Պէշիկթաշլեանի շքանշանը արժանիին

ԻՇԽԱՆ ԷՐՏԻՆՉ

Պոլ­սա­հայ թա­տերա­կան կեան­քի նո­ւիրեալ գոր­ծիչնե­րէն Պօ­ղոս Չալ­կը­ճեան մե­ծարո­ւեցաւ Մկրտիչ Պէ­շիկ­թաշլեան շքան­շա­նով։ Թուրքիոյ Հայ Կա­թողի­կէ Հա­մայնքի նա­խաձեռ­նութեամբ կազ­մա­կեր­պո­ւած շքան­շա­նի տո­ւու­չութեան մի­ջոցա­ռու­մին ար­հիապա­տիւ Լե­ւոն Արք. Զէ­քիեանի շքան­շա­նը զե­տեղեց մե­ծարեալի լամ­բա­կին։ Տո­ւու­չութեան ներ­կայ գտնո­ւեցան նաեւ Արամ Արք. Աթէ­շեան, Պատ­րիար­քա­կան Փո­խանորդ Գրի­գոր Աւագ Քա­հանայ Տա­մատեան, Մշա­կոյ­թի Նա­խարա­րու­թեան Տե­ղակալ Ահ­մետ Մի­սպահ Տե­միր­ճան եւ հրա­ւիրեալ­նե­րու հոծ բազ­մութիւն մը։

Օրո­ւան հան­դի­սավա­րներն էին Թա­մար Ման­կա­սար եւ Նա­թալի Մի­նասեան։ Տու­չութեան առ­թիւ ելոյթ ու­նե­ցաւ Պէ­յօղ­լո­ւի նախ­կին քա­ղաքա­պետ եւ այժմ Մշա­կոյ­թի Նա­խարա­րու­թեան Տե­ղակալ Ահ­մետ Մի­սպահ Տե­միր­ճան։ Ան դրո­ւատեց Մկրտիչ Պէ­շիկ­թաշլեանի ար­դի հայ թատ­րո­նին մէջ ու­նե­ցած ներդրու­մը եւ յա­րատե­ւու­թիւն մաղ­թեց իր անու­նով շքան­շա­նի տո­ւու­չութեան հա­մար։

Մե­ծարեալին կեն­սագրու­թիւնը կար­ճա­մեթ­րաժ շար­ժանկա­րի մը ձե­ւաչա­փով ներ­կա­յացո­ւեցաւ հան­դի­սատե­սին։ Ապա ելոյթ ու­նե­ցաւ Պօ­ղոս Չալ­կը­ճեանի քոյ­րը, ինք եւս միու­թե­նական թատ­րո­նի ուխտա­ւոր Պեր­ճուհի Պէր­պէ­րեան։

Պեր­ճուհի Պէր­պէ­րեան սրտա­խօսիկ նա­խադա­սու­թիւննե­րով բնու­թագրեց իր կրտսեր եղ­բօր հան­դէպ տա­ծած հո­գատա­րու­թիւնը, այդ զգա­ցու­մը վե­րագ­րե­լով մայ­րա­կան գուրգու­րանքի։

Ելոյ­թով մը հան­դէս եկաւ նաեւ «Քոչ» Հա­մալ­սա­րանի բաղ­դա­տական գրա­կանու­թեան դա­սախօս Տոք­թող Մեհ­մէտ Ֆա­թիհ Ուսլու։ Ան Պատ­մեց Պօ­ղոս Չալ­կը­ճեանի հետ Ֆը­րաթ Կիւլլի­ւի մի­ջոցաւ ծա­նօթա­նալու ոդի­սակա­նը։ Տոք­թոր Ուսլու նշեց թէ 2010-էն սկսեալ Օս­մա­նեան Կայսրու­թեան շրջա­նին հայ­կա­կան թատ­րո­նի հետ հե­տաքրքիր շրջա­նակ մը գո­յացած է։ Այդ շրջա­նակը իր գի­տելիք­նե­րով զար­գացնե­լու գոր­ծին մէջ ան­փո­խարի­նելի է Պօ­ղոս Չալ­կը­ճեանի վաս­տա­կը։ «Պօ­ղոս Չալ­կը­ճեան հայ թատ­րո­նի մեծ աւան­դութեան կեն­դա­նի յու­շարձանն է։ Այս հո­ղերը մեծ կա­րիքը ու­նին նման գոր­ծիչնե­րու»։

Ար­տա­յայ­տո­ւեցաւ նաեւ ան­ցեալին Պօ­ղոս Չալ­կը­ճեանի հետ թա­տերա­կան աշ­խա­տու­թիւններ տա­րած եւ Կեդ­րո­նական Վար­ժա­րանի Սա­ներու Միու­թեան վար­չութեան մէջ աշ­խա­տակ­ցած Մու­րատ Ճա­ւաք։ Ճա­ւաք իր ան­հա­տական փոր­ձա­ռու­թե­նէն մեկ­նե­լով վկա­յեց թէ Չալ­կը­ճեան բազ­մա­թիւ երի­տասարդնե­րու նե­րառած է թատ­րո­նի եւ բե­մի հան­դէպ սէր եւ գի­տու­թիւն։ Ապա բեմ բարձրա­ցաւ Վի­յանա­յէն ժա­մանած դու­դուկա­հար Արամ Իփեք­ճիեան եւ թմբկա­հար Պու­րակ Մես­րո­պեանի ըն­կե­րակ­ցութեամբ ներ­կա­յացուց գողտրիկ ունկնդրու­թիւն մը։

Պո­ղազի­չի Հա­մալ­սա­րանի բե­մական արո­ւեստնե­րու բաժ­նի գոր­ծիչ Ֆը­րաթ Կիւլլիւ եւս անդրա­դար­ձաւ մե­ծարեալին ու­սա­նող­նե­րու, հե­տազօ­տող­նե­րու, պաշ­տօ­նակից­նե­րու եւ ըն­կերնե­րու հետ մշա­կած մտե­րիմ յար­բե­րու­թիւննե­րուն։ Ան այս առ­թիւ գնա­հատեց Հրանդ Տինք Հիմ­նարկի եւ Թատ­րո­նի Հիմ­նարկի հա­մատեղ ջան­քե­րով իրա­կանա­ցած Յակոբ Այվազ ցու­ցա­հան­դէ­սի հա­մար անոր բե­րած մաս­նակցու­թեան։ Ապա ելոյթ ու­նե­ցաւ Նէ­սիմ Օգա­տիա Իս­րա­յէլ, որ յղա­ցած էր Մկրտիչ Պէ­շիկ­թաշլեան շքան­շա­նը այս տա­րի Պօ­ղոս Չալ­կը­ճեանի նո­ւիրե­լու գա­ղափա­րը։

Խմբա­վար Յա­կոբ Մա­միկո­նեանի մա­կանին ներ­քեւ Լու­սա­ւորիչ Երգչա­խումբը Կո­միտաս Վար­դա­պետի, Բար­սէղ Կա­նաչեանի եւ Քրիս­տա­փոր Գա­րամուրզա­յի գոր­ծե­րէն բաղ­կա­ցող հա­մառօտ հա­մերգ մը սար­քեց։

Գե­րապայ­ծառ Զէ­քիեան շքան­շա­նի տո­ւու­չութեան պա­հուն շեշ­տեց թէ Մկրտիչ Պէ­շիկ­թաշլեանի շքան­շա­նով կը պար­գե­ւատ­րո­ւին ոչ միայն հայ մշա­կոյ­թի ծա­ռայող­նե­րը, այլ երկրին մշա­կոյ­թին ալ կա­րեւոր ներդրում բե­րող­նե­րը։

Մի­ջոցա­ռու­մը աւար­տին հա­սաւ Պօ­ղոս Չալ­կը­ճեանի երախ­տի­քի խօսքերով։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ