Լիբանանեան ընտրութիւններ հարեւաններու լուծին տակ

Լիբանան իր բազ­­մակրօն եւ բա­­զազ­­գի բնակ­­չութիւ­­նով եր­­բեք չներ­­կա­­­յացուց ազ­­գա­­­յին պե­­տու­­թեան մը դի­­մագի­­ծը։ Որ­­պէս պե­­տակա­­նու­­թիւն ձե­­ւաւո­­րուե­­լուն յա­­ջոր­­դող տա­­րինե­­րուն երկրի այս բազ­­մազգի յատ­­կութիւ­­նը ու­­նե­­­ցած էր խիստ նպաս­­տա­­­ւոր հե­­տեւանքներ։ Երկրիէ ներս գո­­յացած էր բնակ­­չութեան հա­­մեմա­­տու­­թիւննե­­րը նկա­­տի առ­­նող վար­­չա­­­ձեւ մը, ըստ որու պե­­տական պաշ­­տօննե­­րը բա­­ժանո­­ւած էին դա­­ւանանքնե­­րու կամ ազ­­գութիւննե­­րու մի­­ջեւ։ Այս սկզբունքնե­­րու հա­­մաձայն նա­­խագա­­հը պի­­տի ըլ­­լար քրիս­­տո­­­նեայ մը, վար­­չա­­­պետը սիւննի մահ­­մե­­­տական եւ խորհրդա­­րանի նա­­խագահն ալ շի­­յա։ Սա­­կայն մի­­ջազ­­գա­­­յին դա­­ւադ­­րութեամբ հրահ­­րո­­­ւած քա­­ղաքա­­ցիական պա­­տերազ­­մէ ետք վերջ գտաւ գո­­յացած հա­­մերաշ­­խութիւ­­նը եւ Մի­­ջերկրա­­կանի Փա­­րիզը վե­­րածո­­ւեցաւ դժոխ­­քի։ Այդ կոր­­ծանման մէջ իրենց դե­­րակա­­տարու­­թիւնը ու­­նոեցան զա­­նազան գեր­­տէ­­­րու­­թիւններ եւ այ­­սօր Լի­­բանան հա­­սած է իր պատ­­մութեան ամե­­նադ­­ժո­­­ւար շրջան­­նե­­­րէն մէ­­կը ապ­­րե­­­լու։

Այս պայ­­մաննե­­րու մէջ է որ 15 Մա­­յիսին կա­­տարո­­ւեցաւ խորհրդա­­րանա­­կան ընտրու­­թիւննե­­րը եւ ճշդո­­ւեցաւ 128 պատ­­գա­­­մաւոր­­նե­­­րէ բաղ­­կա­­­ցող խորհրդա­­րանի նոր կազ­­մը։

Կաս­­կած չկայ որ այս կազ­­մը դար­­ձեալ պի­­տի հար­­կադրո­­ւի զա­­նազան դժո­­ւարու­­թիւննե­­րու լու­­ծումներ գտնե­­լու եւ այդ ընե­­լու ժա­­մանակ ալ ընդմիշտ պի­­տի ապ­­րի գլխա­­ւորու­­թեամբ Իս­­րա­­­յէլի եւ Իրա­­նի նման հա­­րեւան եր­­կիրնե­­րու իրենց քա­­ղաքա­­կան հա­­շիւ­­նե­­­րէ բխած ճնշումնե­­րը։ Նշենք որ ազ­­գութիւննե­­րու այս խառ­­նա­­­րանին մէջ տեղ­­ւոյն հա­­յու­­թիւնը եւս ու­­նի իրեն վե­­րապա­­հուած բա­­ժին եւ այդ բա­­ժինը կը դի­­մագ­­րա­­­ւուի հայ պատ­­գա­­­մաւոր­­նե­­­րու կող­­մէ։

Վեր­­ջին ընտրու­­թեան պար­­զած աղիւ­­սա­­­կին մէջ վեց հայ պատ­­գա­­­մաւոր­­ներ ալ մուտք գոր­­ծե­­­ցին Լի­­բանա­­նի խորհրդա­­րան։

Կի­­րակի առա­­ւօտեան ժա­­մը 7-ին, Լի­­բանա­­նի 15 ընտրաշրջան­­նե­­­րուն մէջ քո­ւէակեդ­­րոննե­­րը բա­­ցուե­­ցան, եւ ամ­­բողջ օրո­­ւան ըն­­թացքին լի­­բանան­­ցի­­­ները քո­­ւէար­­կե­­­ցին։

Ներ­­քին գոր­­ծոց նա­­խարա­­րու­­թիւնը երե­­կոյեան ժա­­մը 10ին յայ­­տա­­­րարեց, որ ընտրու­­թիւննե­­րուն մաս­­նակցու­­թեան հա­­մեմա­­տու­­թիւնը հա­­սած է 41.04 առ հա­­րիւ­­րի։

Մե­­ծաթիւ լի­­բանա­­նահա­­յեր եւս իրենց մաս­­նակցու­­թիւնը բե­­րին երես­­փո­­­խանա­­կան ընտրու­­թիւննե­­րուն եւ իրենց ձայ­­նը մե­­ծամաս­­նութեամբ տո­­ւին ՀՅԴի առա­­ջադ­­րած թեկ­­նա­­­ծու­­նե­­­րուն։

Ըստ նախ­­նա­­­կան եւ ոչ պաշ­­տօ­­­նական ար­­դիւնքնե­­րուն՝ ՀՅԴ-ի ցան­­կէն խորհրդա­­րանի ան­­դամ ընտրո­­ւած են՝ ՀՅԴ Լի­­բանա­­նի Կեդ­­րո­­­նական կո­­միտէի ներ­­կա­­­յացու­­ցիչ, երես­­փո­­­խան Յա­­կոբ Բագ­­րա­­­տու­­նի (Մեթն), Ճորճ Պու­­չի­­­քեան (Զահ­­լէ) եւ Յա­­կոբ Թեր­­զեան (Պէյ­­րութ)։

Խորհրդա­­րանի ան­­դամ ընտրո­­ւած են նաեւ Ժան Թա­­լու­­զեան (Պէյ­­րութ, ան­­կախ),

Ժի­­հատ Բագ­­րա­­­տու­­նի (Պէյ­­րութ, «Լի­­բանա­­նեան ու­­ժեր») եւ Փօ­­լա Եագու­­պեան (Պէյ­­րութ, ան­կախ)։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ