։ Ամէն ինչ սրտի աչ­քին տես­լա­դաշ­տին է։ Ոչ մէկուն վե­րէն կը նա­յի, ոչ մէ­կուն խօս­քը չի կշռեր։ Չ՚ար­հա­մար­հեր, չի յա­ւակ­նիր։ Ան­բարտա­ւանու­թեան թե­ւերով չի բարձրա­նար կամ ցած չի սու­զո­ւիր։

Ոչ ոք չ՚ու­զէր այս կշռոյ­թը։ Ոչ ոք չ՚առե­րեսո­ւիր «այլ»ի հետ։

Այդ պատ­ճա­ռաւ մար­դիկ քա­նակով գծո­ւած ու­ղիղնե­րու կը նմա­նին։ Թե­ւեր­նին զուրկ է աշ­խարհը գրկե­լէ, մար­միննին ծան­րա­ցած հա­գած­ներնէն, խիղ­ճը ան­գամ բա­րիք մը ըլ­լա­լով կը մա­տու­ցեն։

Ինքզինք բար­ձունքնե­րը կը տես­նայ, բայց ձո­րի եզ­րի գլխապ­տոյտը չի գի­տեր։ Ձո­րի մէջ ծաղ­կած ծա­ղիկէն ան­տե­ղեակ է, բուրմունքը չի լսեր։

Խոր­հուրդը բնոյ­թեան պար­գեւն է։ Մտա­ծող մար­դը իր եսէն դուրս կու գայ եւ ու­րի­շին մէջ կը մտնէ, զայն կը զգայ, զայն կ՚ապ­րի կը կի­սէ անոր կսկի­ծը եւ այս ալ յան­ցանք կը հա­մարո­ւի, պատ­ժի ար­ժա­նի յան­ցանք։

Հրանդ իր կեան­քի օրով ընդմիշտ այդ կշռոյ­թին հրա­ւիրեց։ Այդ կշռոյ­թը որո­նող­նե­րը աւե­լի մեծ սիրտ ու­նին եւ ար­դա­րու­թիւնը այդ սրտին դի­մաց մեր փոր­ձած ամօթն է պար­զա­պէս։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ