Սահակօղլուի նոր ցուցահանդէսը՝ «Թուղթի Գործեր»

Գիրգոր Սա­հակօղ­լու հա­մավա­րակի պար­տադրած զրկանքնե­րու եւ սահ­մա­նափա­կումնե­րու շրջա­նին ար­տադրած գոր­ծե­րը 10 Մարտ թո­ւակա­նէն սկսեալ կը ցու­ցադրէ Գա­րագիւղ, «Կա­լերի 77» սրա­հին մէջ։

Ցու­ցա­հան­դէ­սին առ­ցանց հե­տեւիլ կա­րելի է նաեւ ցու­ցասրա­հի «ինսթակ­րա­մի» եւ «Եու­թուպի» հա­շիւ­նե­րուն մի­ջոցաւ։

«Թուղթի Գոր­ծե­րը» գե­ղան­կա­րիչի իր մատ­նո­ւած դժո­ւարու­թիւննե­րուն տո­ւած պա­տաս­խան մըն է նաեւ։ Այս գոր­ծե­րու իւ­րա­յատ­կութիւ­նը նա­խանիւթ ըլ­լա­լով թուղթի գոր­ծա­ծու­թիւնն է։ Թուղթը նկար­չութեան հնա­գոյն նա­խանիւ­թե­րէն մէ­կը ըլ­լա­լուն, Սա­հակօղ­լու այս աշ­խա­տանքնե­րը դի­տած է ու­րոյն տպագ­րութեան մը հաս­կա­ցողու­թեամբ։

Երկրորդ աչ­քա­ռու յատ­կութիւնն է բո­լոր գոր­ծե­րուն քա­ռակու­սիով սահ­մա­նուած ըլ­լա­լու երե­ւոյ­թը։ Սա­հակօղ­լո­ւի հա­մաձայն քա­ռակու­սին կը մեր­ժէ չա­փերը եւ թո­ւան­շաննե­րը։ Բո­լոր կող­մե­րով հա­ւասար է։ Մեծ է կամ փոքր, բայց ամե­նեւին ան­կիւննե­րու եւ ուղղու­թիւննե­րու առու­մով հա­ւասար։

Ցու­ցա­հան­դէ­սը պի­տի շա­րու­նա­կուի մին­չեւ 1 Մա­յիս։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ