Տէրսիմահայերու ինքնութեան պայքարը

Ընկե­րա- քա­­ղաքա­­կան կամ գա­­ղափա­­րախօ­­սական ամէն տե­­սակի հո­­սան­­քի հա­­մար անհրա­­ժեշ­­տութիւն մը եղած է պար­­բե­­­րական մա­­մու­­լը։ Օրա­­թեր­­թի, շա­­բաթա­­թեր­­թի, ամ­­սա­­­թեր­­թի հեր­­թա­­­կանու­­թեամբ հրա­­տարա­­կուած այդ լրա­­գիր­­ներն կամ հան­­դէսնե­­րը, տո­­ւեալ հրա­­տարա­­կիչ­­նե­­­րու միտքն ու խօս­­քը ծա­­ւալե­­լու մի­­ջոց­­ներ ըլ­­լա­­­լով կը դի­­տուին։

1970-ական տա­­րինե­­րուն, այ­­սինքն պատ­­մութեան առու­­մով մօտ ան­­ցեալին, իսկ ան­­հա­­­տական հա­­շուար­­կով կէս դար առաջ, Թուրքիոյ քա­­ղաքա­­կան դաշ­­տը երբ փխրուն էր գա­­ղափա­­րական զա­­նազան հո­­սանքնե­­րով, իւ­­րա­­­քան­­չիւր խմբակ ու­նէր նաեւ իր թեր­­թը։

Ոչ միայն քա­­ղաքա­­կան որոշ գա­­ղափա­­րի մը շուրջ մէկ­­տե­­­ղուած խումբեր, այլ գրա­­կան եւ գե­­ղարո­­ւես­­տա­­­կան նոր հո­­սանքներ եւս կը հրա­­տարա­­կէին պար­­բե­­­րական­­ներ, իրենց տե­­սու­­թիւնը լսե­­լի դարձնե­­լու ձգտու­­մով։

Դիւ­­րաւ կա­­րելի է են­­թադրել թէ, յատ­­կա­­­պէս գրա­­կան, մշա­­կու­­թա­­­յին ու գե­­ղարո­­ւես­­տա­­­կան բնոյ­­թի մա­­մու­­լը ու­­նե­­­ցած է սի­­րողա­­կան բնոյթ եւ նիւ­­թա­­­կան դժուարու­­թիւննե­­րու բեր­­մամբ կար­­ճա­­­տեւ եղած։

Յատ­­կա­­­պէս վեր­­ջին տաս­­նա­­­մեակ­­նե­­­րուն, երբ օրա­­թեր­­թեր հետզհե­­տէ կորսնցու­­ցին իրենց լրա­­տու յատ­­կութիւ­­նը եւ տպագ­­րա­­­կան ծախ­­սե­­­րը գե­­րազանց աճ ապ­­րե­­­ցան, ալ աւե­­լի դժո­­ւարա­­ցաւ պար­­բե­­­րական մա­­մու­­լի հրա­­տարա­­կու­­թիւնը։

Այս դա­­ժան պայ­­մաննե­­րու մէջ իր առա­­ջին հա­­մարը հրա­­տարա­­կեց «Հայ Տէր­­սիմ» պար­­բե­­­րակա­­նը, որ իր էջե­­րուն մէջ կը հա­­ւաքէ Մնձու­­րի լեռ­­նաշխար­­հի պատ­­մութեան, մշա­­կու­­թա­­­յին ժա­­ռան­­գի եւ ար­­դա­­­րու­­թեան պա­­հան­­ջի վե­­րաբե­­րող նիւ­­թեր։

Հայ­­կա­­­կան Բարձրա­­ւան­­դա­­­կին մէջ գտնո­­ւելով հան­­դերձ ինքնիշ­­խան դի­­մագի­­ծը պա­­հած Տէր­­սիմ գա­­ւառը չէ են­­թարկուած նաեւ Օս­­մա­­­նեան Կայսրու­­թեան եւ Թուրքիոյ Հան­­րա­­­պետու­­թեան։

Ան­­կա­­­խու­­թեան ձգտու­­մը շատ սուղ ար­­ժած է տէր­­սիմցի­­ներուն։ 1915-ի ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թեան նոյն բնոյ­­թով կրկնու­­թիւնն է 1938-ին այդ նա­­հան­­գի մէջ կա­­տարո­­ւած զի­­նուո­­րական գոր­­ծո­­­ղու­­թիւնը։ Հան­­րա­­­պետա­­կան իշ­­խա­­­նու­­թիւնը իբ­­րեւ թէ ապստամ­­բութիւն մը ճնշե­­լու պատ­­րո­­­ւակին տակ փոր­­ձեց այս իւ­­րա­­­յատուկ վայ­­րի բնակ­­չութիւ­­նը հնա­­զան­­դեցնել։ Զան­­գո­­­ւածա­­յին կո­­տորած­­նե­­­րուն յա­­ջոր­­դե­­­ցին պար­­տա­­­դիր տա­­րագ­­րութեան գոր­­ծադրու­­թիւններ։ Բազ­­մա­­­հազար ղը­­զըլ­­պաշ ալե­­ւիներ եւ հա­­յեր աք­­սո­­­րուե­­ցան դէ­­պի երկրի թրքաբ­­նակ տա­­րածքնե­­րը։

Հա­­զիւ վեր­­ջին տաս­­նա­­­մեակ­­նե­­­րուն է, որ Թուրքիոյ քա­­ղաքա­­կան մի­­ջավայ­­րին մէջ կա­­րելի եղաւ Տէր­­սի­­­մի ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թեան մա­­սին խօ­­սիլ։ Այդ կա­­րելիու­­թենէն օգ­­տո­­­ւեցան նաեւ տէր­­սի­­­մահա­­յերը, որոնք անցնող տա­­րինե­­րու ըն­­թացքին մոռ­­ցած էին մայ­­րե­­­նին, քրիս­­տո­­­նեայ հա­­ւատ­­քի յատ­­կա­­­նիշ­­նե­­­րը, հա­­յերէն ան­­ձա­­­նուննե­­րը եւ պա­­հած միայն մէկ յատ­­կա­­­նիշ, որն է իրենց հայ ծա­­գու­­մի մա­­սին հաս­­տատ հա­­ւատ­­քը։

«Հայ Տէր­­սիմ» պար­­բե­­­րակա­­նը իր առա­­ջին հա­­մարի նե­­րածա­­կանին մէջ կ՚ընդգծէ թէ հան­­դէ­­­սը նպա­­տակադ­­րած է հայ ինքնու­­թեան տե­­ղեակ տէր­­սիմցի­­ները իրա­­զեկ դարձնե­­լու իրենց ան­­ցեալէն։

Սեր­­քան Սա­­րըաթա­­շի խմբագրութեամբ լոյս տես­­նող պար­­բե­­­րակա­­նը կը հրա­­տարա­­կուի Տէր­­սի­­­մի հայ հար­­թա­­­կի կող­­մէ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ